ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ՈՒ ՆՈՐ ԱՆՈՒՆ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովը, որու աւարտին Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց իր հրաժարականին մասին։ Այս առթիւ ան ըսաւ, թէ երկրի հասարակութիւնը տակաւին կը մնայ բեւեռացած, ուստի պէտք են նոր մօտեցումներ։ «Իմ ամբողջ քաղաքական կենսագրութեան ընթացքին ես պայքարած են քաղաքական անջրպետներու դէմ՝ աշխատելով համագործակցութեան կամուրջներու կայացման համար», աւելցուց ան։
Աբրահամեանի հրաժարականէն վերջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գերագոյն մարմնի նիստը։ Ինչպէս արդէն միջոցէ մը ի վեր կ՚ակնկալուէր, որոշուեցաւ վարչապետի պաշտօնին համար թեկնածու առաջադրել Կարէն Կարապետեանը։ Այս վերջինը քանի մը տարի առաջ կարճ շրջան մը եղած էր Երեւանի քաղաքապետ։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականը։ Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով, տասն օրուան ընթացքին Սերժ Սարգսեան պէտք է նշանակէ նոր վարչապետը։ Աբրահամեանի հրաժարականին զուգահեռ՝ Նախարարաց խորհուրդի բոլոր անդամները պաշտօնակատարի կարգավիճակով իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն մինչեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորուիլը։
Հայաստանի Հանրապետութեան կուսակցութեան գերագոյն մարմնի երէկուան ժողովին նախագահեց Սերժ Սարգսեան։ Նիստէն վերջ կուսակցութեան փոխ-նախագահներէն Արմէն Աշոտեան յայտարարեց, որ լուրջ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան երկրի կառավարման համակարգէն ներս։