ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ներ­կա­յիս լոյս ըն­ծա­յած է «Մեծ պա­հոց կի­րա­կի­նե­րու ոս­կի շղթան» խո­րագ­րեալ գիր­քը, ո­րու հե­ղի­նակն է Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան։ Հրա­տա­րակ­չու­թեան բաժ­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­տո­րի խմբա­գի­րը ե­ղած է Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան, որ գրի ա­ռած է նաեւ յա­ռա­ջա­բան մը։ Գլուխ առ գլուխ գիր­քին մէջ բա­ցատ­րուած են պահ­քը, Մեծ պահ­քը, Ս. Գրքի մէջ ծա­նօթ պա­հե­ցող­նե­րը, պահ­քի նպա­­տա­կը, այ­սօ­րուան պահ­քը ե­ւայլն։ Բաց աս­տի, ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է Մեծ պա­հոց շրջա­նի իւ­րա­քան­չիւր Կի­րա­կիին, հա­մա­պա­տաս­խան սուրբ գրա­կան հա­տուա­ծին եւ շա­րա­կա­նին։ 

Գիր­քը հրա­տա­րա­կուած է մե­կե­նա­սու­թեամբ մեր ազ­գա­յին­նե­րէն Ազ­մի Էօ­ղէ­րի, իսկ կող­քի ձե­ւա­ւո­րու­մը կա­տա­րուած է Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լուի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015