ՎԻԹԽԱՐԻ ՎՆԱՍՆԵՐ
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
«Այս տարի եղած բնական աղէտը առաջինն էր Լուիզիանա նահանգի պատմութեան մէջ» «Արեւելք»ին յայտնեց Վազգէն Գալթաքճեան: «Քաղաքին մէջ կան ութ գետեր, որոնք Միսիսիփիին մէջ չեն թափիր եւ անոնք՝ երեքուկէս օր շարունակուող տեղատարափ անձրեւներու հետեւանքով միասին յորդեցան եւ ջուրը խուժեց քաղաք», ըսաւ ան: Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի մայրաքաղաքը՝ Պաթոն Ռուժի շրջակայքը գտնուող գիւղաքաղաքները վնասուած են, ի մասնաւորի երկու գիւղաքաղաքներ, որոնց 90 առ հարիւրը մնացած է ջուրի տակ: Գալթաքճեան նշեց, որ կառավարութեան տուեալներուն համաձայն՝ 45 հազար տուներ եւ 20-25 հազար գործատեղիներ ընկղմած են ջուրերուն մէջ:
«Եղածը աննախադէպ էր, հակառակ անոր, որ պետական մարմիններ նախատեսած էին գետին յորդիլը, բայց ոչ այսքան ահաւոր: Ոչ ոք պատրաստ էր այս աղէտին: 13 զոհեր եղան, որովհետեւ շատեր իրենց տուներէն հեռացան, իսկ մնացեալները փրկուեցան շտապ օգնութեան մարմիններու ճիգերով», ըսաւ Գալթաքճեան:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ այդ շրջանին մէջ կ՚ապրին քառասուն հայ ընտանիքներ, որոնցմէ չորս ընտանիքներու տուները ջուրով լեցուեցան, որովհետեւ իրենց տուները աւելի ցած մակերեսի վրայ կը գտնուէին: Այս ընտանիքները՝ իրենց ստացուածքը ամբողջովին կորսնցուցին ու ապաստանեցան այլ հայրենակիցներու մօտ: Անոնցմէ մին էր Խաչիկ Մութաֆեան, որ մէկուկէս օր իր տան երկրորդ յարկը պատսպարուելէ ետք զին-ւորներու ճիգերով փրկուած է: Ան ներկայիս կը բնակի իր հօրենական տան մէջ, մինչեւ որ իր բնակարանի վերանորոգումը աւարտի:
Պաթոն Ռուժի մէջ կան զանազան գոյնի բնակիչներ, ինչպէս նաեւ հայեր, որոնց ընդհանուր թիւը մօտաւորապէս կը կազմէ 130 հոգի: Տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ջանքերով նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւններ տրամադրուած են տուժած ընտանիքներուն:
Գալթաքճեան յիշեցուց նաեւ, որ Ազգային Առաջնորդարանի միջոցաւ դրամահաւաք պիտի յայտարարուի Արեւելեան Թեմի եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի աղէտեալ այս ընտանիքները նախնական օժանդակութիւններ ստանան, մինչեւ կառավարութեան կողմէ կատարուելիք փոխհատուցումները: «Կառավարութիւնը նոր միջոցներու մասին կը մտածէ խուսափելու համար նման պատտահարներէ: Ճիշդ է, որ ահաւոր վնասներ կրեցին մեր ընտանիքները, բայց բարեբախտաբար մարդկային կորուստներ չունեցանք: Հայ ժողովուրդի զաւակները միշտ իրարու կ՚օգնեն ճգնաժամային պահերուն: Բոլորը միասին ձեռք ձեռքի տուած տուներուն մէջ լեցուած աղբերը մաքրած են արդէն եւ կը սպասեն պատերու չորացման, որպէսզի ընտանիքները տեղափոխուին իրենց տուները», եզրափակեց Վազգէն Գալթաքճեան:
Միւս կողմէ, Օգոստոսի 13-ին Պաթոն Ռուժը հարուածած աղէտը պատճառ դարձած էր նիւթական մեծ վնասներու եւ քաղաքին մէջ եղած վնասները կը գնահատուին 47 միլիոն ամերիկեան տոլարով: