«ՊՈԼՍԱՀԱՅԵՐԸ (1923-1939)»
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Արմաւենի Միրօղլուի գրքին շնորհանդէսը։ Մարդաշատ էր կաճառի դահլիճը, ուր հաւաքուած էին Պատմութեան կաճառի գիտաշխատողներ, այլ գիտական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, արեւմտահայոց կեանքով հետաքրքրուող եւ զբաղուող գիտաշխատողներ: Առիթը պոլսահայ վաստակաւոր կրթական մշակ ու գիտնական Տքթ. Արմաւենի Միրօղլուի՝ նոյն կաճառէն ներս երկար տարիներու արդիւնքին պատրաստած եւ վերջերս Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեան մատենաշարով լոյս տեսած «Պոլսահայերը (1923-1939)» գիրքի շնորհանդէսն էր:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն Տքթ. Աշոտ Մելքոնեան, որ ողջունելով ներկաները, ըսաւ, թէ Հայաստանի անկախութեան ձեռքբերումէն ետք շատ սերտ կապեր հաստատուած են դուրսի հայկական բոլոր համայնքներու հետ, այդ կարգին նաեւ Պոլսոյ հետ, որ փակ գօտի մըն էր Հայաստանի համար: Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ բացի պարզ կապերէն, Պոլսէն նաեւ յետհամալսարանական բարձր ուսումի եւ գիտական ուսումնասիրութիւններու համար դիմած են Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա, որոնցմէ մէկն ալ Արմաւենի Միրօղլուն է։ Ան քննութեան տակ առած է Պոլսոյ հայութեան՝ Եղեռնէն յետոյ ժամանակաշրջանը, որ, ըստ Աշոտ Մելքոնեանի, հայաստանեան գիտական աշխարհին մէջ ուսումնասիրուած չէր եւ ան լաւագոյնս ներկայացուած է Արմաւենի Միրօղլուի գիրքին մէջ:
Ան կարեւորեց մանաւանդ գիրքի առանձին բաժիններ, մասնաւորապէս «Լքեալ գոյք»ի բաժինը, ուր հեղինակը մանրամասն ներկայացուցած է յետեղեռնեան լքեալ գոյքի խնդիրը:
Աշոտ Մելքոնեան «Պոլսահայերը (1923-1939)» գիրքը մեծ ձեռքբերում նկատեց մանաւանդ գիտաքաղաքական առումով, յոյս յայտնելով, որ Պատմութեան կաճառի եւ Արմաւենի Միրօղլուի համագործակցութիւնը շարունակութիւն կ՚ունենայ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամ, Հայ պարբերական մամուլի պատմութեան բաժնի վարիչ Ալպերթ Խառատեան, որ նաեւ խմբագիրն է Արմաւենի Միրօղլուի գիրքին, ըսաւ, որ պոլսահայերու մասին շատ գրուած է, բայց ատոնք որոշակի շրջանի մը վրայ կանգ կ՚առնէին, լաւագոյն պարագային կը հասնէին մինչեւ զինադադարի եւ ատոր հետեւած 1918 թուականը, իսկ ատկէ ետք թէ պոլսահայ համայնքը ինչպիսի՛ կացութեան մէջ եղած է, ինչպիսի՛ մշակութային, տնտեսական, հասարակական հանրային գործունէութիւն ունեցած է, այդ ամէնը կ՚երեւի գիրքին մէջ՝ գիտական կարեւոր լրջութեամբ: Ալպերթ Խառատեան նշեց նաեւ, որ գիրքը գրուած է մեծ հայրենասիրութեամբ:
«Գիրքին մէջ կ՚երեւի, որ հակառակ դժուարութիւններուն եւ կնճռոտ հարցերուն, պոլսահայութիւնը պահպանած է իր ազգային դէմքը, եւ յուսադրիչ է այն առումով, որ այսօր ալ պոլսահայութիւնը կը շարունակէ իր հայկական աւանդոյթները, կեանքը», ըսաւ Ալպերթ Խառատեան, նշելով, որ գիրքը խթան կը հանդիսանայ հետագային՝ բոլոր ուսումնասիրողներու համար, կրկին անդրադառնալու պոլսահայութեան կեանքին: «Իսկ այդ պարտականութիւնը, կը կարծեմ, որ առաջինը Արմաւենի Միրօղլուի ուսերուն դրուած է, որովհետեւ ինք ունի առաքելութիւն մը, զոր արդէն պատուով կատարած է», ըսաւ Ալպերթ Խառատեան: Ան յատուկ անդրադարձաւ գիրքի լեզուին, նշե-լով, որ գիրքը գրուած է գեղեցիկ արեւմտահայերէնով, եւ միայն գիտական ընթերցանութեան նիւթ չէ, այլ ուղղուած է հայ ընթերցողին առհասարակ:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Սարգիս Հացպանեան, Յասմիկ Ստեփանեան, պատմաբան Էտուարտ Մելքոնեան, համալսարանի ուսանող մը, լիբանանահայ մտաւորական, հրապարակախօս Ժիրայր Դանիէլեան, որ կարեւորեց մանաւանդ հարուստ աղբիւրներու գործածումը՝ գիրքը պատրաստելու ընթացքին:
Պատմական գիտութիւններու տոքթոր Յասմիկ Ստեփանեան խօսքին մէջ նշեց, որ պոլսահայութեան խնդիրներով զբաղող գիտնականները տագնապի մէջ էին, քանի որ այն տպաւորութիւնը կար, թէ պոլսահայութեան պատմագրութիւնը հոգեվարք կ՚ապրի: «Ի հարկէ, կային ուսումնասիրութիւններ, բայց մեծ մասը աւելի լաւ է հրատարակուած չըլլային, քանի որ խոտանի կը նմանէին: Այս առումով Արմաւենի Միրօղլուի ուսումնասիրութիւնը չափազանց կարեւոր էր եւ պէտք է մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք Պատմութեան հիմնարկին, որ գրկաբաց ընդունեց այսպիսի գիտնական մը», ըսաւ Յասմիկ Ստեփանեան: Ըստ անոր, գիրքը արժէքաւոր է նաեւ այն առուով, որ գրուած է պոլսահայու մը կողմէ, որ կը տիրապետէ թրքերէնի եւ նաեւ ան կրցած է ոչ միայն աղբիւրներ գտնել, այլ նաեւ՝ համադրել զանոնք:
Ձեռնարկի աւարտին ելոյթ ունեցաւ Արմաւենի Միրօղլու։ Ան սկիզբէն ըսաւ, որ գիրքը յիշատակի տուրք է իր հօր այն ապրումներուն, որ ան ունեցած է հայրենիքի հանդէպ, բայց մինչեւ կեանքի վերջ չէ կրցած իրականացնել, ահաւասիկ ինք այս աշխատասիրութեամբ ձեւով մը անոր փափաքը իրականացուցած է: «Որքան պիտի հպարտանար ան, երբ լսէր, թէ իմ ազգակիցները երբեք չզլացան իրենց օգնութիւնն ու աջակցութիւնը, որպէսզի ես կատարելապէս վերջացնեմ, աւարտին հասցնեմ Պոլսոյ Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի՝ ինծի թելադրած պարտականութիւնը», ըսաւ Արմաւենի Միրօղլու:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ գիրքը հրատարակուած է եւ մինչ հրատարակութիւնն ալ, բաւական աշխատանք կատարուած է, որուն ժամանակ ինք զգացած է հայրենի մասնագէտներու օժանդակութիւնը:
Աւարտին յոյս յայտնուեցաւ, որ գիրքը թարգմանուի նաեւ թրքերէնի եւ հայերէն գիրքի շնորհանդէսը նաեւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունենայ: Վերջին առաջարկի առումով Արմաւենի Միրօղլու նշեց, որ Պոլսոյ մէջ արդէն յառաջիկայ ամիս տեղի պիտի ունենայ գիրքին շնորհանդէսը: