ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՃԵՂՔԵԼ ՍԻՒՆՆԻ «ՀԻՄՆԱԿԱՆ» ՃԱԿԱՏԸ

Մինչ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա-Ի­րան սրա­ցու­մը կը շա­րու­նա­կէ մագլ­ցում ար­ձա­նագ­րել, Չեչ­ե­նիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Կրոզ­նիի մէջ 2 Սեպ­տեմ­բե­րին բա­ցու­մը կը կա­տա­րուէր «Ո՞վ է սիւն­նի իս­լա­մ» խո­րագ­րով ժո­ղո­վի մը, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ան­նա­խըն­թաց էր իր տե­սա­կին մէջ: Պէտք է հա­շուի առ­նել, որ իս­լա­մա­կան եր­կու հա­մայն­քե­րու հիմ­նա­կան կեդ­րոն­նե­րը հա­մա­րուող Ռիա­տի եւ Թեհ­րա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը յա­ւե­լեալ սրա­ցում գրան­ցե­ցին տա­րի մը ա­ռաջ իս­լա­մա­կան «Ալ Ատ­հա» (Քուր­պան պայ­րա­մը) տօ­նին առ­թիւ ե­ղած ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ա­տեն տե­ղի ու­նե­ցած մեծ պա­տա­հա­րին հե­տե­ւան­քով, երբ 24 Սեպ­տեմ­բեր 2015 թուա­կա­նին իս­լա­մա­կան սուրբ քա­ղա­քը՝ Մեք­քէն Ա­րա­ֆաթ լե­րան կա­պող «Ալ Մուն­նա» շրջա­նին մէջ հա­զա­րա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու անզ­գու­շու­թեան հե­տե­ւան­քով ե­ղած հրմտուշ­քը պատ­ճառ կը դառ­նար մա­հուան 700-է ա­ւե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու մա­հուան, ո­րոնց մե­ծա­գոյն տո­կո­սը ի­րան­ցի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ էին: Անց­նող օ­րե­րուն Ի­րա­նի իս­լա­մա­կան հան­րա­պե­տու­թեան գլխա­ւոր հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­յէ­թուլ­լահ Ա­լի Խա­մա­նէ­յ իր խօս­քը այդ ծանր դէպ­քին ըն­թաց­քին զո­հուած­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րուն ուղ­ղե­լով՝ դի­տել կու տար, որ ե­ղա­ծին հիմ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ու­թիւ­նը կը կրեն Սէու­տա­կան Թա­գա­ւո­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ու կը յայտ­նէր, որ իս­լամ­նե­րուն հա­մար «սուրբ քա­ղա­ք» հա­մա­րուող Մեք­քէ եւ Մե­տի­նէ քա­ղաք­նե­րու տնօ­րի­նու­մը պէտք է յանձ­նուի նո­րաս­տեղծ խոր­հուր­դի մը, ո­րուն հիմ­նա­կան գոր­ծը պի­տի ըլ­լայ ճիշդ կազ­մա­կեր­պել իս­լամ ուխ­տա­ւոր­նե­րու ա­պա­հով տե­ղա­շար­ժը բո­լոր ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին:

Վե­րա­դառ­նա­լով Կրոզ­նիի ժո­ղո­վին՝ պէտք է նշել, այդ ժո­ղո­վին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէին ա­ւե­լի քան հա­զար սիւն­նի կրօ­նա­ւոր­ներ, ո­րոնք Կրոզ­նի կը ժա­մա­նէին յա­տուկ այս ա­ռի­թին հա­մար եւ ո­րոնց հա­մար հիմ­նա­կան նպա­տակ դրուած էր քննար­կել հա­մաիս­լա­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կը եւ դա­տա­պար­տել  սիւ­նիի աշ­խար­հին մէջ աճ ար­ձա­նագ­րած ծայ­րա­յե­ղա­կան բո­լոր շար­ժում­նե­րը:

Բնա­կան էր նաեւ, որ Ռիատ ա­րագ անդ­րա­դար­ձով մը ծանր մե­ղադ­րանք­ներ պի­տի հնչեց­նէր այս ժո­ղո­վի մաս­նակ­ցի­նե­րուն դէմ ու սէուտ­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի բարձ­րաս­տի­ճան կրօ­նա­կան գոր­ծիչ­ներ ժո­ղո­վը կը հա­մա­րէին ռու­սա­կան ձե­ռա­գիր կրող «վտան­գա­ւո­ր» հան­դի­պում մը:

Ըստ Ռիա­տի մօ­տիկ հա­մա­րուող դէ­տե­րուն, Մոս­կուա այս նոր խա­ղա­քար­տով պի­տի փոր­ձէր նոր լե­զուով խօ­սիլ Ռիա­տի հետ, ցոյց տա­լով սիւն­նի­նե­րու մօտ իր ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թեան խոր­քը եւ ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը:

Այս բո­լո­րին իբ­րեւ հիմ­նա­կան ա­պա­ցոյց յա­ռաջ կը քշուի այն վար­կա­ծը, որ Կրոզ­նիի ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած էր «Թա­պա» կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ, որ կը հո­վա­նա­ւո­րուի Ռիա­տի հա­մար «Փեր­սո­նա նոն կրա­թա» հա­մա­րուող Չե­չե­նիոյ Նա­խա­գահ՝ Ռամ­զան Քա­տի­րո­վին կող­մէ։ Ռիա­տի մօ­տիկ հա­մարուող կրօ­նա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հա­մար ալ Կրոզ­նիի ժո­ղո­վը դա­ւադ­րու­թիւն էր ուղ­ղուած՝ իս­լա­մե­րուն ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ: Բա­ցի աս­կէ ե­րե­ւե­լի էր նաեւ, որ վեր­ջին շրջա­նին յատ­կա­պէս Ան­գա­րա-Մոս­կուա մեր­ձե­ցու­մէն ետք Մոս­կուա վճռած է ա­մէն գնով կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ ուղ­ար­կել Ռիա­տին: Այս պատ­գամ­նե­րը ան­շուշտ կը կա­տար-ւին Ռիատ-Մոս­կուա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վեր­ջին ա­միս­նե­րուն տի­րող սառ­նու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ: Յստակ է նաեւ, որ բա­ցի Կրոզ­նիի կրօ­նա­կան այս նոր մար­տահ­րա­ւէ­րէն, ռու­սա­կան կող­մը ծանր օ­ղա­կի տակ ա­ռած է բո­լոր այն խբա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք կը գոր­ծեն Ռիա­տի ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի նե­ցու­կով եւ ազ­դե­ցու­թեամբ: Մոս­կուա­յի «Բաժ­նէ, որ­պէս­զի տի­րե­ս­»ի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կա­րե­ւոր մէկ պատ­կե­րը ե­րե­ւե­լի կը դառ­նայ յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի մէջ, ուր եր­կու սիւն­նի «Ժընտ ալ քուտս» եւ «Ժայշ ալ ֆաթհ» անս­պա­սե­լիօ­րէն ի­րա­րու դէմ կը պա­տե­րազ­մին, մինչ­դեռ ա­միս մը ա­ռաջ այդ խմբա­ւո­րում­նե­րը կը ներ­կա­յա­նա­յին որ­պէս մէկ ճա­կա­տի հիմ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Այս բո­լո­րին զու­գա­հեռ յստակ է նաեւ, որ Մոս­կուա կա­րե­ւոր դեր մը վստա­հած է Գա­հի­րէին: Այս­պէս, սիւ­նիի աշ­խար­հի ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր կրօ­նա­կան կեդ­րո­նի՝ «Ալ Ազ­հա­ր­»ի կրօ­նա­պե­տին՝ Շէյխ Ահ­մատ Ալ Թա­յէ­պի Կրոզ­նիի ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պէտք է հա­մա­րել սիւն­նի աշ­խար­հին մէջ կա­րե­ւոր պա­ռակ­տում ստեղ­ծե­լու մի­տող քայլ մը, որ կը կա­տա­րուի Մոս­կուա­յի «թե­լադ­րան­ք­»ով:

