Վերամուտի առթիւ զրոյց՝ նոր սերունդէ հայերէնի ուսուցիչ Արաս Սարըչոպանի հետ

Այ­սօր 2016-2017 կրթա­կան տա­րուան ա­ռա­ջին օրն է։ Նոր շրջան մը կը սկսի՝ մարդ­կա­յին ա­մէն տե­սակ զգա­ցում­նե­րու միա­ձուլ­մամբ։ Ե­ռանդն ու սպա­սում­նե­րը, կամքն ու նպա­տակ­նե­րը, տա­ղանդն ու աշ­խա­տան­քը միա­հիւ­սուած են՝ ա­հա­ւա­սիկ... Վե­րա­մու­տը կը խորհրդան­շուի նաեւ վեհ տրա­մադ­րու­թիւ­նով մը՝ ըն­կեր­սի­րու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, դա­սըն­կեր­նե­րը զի­րար կը վե­րագտ­նեն դպրո­ցա­կան նստա­րան­նե­րուն շուրջ։ Կեան­քի մը ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան շա­րու­նա­կե­լի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հիմ­քե­րը կը դրուին դա­սա­րա­նին մէջ։ Տա­րի­նե­րու հո­լո­վոյ­թը կ­­՚ար­դա­րաց­նէ բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րու ար­ժէ­քը եւ այս մէկն ալ, իր հեր­թին, իւ­րա­քան­չիւ­րի կեան­քի օ­րի­նա­կով կու գայ վե­րա­հաս­տա­տել դա­սա­րա­նի՛ն, դպրո­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Կրթու­թեան բնա­գա­ւա­ռը ան­ծայ­րա­ծիր է։ Սահ­մա­նում­նե­րը դժուար են ու կը պա­հան­ջեն մաս­նա­գի­տու­թիւն։ Յա­մե­նայն­դէպս, վե­րա­մու­տի օ­րով մեր ու­շադ­րու­թեան ա­ռանց­քին է հայ դպրո­ցը. հա՛յ դպրո­ցը, ան­շուշտ, սփիւռ­քեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րով։ Կրթու­թեան ո­լոր­տի բնոյ­թին հա­մա­հունչ՝ սփիւռքն ալ ան­ծայ­րա­ծիր օ­րա­կարգ մը ու­նի թէ՛ իր տա­րա­ծու­թեան կամ աշ­խար­հագ­րու­թեան եւ թէ իր կրթա­կան կեան­քէն ներս առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն բե­րու­մով։ Մեծ հա­շուով, դժուար է խօ­սիլ սփիւռ­քեան կրթա­կան հա­մա­կար­գի մը մա­սին, ո­րով­հե­տեւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ գրե­թէ կը պակ­սին հա­մա­կարգ­ման տար­րա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րը։ Մե­տայ­լի միւս ե­րե­սա­կին, սա­կայն, հայ դպրո­ցը ա­մէն տեղ ու­նի հա­սա­րա­կաց խնդիր­ներ, ո­րոնց վրայ կու գան ա­ւել­նալ տե­ղա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­ր-ւած հար­ցե­րը։

Ամ­բողջ սփիւռ­քին տե­սա­կէ­տէ միան­շա­նակ ա­հա­զանգ մըն է հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը։ Ծա­ւա­լուն նիւթ մը. թէեւ նպա­տակ մը ընդ­հա­նուր, սա­կայն, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, յա­րա­բե­րա­կան՝ բա­զում գոր­ծօն­նե­րու բե­րու­մով։ Սփիւռ­քի իւ­րա­քան­չիւր ան­կիւ­նը կան մար­դիկ, ո­րոնք վիթ­խա­րի գործ կը տես­նեն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար, սա­կայն իւ­րա­քան­չիւր մի­ջա­վայ­րէ ներս տա­րուած աշ­խա­տան­քը կը բիւ­րե­ղա­նայ մաս­նա­ւոր ա­ռանցք­նե­րու շուրջ։ Մե­րօ­րեայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նով, այդ բո­լո­րին հան­րա­գու­մա­րը կը վե­րածուի մեծ փոր­ձա­ռու­թեան մը՝ հայ դպրո­ցին տե­սա­կէ­տէ։ Մար­դուժ պատ­րաս­տե­լու հեւ­քը, յա­ճախ, մղիչ ու­ժը կը հան­դի­սա­նայ սփիւռ­քեան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու կեան­քին։ Հե­տե­ւա­բար, իւ­րա­քան­չիւր մի­ջա­վայ­րի մէջ ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տան­քը, նաեւ, օ­րի­նա­կե­լի կամ ու­սա­նե­լի է միւս­նե­րուն հա­մար։ Դի­տար­կում­նե­րը ու ար­ձա­նագ­րուած ար­դիւնք­նե­րը որ­քան ա­ւե­լի լայն շրջա­նա­ռու­թեան մը մէջ դրուին, ա­պա այն­քան կ­­՚ա­ւել­նան այն ջու­րի կա­թիլ­նե­րը, ո­րոնք կը հո­սին դէ­պի հայ դպրո­ցի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թեան լի­ճը։

Հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը, այս ամ­բող­ջին մէջ, շատ կեն­սա­կան է, նաեւ՝ ա­մե­նա­ցա­ւոտ խնդիր­նե­րէն մին։ Լե­զուն մէկ կող­մէ այն ազ­դակն է, որ կը բնո­րո­շէ հայ դպրո­ցին դի­մա­գի­ծը, իսկ միւս կող­մէ դար­ձած է ցու­ցի­չը՝ հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան գետ­նին վրայ առ­կայ հա­մա­տա­րած նա­հան­ջին։ Լե­զուն ի­րե­րա­մերժ բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րու կի­զա­կէ­տին է. ե­րե­ւոյթ­ներ, ո­րոնց պար­փա­կած հա­կա­սու­թիւն­նե­րու շա­րա­նը կու գայ պար­տադ­րել սփիւռ­քեան կրթա­կան կեան­քին օ­րա­կար­գը կամ ա­ւե­լի պարզ խօս­քով՝ ծնունդ կու տայ հայ դպրո­ցի մատ­նուած առ­կայ փա­կու­ղիին։

Այժ­մու փակ շրջա­նի յաղ­թա­հա­րու­մը վստա­հուած է, տե­սա­կա­նօ­րէն, այն ե­րի­տա­սարդ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու փա­ղան­գին, ո­րոնց աշ­խա­տան­քի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան մա­կար­դա­կէն կա­խում պի­տի ու­նե­նան հայ դպրո­ցի նոր հո­րի­զոն­նե­րը։ Պայ­ման­նե­րը որ­քան որ ալ ըլ­լան յու­սա­հա­տա­կան, բնա­կա­նա­բար, հա­շուարկ­նե­րը պէտք է կեդ­րո­նաց­նել այն գոր­ծօն­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կը ներշն­չեն լա­ւա­տե­սու­թիւն։ Սկզբուն­քա­յին, համ­բե­րա­տար ու նպա­տա­կաս­լաց աշ­խա­տան­քի նա­խադ­րեալ­նե­րուն վրայ պէտք է լա­րել ու­շադ­րու­թիւ­նը, այ­լա­պէս մնա­ցեա­լը կը ստեղ­ծէ բախ­տա­գու­շա­կու­թիւն­նե­րու եզ­րին հաս­նե­լու վտան­գը։

*

Վե­րա­մու­տի առ­թիւ զրու­ցե­ցինք ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ Ա­րաս Սա­րը­չո­պա­նի հետ։ Ան շուրջ եօ­թ տա­րիէ ի վեր կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի մէջ։ Այս տա­րի սկսած է պաշ­տօ­նա­վա­րել նաեւ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նին մէջ։ Լի­սէա­կան մա­կար­դա­կի ա­շա­կերտ­նե­րու հետ աշ­խա­տե­լու զու­գա­հեռ՝ միջ­նա­կար­գի տղոց հետ աշ­խա­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն ալ ու­րուագ­ծուած է իր առ­ջեւ։

Ա­րաս Սա­րը­չո­պան, որ այս տա­րի ու­թե­րորդ ան­գամ հայ դպրո­ցին ճա­նա­պար­հը կը բռնէ՝ որ­պէս հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ, հա­մո­զուած է՝ որ լե­զուի ու­սուց­ման հիմ­նա­կան փու­լե­րուն մէջ առ­կայ խնդիր­նե­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը մնան ան­յաղ­թա­հա­րե­լի։ Սա է մեր ներ­կայ պա­րա­գան։ Ա­մե­նա­պարզ օ­րի­նակ­նե­րէն մին հնչիւն­նե­րու պա­րա­գան է, ա­ռո­գա­նու­թեան հար­ցը։ «Նա­խա­պէս կ­­՚ը­սէինք, որ հա­յե­րը լաւ թրքե­րէն չեն խօ­սիր, իսկ հի­մա հա­յե­րէ­նը կը խօ­սին թրքե­րէ­նի շեշ­տով ու հնչիւ­նա­բա­նու­թենմ­բ», կ­­՚ը­սէ ան։

Հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մեր հարց­ման Սա­րը­չո­պան կը պա­տաս­խա­նէ՝ կան­խաւ ընդգ­ծե­լով նաեւ լե­զուամ­տա­ծո­ղու­թեան խնդի­րը։ Սա բարդ հարց մըն է։ Իր խօս­քով, ո՛չ միայն հա­յե­րէ­նի պա­րա­գա­յին, այլ նաեւ ընդ­հան­րա­պէս բո­լոր լե­զու­նե­րու ու­սուց­ման պա­րա­գա­յին բարդ է այս հար­ցը։ «Լե­զուն պէտք է ա­ւան­դել իր լե­զուամ­տա­ծո­ղու­թեամբ, որ­պէս­զի ա­շա­կեր­տին կող­մէ իւ­րա­ցուի եւ վե­րար­տադ­րուի», հա­մո­զուած է ան։ Թէեւ, սկզբուն­քօ­րէն, հա­յե­րէ­նը կը դա­սա­ւան­դուի՝ որ­պէս մայ­րե­նի, սա­կայն գործ­նա­կա­նօ­րէն՝ ակն­յայտ է, որ տղա­քը զայն կը սո­րվին իբ­րեւ օ­տար լե­զու։

Հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման խնդիր­նե­րուն մէջ խո­րա­նա­լով՝ Ա­րաս Սա­րը­չո­պան կը շա­րու­նա­կէ. «Բո­լո­րը սկսած են հասկ­նալ, որ հա­յե­րէ­նը օ­տար լե­զուի մը նման կը դա­սա­ւան­դուի։ Նոր ու զօ­րա­ւոր մե­թո­տի մը պէտք ու­նինք։ Ան­կա­րե­լի է չնկա­տել մեր են­թա­հո­ղին տկա­րու­թիւ­նը։ Մին­չեւ լի­սէ հաս­նի­լը տղա­քը պէտք է ո­րոշ մա­կար­դա­կի մը հա­սած ըլ­լան։ Ճիշդ է, որ հա­յա­խօս մի­ջա­վայ­րի մը մէջ կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել ո­րոշ զար­գա­ցում մը, սա­կայն այդ զար­գաց­ման հաս­նե­լու հա­մար ալ տա­կա­ւին բա­ւա­րար մա­կար­դա­կի վրայ չենք։ Մեր լի­սէ­նե­րու հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը միշտ կ՚աշ­խա­տին թէ՛ ընդ­հա­նուր ման­կա­վար­ժու­թեան եւ թէ մա­նա­ւանդ ի­րենց ճիւ­ղին վրայ։ Ան­շուշտ, զա­նա­զան հան­գա­մանք­ներ կը խան­գա­րեն ըն­թաց­քը։ Հա­յե­րէն սոր­վեց­նե­լու յա­տուկ մե­թոտ­ներ չու­նինք։ Տա­կա­ւին անհ­րա­ժեշտ հո­գա­ծու­թիւ­նը ցոյց չէ տրուած այս նիւ­թին նկատ­մամբ։ Շա­տեր ար­տա­սահ­ման կը մեկ­նին դա­սըն­թաց­քնե­րու հա­մար։ Բայց եւ այն­պէս, Վե­նե­տի­կի կամ Լոն­տո­նի մէջ մեր ու­սու­ցիչ­նե­րը հա­զիւ թէ կը գտնեն ի­րենց տե­սա­կէ­տէ անհ­րա­ժեշ­տը։ Այդ դա­սըն­թաց­քնե­րը նա­խա­տե­սուած են ընդ­հան­րա­պէս զե­րո­յէն սկսող­նե­րու հա­մար, իսկ մենք այս­տեղ, մեր գետ­նին վրայ տար­բեր ու­ժի մը պէտք ու­նինք»։

­Թէ ի՞նչ վե­րա­բեր­մունք ու­նին տղա­քը դա­սա­րա­նին մէջ հա­յե­րէ­նի նկատ­մամբ։ Ա­նոնք եւս հա­մո­զուա՞ծ են, որ լե­զուին մի­ջո­ցաւ կը ստանձ­նեն ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թիւն մը։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Ա­րաս Սա­րը­չո­պան ու­նի հե­տե­ւեալ դի­տար­կում­նե­րը.

«Տղոց վե­րա­բեր­մուն­քը ընդ­հան­րա­պէս դրա­կան է։ Տղա­քը չեն ու­րա­նար այս լե­զուն սոր­վե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, սա­կայն լե­զուն միակ բա­նա­լին չեն նկա­տեր հայ­կա­կան ինք­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, լե­զուն պէտք է ինք­նա­բե­րա­բար խու­ժէ ա­նոնց միտ­քէն ներս՝ բո­լոր ազ­դակ­նե­րով։ Ներ­կա­յիս մեր աղ­բիւր­նե­րը եւ փո­խանց­ման խո­ղո­վակ­նե­րը շատ տկար են։ Մենք միշտ վստա­հած ենք դպրո­ցին։ Սա ճիշդ է, սա­կայն պէտք չէ մոռ­նալ նաեւ ու­րիշ խնդիր­ներ։ Տղոց տե­սա­կէ­տէ դպրո­ցը, մա­նա­ւանդ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, դար­ձած է նե­ղա­ցու­ցիչ մի­ջա­վայր մը՝ խտա­ցեալ քննու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով։ Այդ հան­գա­ման­քը պատ­ճառ կը դառ­նայ նաեւ, որ հա­յե­րէնն ալ իր ու­ժը կորսնց­նէ։ Ա­շա­կերտ­նե­րուն շա­րու­նակ կը քա­րո­զուին ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ մտա­հո­գու­թիւն­ներ, ա­նոնք կա­րե­լիու­թիւն չու­նին օ­րը ապ­րե­լու։ Իւ­րա­քան­չիւր հանգ­րուա­նին ճա­կա­տագ­րա­կան քննու­թիւն­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան ճնշու­մը ծանր կը կշռէ ա­նոնց վրայ։ Ա­նոնք սկսած են հա­ճոյք չզգալ ո­րե­ւէ բա­նէ։ Հասկ­նա­լի է, որ սա ընդ­հա­նուր խնդիր մըն է, սա­կայն ա­ռանց հա­ճոյք ստա­նա­լու ան­կա­րե­լի է բան մը սոր­վիլ»։

