ԷՐՏՈՂԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԿԸ ՄԵԿՆԻ
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վաղը պիտի մեկնի Նիւ Եորք՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի աշխատանքներու բացման։ Իր ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբերի 26-ը եւ այդ ընթացքին ան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ։ Նախատեսուած են նաեւ իր երկկողմանի հանդիպումները աշխարհի շարք մը երկիրներու ղեկավարներուն հետ։
Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ պիտի մասնակցի գաղթականաց հարցին վերաբերեալ նախատեսուած յատուկ գագաթաժողովի մը։ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի գլխաւորութեամբ այդ հաւաքոյթի համահիւրընկալներն են՝ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Գանատա, Գերմանիա, Շուէտ, Էթիոփիա, Մեքսիկա եւ Յորդանան։
«Տեւական զարգացման նպատակներ. մեր աշխարհը փոխելու համար համաշխարհային ոստում» խորագրեալ ծրագրին եւ 2030-ի զարգացման օրակարգի ընդունման առաջին տարեդարձին եւս մասնակցութիւն պիտի բերէ Էրտողան։
Բացի այս բոլորէն, Էրտողան կը տեսակցի ամերիկեան գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներուն, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի թրքական եւ մահմետական հաւաքականութիւններէն դէմքերու հետ։