Այս­պէս նա­խա­գահ­ներ Ապ­տըլ Ֆա­թահ Ալ Սի­սի-Վլա­տի­միր Փու­թին բա­ւա­կան սերտ կա­պե­րէն զատ շատ հա­ւա­կան է, որ Ե­գիպ­տո­սին վե­րա­պա­հուի սիւն­նի աշ­խար­հին մէջ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը ու­նե­նա­լու «պար­տա­կա­նու­թիւ­ն­»ը: Ու հա­ւա­նա­կան է նաեւ, որ այս օ­ղա­կի յա­ւե­լեալ աշ­խու­ժաց­ման հաար Մոս­կուա նոյն­պէս «վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ» Գա­հի­րէ-Ան­գա­րա եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր գրե­թէ խզուած կա­պե­րը: Ե­թէ այդ գրա­ւը յա­ջո­ղի, ա­պա յստակ պի­տի դառ­նայ, որ Մոս­կուա իր ան­մի­ջա­կան ազ­դե­ցու­թեան տակ պի­տի առ­նէ սիւն­նի աշ­խար­հի գրե­թէ բո­լոր ու­ժե­րը կա­րե­ւո­րա­գոյն դե­րեր տա­լով Թուր­քիոյ եւ Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գահ­նե­րուն:

Յստակ է նաեւ, որ Մոս­կուա­յի ան­մի­ջա­կան ճի­գե­րով ստեղ­ծուած այս նոր ճա­կա­տին՝ Կրոզ­նիի դէմ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա եւ ա­նոր «ար­բա­նեա­կ» հա­մա­րուող Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րը ձեռ­նա­ծալ պի­տի չմնան: Բայց ցարդ յստակ չէ, թէ ի՛նչ տե­սա­կի հա­կազ­դե­ցու­թիւն կրնան ու­նե­նալ սիւ­ննի «հիմ­նա­կա­ն» միւս թե­ւը հա­մա­րուող այս եր­կիր­նե­րը, մա­նա­ւանդ, որ Ռիա­տի հա­մար ան­փո­խա­րի­նե­լի հռչա­կուած Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այս հանգ­րուա­նին մտած է նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան «ճա­հի­ճ»ի մը մէջ, ո­րուն ա­ւար­տով միայն Ուա­շինկ­թըն պի­տի կա­րո­ղա­նայ իր դե­րը վե­րամ­շա­կել եւ խոր­հուրդ­ներ տալ իր վա­ղե­մի սիւն­նի դաշ­նա­կից­նե­րուն:

Մէկ բան յստակ է, որ Մոս­կուա ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ գոր­ծի սկսած է դնել նոր զէնք մը, ո­րուն հիմ­նա­կան եւ ա­ռաջ­նա­յին խնդիրն է տարտղ­նել սիւննի աշ­խար­հի միաս­նու­թիւ­նը եւ ծանր հա­րուած­ներ տալ սիւն­նե­րու հա­մար ո­րո­շիչ հա­մա­րուող կրօ­նա­կան «նուի­րա­կա­նա­ցա­ծ» ո­րո­շու­մի մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն:

Այս­տեղ է, որ կը ծա­գի հիմ­նա­կան հար­ցարդ­րու­մը, որ ար­դեօք Մոս­կուա փա­կա՞ծ է երկ­խօ­սու­թեան բո­լոր դռնե­րը Ռիա­տի հետ: Կամ թէ նման քայ­լով մը կը փոր­ձէ հեռ­ան­կա­րա­յին «ֆորս մա­ժէօր» մը ստեղ­ծե­լով «ուշ­քի բե­րե­լ» Ռիա­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք անց­նող հինգ ամ­սի­նե­րուն ե­րե­ւե­լի նա­հանջ կ­­՚ապ­րին ոչ միայն Սու­րիոյ, այլ մաս­նա­ւո­րա­պէս թա­գա­ւո­րու­թեան «քի­թին տա­կ» ե­ղող Եէ­մէ­նի մէջ:

Իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի մէջ առ­կայ լարուա­ծու­թիւ­նը, որ մին­չեւ հինգ տա­րի ա­ռաջ տե­ղի կ՚ու­նե­նար բա­ւա­կան «խորհր­դա­ւո­ր» պայ­ման­նե­րու տակ, այ­սօր կը կա­տա­րուի բա­ցա­յայտ կեր­պով: Թեհ­րան եւ Ռիատ, որ մինչ այդ «կը գո­հա­նա­յի­ն» ի­րա­րու յա­ճա­խ խստաոճ պատ­գամ­ներ ուղ­ղե­լով, այ­սօր ան­ցած են նոր ձե­ւա­չա­փի մը՝ ստեղ­ծե­լով հա­կա­մար­տու­թեան տաք օ­ճախ­ներ: Այդ օ­ճախ­նե­րուն ա­մե­նէն «տա­ք­»ը կը հա­մարուի Եէ­մէ­նը, ուր Թեհ­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ա­ջակ­ցու­թի­ւը վա­յե­լող շիի հու­սի­նե­րը եր­կու տա­րի ա­ռաջ Եէ­մէ­նի մէջ սկիզբ ա­ռած զի­նուո­րա­կան հա­կա­մար­տու­թե­նէն ետք կը շա­րու­նա­կեն մնալ թե­լադ­րող ուժ: Ա­ւե­լի՛ն. ռու­սա­կան գե­րար­դիա­կան հրթիռ­ներ ու­նե­ցող այդ ու­ժե­րը «բաց պատ­գամ­նե­ր» կը յղեն Ռիա­տի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ եւ յա­ճա­խա­կի կեր­պով կը հա­րուա­ծեն Եէ­մէ­նի սահ­մա­նին մերձ գտնուող Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հա­տուած­նե­րը: Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ յստակ կը դառ­նայ, որ հա­կա­ռակ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին մէջ իր ու­նե­ցած կշի­ռին՝ Ռիատ ի­րա­նեան քար­տե­րուն առ­ջեւ կը նա­հան­ջէ:

Նա­հանջ կայ նաեւ Սու­րիոյ մէջ, ուր սիւն­նի ու­ժեր, ո­րոնք կը հո­վա­նա­ւո­րուին Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եւ Ռիա­տի կող­մէ, կը նա­հան­ջեն Սու­րիոյ պա­տե­րա­զա­մա­կան տար­բեր ճա­կատ­նե­րու վրայ:

Կայ նաեւ Լի­բա­նա­նի հա­կա­մար­տու­թեան «օ­ճա­խ­»ը, ուր եր­կու հա­կա­դիր կո­ղմե­րը բա­ւա­կան դժուար ու «թան­կ» մի­ջոց­նե­րով կը շա­րու­նա­կեն պահ­պա­նել ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը, ա­մէն գնով խան­գա­րե­լով կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն «ձեռ­նա­սու»ն հա­մա­րուող նա­խա­գա­հա­կան ա­թո­ռի թեկ­նա­ծուի մը յա­ջո­ղու­թիւ­նը։

Այս բո­լո­րը ան­շուշտ սիւն­նի-շիի հա­կա­մար­տու­թեան ե­րե­ւե­լի օ­ճախ­ներն են: Կան նաեւ Ի­րա­քի, Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եւ այլ տա­րածք­նե­րու մէջ ըն­թա­ցող բա­ւա­կան «լու­ռ» հա­կա­մար­տու­թեան «օ­ճախ»­ներ, ո­րոնք ո­րե­ւէ պա­հու կրնան նոր ըն­թացք ստա­նալ եւ շրջա­նը դնել նոր ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն­նե­րու դի­մաց:

Այս բո­լո­րէն բա­ցի յստակ է նաեւ, որ նե­րիս­լա­մա­կան այս լա­րուա­ծու­թեան հիմ­նա­կան բա­նա­լի­նե­րը կը գտնուին Սպի­տակ տան մօտ, ո­րուն յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին ընտ­րուե­լիք նոր ա­ռաջ­նոր­դը այս ա­ռու­մով եւս կո­չուած է պա­տաս­խա­նաե­լու շրջա­նին հա­մար բա­ւա­կան բարդ հար­ցադ­րում­նե­րու:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016