­Նոյն նիւ­թին ա­ռըն­չու­թեամբ Ա­րաս Սա­րը­չո­պան կը յի­շեց­նէ, որ աշ­խար­հի վրայ հա­յու­թիւ­նը չու­նի միաս­նա­կան դրու­թիւն մը՝ լե­զու սոր­վեց­նե­լու հա­մար։ Իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի ընդ­հա­նուր կա­ցու­թիւնն ալ ազ­դե­ցու­թիւն կ՚ու­նե­նայ այս խնդրին վրայ։ «Որ­քան ա­ւե­լի ծան­րաց­նես դա­սը, ու­սուց­ման մի­ջոց­նե­րը, այն­քան գոր­ծը ետ կ՚եր­թայ։ Կեան­քի ըմբռն­ման զու­գա­հեռ՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պէտք է սոր­վին լե­զուն եւ թա­փան­ցեն ա­նոր։ Նման օ­րի­նակ­ներ կան աշ­խար­հի վրայ։ Մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ մար­դիկ ժա­մա­նակ չու­նին ո­րե­ւէ բան ը­նե­լու եւ դժբախ­տա­բար ե­րի­տա­սարդ­ներն ալ չեն խնա­յուած այս վի­ճա­կէն», կ՚ըսէ ան։

Թէ ին­չո՞ւ կա­րե­լի չ՚ըլ­լար հայ դպրո­ցը ընդ­հա­նուր ցան­ցի մը վե­րա­ծել աշ­խար­հի վրայ։ Ա­րաս Սա­րը­չո­պան հա­մո­զուած է, որ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնն ու կա­պե­րը հետզ­հե­տէ կը սեր­տա­նան սփիւռ­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մի­ջեւ։ «Մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը կար ան­հա­ղորդ վի­ճակ մը, ինչ որ հի­մա հետզ­հե­տէ կը յաղ­թա­հա­րուի։ Քա­ղա­քա­կան գոր­ծօն­ներն ալ կ՚ազ­դեն կրթա­կան աշ­խա­տան­քին վրայ, բայց անհ­րա­ժեշտ կամ­քը ցու­ցա­բե­րե­լու պա­րա­գա­յին ա­մէն ինչ կ՚ըլ­լայ։ Մենք՝ պոլ­սա­հա­յերս պէտք է բո­լո­րին հետ աշ­խա­տինք, պէտք է շփման մէջ ըլ­լանք Հա­յաս­տա­նի եւ սփիւ­քի պատ­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ», կ՚ը­սէ Սա­րը­չո­պան։

Ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քի մէջ ե­կե­ղե­ցի, դպրոց եւ մա­մուլ ե­ռո­տա­նին կ՚ըն­կա­լուի որ­պէս ինք­նու­թեան փո­խանց­ման գրա­ւա­կան։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այդ ե­ռո­տա­նին վեր­ջին շրջան­նե­րուն կը կա­ղայ լրջօ­րէն։ Ա­րաս Սա­րը­չո­պանն ալ հա­մա­միտ է, որ այդ ե­ռո­տա­նին տեղ­քայլ կ՚ար­ձա­նագ­րէ։ Ա­նոր տար­րե­րը լիար­ժէք չեն գոր­ծեր։ «Պատ­ճա­ռը պարզ է… Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ստեղ­ծե­ցինք այս մի­ջա­վայ­րը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս մեր միու­թիւն­նե­րը ա­տեն-ա­տեն, տե­ղին հա­մե­մատ, պէտք է ըլ­լան անհ­րա­ժեշտ չա­փով բաց, բայց նաեւ անհ­րա­ժեշտ չա­փով գոց։ Հի­մա այդ սահ­ման­նե­րը պղտո­րած են։ Մենք որ­պէս ան­հատ­ներ կրնանք ե­ղա­փո­խուիլ, բայց իբ­րեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն շատ դան­դաղ ենք այս ա­ռու­մով։ Չեմ ու­զեր ը­սել, որ ա­մէն ինչ պէտք է կոր­ծա­նել, պէտք է քան­դել, բայց ստի­պո­ղու­թիւն դար­ձած է շարք մը փո­փո­խու­թիւն­նե­րու եր­թալ», կը մատ­նա-նը­շէ Ա­րաս Սա­րը­չո­պան։

Մեր զրոյ­ցին տե­ւո­ղու­թեան ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշա­կը ընդգ­ծեց, որ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը մեծ մրցակ­ցու­թեան մը մէջ են։ Այ­սօր մար­դուժ պատ­րաս­տե­լու հա­մար պէտք է մեծ ներդ­րում­ներ կա­տա­րուին։ «Նոր ան­հա­տը կը պա­հան­ջէ նոր մօ­տե­ցում։ Այ­սօր այ­լեւս մեր հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խան­նե­րը տար­բեր պէտք է ըլ­լան հի­նին բաղ­դատ­մամբ։ Թէ՛ սե­րուն­դը եւ թէ մի­ջա­վայ­րը փո­խուած է։ Հա­յա­խօ­սու­թեան նուա­զի­լը հին սե­րուն­դին հա­մար կը նշա­նա­կէ հե­ռա­նալ ազ­գէն, բայց ի սկզբա­նէ խնդի­րը պէտք չէ այդ­պէս դնել։ Յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րէ պէտք չէ խու­սա­փիլ։ Մենք պէտք է անհ­րա­ժեշտ մի­ջա­վայ­րը ստեղ­ծենք։ Անձ մը ինք­զինք այդ ինք­նու­թեան բե­րած ազ­դակ­նե­րու ա­ւա­զա­նին մէջ նե­տուած պէտք է զգայ։ Մեր կեան­քի շատ սահ­մա­նա­փակ բա­ժի­նը հա­յե­րէ­նով կ՚ըն­թա­նայ։ Այ­սօր կա­րե­լի չէ աշ­խար­հը ճանչ­նալ եւ ըմբռ­նել հա­յե­րէ­նով։ Հա­յե­րէ­նը կը մնայ միայն հայ­կա­կան ու կ՚ա­ռըն­չուի միայն հայ­կա­կա­նին հետ։ Սա լե­զուն սոր­վե­լու պատ­ճառ­նե­րը կը նուա­զեց­նէ։ Ար­տա­քին աշ­խար­հը հա­յե­րէ­նով սոր­վե­լու եւ բա­ցատ­րե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը պէտք է ճո­խա­նան։ Մենք պէտք ու­նինք ո՛չ թէ հայ­կա­կան, այլ՝ հա­յե­րէն մի­ջա­վայ­րի մը», հա­մո­զուած է Սա­րը­չո­պան։

Մեր հար­ցում­նե­րէն մէ­կուն պա­տաս­խա­նե­լով ան շեշ­տեց, թէ առ­կայ թո­հու­բո­հին մէջ ան­կա­րե­լի է ըլ­լալ կա­տա­րե­լա­պաշտ։ Ա­ճա­պա­րան­քը մե­զ կը հե­ռաց­նէ մեր նպա­տա­կէն։ «Մեր եր­կիրն ալ կ՚ա­ճա­պա­րէ, սա­կայն ե­թէ ա­ւե­լի կա­տա­րե­լա­պաշտ ըլ­լայ դրու­թիւ­նը՝ խնդիր­նե­րը կրնան լու­ծուիլ ա­ւե­լի բար­ւոք ձե­ւով։ Բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ դպրոց­նե­րէ ներս ժա­մա­նակ խնա­յե­լու ուղ­ղեալ քայ­լեր կ՚առ­նուին։ Թէ՛ ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ թէ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հա­մար», կը նշէ Սա­րը­չո­պան։ Բաց աս­տի, ըստ ի­րեն, ա­շա­կերտ­նե­րուն բե­ռը պէտք է թե­թեւց­նել։ Այժ­մու դրու­թեան շրջագ­ծով հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն մը պէտք է գտնել՝ թէ՛ դա­սա­ժա­մե­րու եւ թէ ար­ձա­կուրդ­նե­րու կրճա­տու­մով։

«Մենք թի­ւով քիչ ենք, պար­տա­ւոր ենք ա­մէն մար­զի մէջ փայ­լիլ, ո­րա­կով հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու հա­մար քա­նա­կու­թեան խնդի­րը», կ՚եզ­րա­փա­կէ Սա­րը­չո­պան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016