ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻՆ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան նախկին բազմամեայ վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան Գերապայծառին մահը մեծ ցաւ ստեղծած է պոլսահայ կեանքէն ներս։ Տասնամեակներ շարունակ իր հօտը հովուած Չոլաքեան Գերապայծառ կը վերյիշուի իր մարդկային առաքինութիւններով եւ իր հարուստ կենսագրութեամբ։ Իր վախճանումով հայ-կաթողիկէ կղերականաց դասէն կը հեռանայ տիրական անուն մը, որ իր ծանր շուքով միշտ առթած է պատկառանք ու պատիւ բերած իր պատկանած նուիրապետութեան։ Իր կենսագրութիւնը կեանքի, արդիւնաւէ՛տ կեանքի ուղի մըն է՝ ձեռքբերումներով, լաւ արժեւորուած ժամանակով։ Այդ առումով իր կենսագրութիւնը ուսանելի եւ օրինակելի կը համարուի նոր սերունդին համար։
Յովհաննէս Վրդ. Չոլաքեան, Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ Վիճակին Պատրիարքական Փոխանորդը՝ մահուամբ երջանկայիշատակ Պօղոս Արք. Քիրէճեանի, որ արքեպիսկոպոսի հանգամանքով կը կոչուի հովուելու Իսթանպուլի թեմը։ Ծնած է Իսթանպուլ, 12 Ապրիլ 1919 թուականին։ Ան անդրանիկ զաւակն է բազմանդամ ընտանիքի մը։ Հայրը բնիկ ատանացի էր, իսկ մայրը՝ էյպէզցի։
Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանի մանկապարտէզի բաժինը տարի մը յաճախելէ վերջ, նախակրթարանի ուսումը շարունակած է նախ Սէնթ-Էսփրի ֆրերներու վարժարանը եւ յետոյ Ետիգուլէի իտալացի տոմինիքեան մայրապետներու երկսեռ վարժարանը, ուր առաջին անգամ իր մէջ զգացած է կոչումի նշաններ։
14 Սեպտեմբեր 1931 թուականին կը մտնէ քաղաքիս Միջծիսային Սէն-Լուի դպրեվանքը, ուր ուսմանց շրջանը բոլորելէ ետք, 25 Հոկ-տեմբեր 1937 թուականին կը մեկնի Հռոմ, աշակերտելու Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանին։ Հոն կ՚ունենայ իբր առաջին մեծաւոր Վսեմ. Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանը, որ այն ատեն պարզապէս եպիսկոպոս էր։ Կը հետեւի Հռոմի Գրիգորեան համալսարանի Փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դասընթացքներուն։ Բ. Համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով, չկարենալով վերադառնալ իր թեմը, երկու տարի կը հետեւի Եկեղեցական իրաւագիտութեան, զոր կիսատ կը թողու առողջութեան պատճառներով։
Կը ստանայ Կուլակը, Աւագ Հինգշաբթի օրը, 21 Մարտ 1940 թուականին, իսկ Փոքր աստիճանները՝ Կիրակի, 28 Դեկտեմբեր 1941 թուականին։ 7 Մարտ 1943 թուականին, Բուն բարեկենդանի օրը կը ձեռնադրուի կիսասարկաւագ ու 25 Մարտի Աւետման օրը՝ սարկաւագ։ Նոյն տարին, Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնին՝ 25 Ապրիլ 1943 թուականին քահանայ կ՚օծուի, Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, ձեռամբ՝ երջանկայիշատակ Սարգիս Արք. Տէր-Աբրահամեանի, ու յաջորդ օրը կը մատուցանէ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Յաւարտ Բ. Համաշխարհային պատերազմին, երբ տակաւին ծովային ճամբորդութիւնները բաւական վտանգաւոր էին, դժուարին պայմաններու ներքեւ կը վերադառնայ իր թեմը, ուր կը հասնի 14 Յուլիս 1946 թուականի Կիրակի օրը կէսօրին։
Իր առաքելութեան առաջին դաշտը կ՚ըլլայ Աթոռ. Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր օգնական ժողովրդապետ կը նշանակուի 25 Սեպտեմբեր 1946 թուականին։ Այս թուականէն սկսեալ իր պաշտօնները կը շատնան հետզհետէ։ 7 Փետրուար 1947 թուականին, կը կարգուի հոգաբարձու՝ Օրթագիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին։
1949 թուականին, իր զինուորական պարտականութիւնը կատարելու համար կ՚երթայ Կելիպոլու։ Անգարայի Պահեստի սպաներու վարժարանը աւարտելէ վերջ, կը ղրկուի Մերսին, ուր դեր-տեղակալի աստիճանով կը մարզէ, հակաօդային մարզի մէջ, իրեն խնամուած զինուորները։
1950 թուականի Մայիսի 1-ին կը վերադառնայ իր եկեղեցական պաշտօնին գլուխը եւ նոյն տարուան Յունիսի 10-ին կ՚անուանուի մատրանապետ՝ Ս. Յակոբ հիւանդանոց-անկելանոցի, մնալով միշտ օգնական ժողովրդապետ Ս. Աստուածածին Աթոռ. եկեղեցւոյ։
1951 թուականին կը հրաւիրուի ֆրանսերէն լեզու դասաւանդելու Սագըզաղաճի Վենետիկեան Մխիթարեան հայրերու նախակրթարանը, ինչպէս նաեւ կը կարգուի բարոյագիտութեան եւ հայերէնի ուսուցիչ Պէյօղլուի Անարատ Յղութիւն միջնակարգ վարժարանին։ Նոյն տարին, Դեկտեմբեր 28-ին, Որդւոց Որոտման տօնին, երջանկայիշատակ Պօղոս Արք. Քիրէճեան, յատուկ կոնդակով զինքը կ՚անուանէ ժողովրդապետ՝ Ս. Աստուածածին Աթոռ. եկեղեցւոյ։
1960 թուականի Մարտ ամիսէն սկսեալ կ՚անուանուի ուսուցիչ Էսաեան աղջկանց լիսէին, ուր մինչեւ 1976 թուականը կը գրաւէ հոգեբանութեան, տրամաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ամպիոնները։
1961 թուականէն սկսեալ Յովհաննէս Վրդ. Չոլաքեան կ՚ըլլայ անմիջական օգնականը Արհի. Պօղոս Արք. Քիրէճեանի, վարելով մինչեւ անոր մահը, ժողովրդապետի, քարտուղարի, դիւանապետի եւ արքեպիսկոպոսական փոխանորդի պաշտօնները։ Հանգուցեալ Քիրէճեան Արքեպիսկոպոսի մահուընէ վերջ, 20 Ապրիլ 1965 թուականին, Բարձրագոյն եկեղեցական իշխանութեան կարգադրութեամբ եւ յատուկ կոնդակով կ՚անուանուի պատրիարքական փոխանորդ, մինչեւ նոր վիճակաւորին ընտրութիւնը։
17 Նոյեմբեր 1966 թուականին, պաշտօնապէս կը հաղորդուի Գերապայծառ Յովհաննէս Վրդ. Չոլաքեանի իր անուանումը Իսթանպուլի Աքեպիսկոպոսական Աթոռին, խնդրելով անոր հաւանութիւնը։ Վատիկանի պաշտօնական օրկանը՝ Օսսերվաթորէ Ռոմանօ 16 Յունուար 1967 թուականին, պաշտօնապէս հրապարակեց այս անուանումը, նախապէս Գերապայծառ Վարդապետին հաղորդուեցաւ այս պաշտօնական հրատարակութեան թուականը։
Գերապայծառ Յովհաննէս Վրդ. Չոլաքեան արքեպիսկոպոսական օծումը ստացաւ Հռոմ, 5 Մարտ 1967 թուականին, ձեռամբ՝ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի, նախագահ Հաւատասփիւռ Ս. Ժողովոյն։ Առընթերակայ ձեռնադրիչ էին Արհի. Կիւրեղ Եպսկ. Զօհրապեան, Տիտղոսաւոր եկեղեցեաց եւ Արհի. Կարապետ Եպսկ. Ամատունի Եքսարք Ֆրանսայի կաթողիկէ հայոց։ Այս առիթով, Կարտինալ Աղաճանեան նուիրեց նորօծ եպիսկոպոսին ոսկեայ լանջախաչ մը եւ իր մանիշակագոյն կարտինալական կապան։ Ն.Ս. Պօղոս Զ. Քահանայապետը նուիրեց ոսկեայ լանջախաչ մը, իսկ Լեւոնեան վարժարանը՝ մատանի մը։
Արհի. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանի գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր կերպով, 18 Մարտ 1967 թուականին, Աթոռ. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատոյց իր անդրանիկ հայրապետական պատարագը, Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ եկեղեցին, Զատկի երկրորդ օրը, այսինքն՝ 27 Մարտ 1967 թուականի Երկուշաբթի օրը։
18 Օգոստոս 1974 թուականին, Ն.Ս. Պօղոս Զ. Քահանայապետի կողմէ կ՚անուանուի անդամ Տիեզերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին Գ. համաժողովին։ Սակայն Արհի. Չոլաքեան հնարաւորութիւնը չունի մասնակցելու այս ժողովին, որովհետեւ իմաստասիրութեան ուսուցիչ ըլլալով Էսաեան աղջկանց վարժարանը, չի կրնար բացակայիլ սոյն վարժարանէն, առանց դժուարին կացութեան մատնելու այս հաստատութիւնը։
1974 թուականի Դեկտեմբերին իրեն կ՚առաջարկուի Ս. Աթոռին կողմէ կարեւոր պարտականութիւն մը։ Կարգ մը անձնական եւ ընտանեկան պատճառներու հետեւանքով, յարգանքով կը մերժէ այս վստահութեան կարեւոր պաշտօնը։
1986 թուականի 4-7 Հոկտեմբերին, Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը կը ներկայացնէ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքը, երբ նոյն թուականներուն՝ Ն.Ս. Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Քահանայապետը կը կատարէ իր պաշտօնական հովուական այցելութիւնը Լիոն եւ այլ վայրեր։ Ան ներկայ կ՚ըլլայ բոլոր հանդիսութեանց։
Կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը տիեզերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին Է. համաժողովին, որ կը գումարուի Հռոմի մէջ, 1987 թուականի 1-30 Հոկտեմբերին։
Նմանապէս կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը Ֆրանսայի Եպիսկոպոսաց համաժողովին, որ կը գումարուի Լուրտի մէջ, 1987 թուականի 4-10 Նոյեմբերին։
1991 թուականի 28 Նոյեմբեր-14 Դեկտեմբերի միջեւ, Վատիկանի մէջ գումարուեցաւ Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու բացառիկ սիւնհոդոսը։ Քահանայապետական անուանումով Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան մաս կազմեց այս բացառիկ սիւնհոդոսին։
1992 Թուականի Մայիսի 11-ին, Երկուշաբթի օրը, Թուրքիոյ Եպիսկոպոսներու եւ առաջնորդներու ժողովը գումարեց իր տարեկան Բ. նիստը։ Այս առթիւ Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան ընտրուեցաւ նախագահը՝ Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց եւ առաջնորդներու ժողովին։
Երէց սերունդի կամ միջին տարիքովներու յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է՝ Չոլաքեան Գերապայծառի յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսութիւնը։ Տակաւին մօտաւոր անցեալին ալ նշուած էր իր քահանայական ձեռնադրութեան եօթանասունամեակը, երբ ան Գատըգիւղի Սուրբ Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ շրջապատուած էր երախտագիտական զգացումներով։ 2015 թուականի Մայիսի 24-ին, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը մեծարեց իր վաստակաւոր վիճակաւորը՝ Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեանը։ Այս առթիւ Գատըգիւղի Ս. Լեւոն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։
Չոլաքեան Գերապայծառ յառաջացեալ տարիքին զուգահեռ փորձեց կազմակերպել անցումային շրջան մը՝ որպէսզի ունենայ յաջորդ մը։ Մինչեւ իր ուժերուն ներած վերջին փուլը յամառօրէն մնաց պաշտօնին գլուխը, սակայն աւելի վերջ նախընտրեց կոչուիլ հանգստեան։ Նախ իրեն աջակից ունեցաւ Տ. Գէորգ Արք. Խազումեան Գերապայծառը, իսկ աւելի վերջ Չոլաքեան Գերապայծառ առիթն ունեցաւ ողջունելու իր յաջորդը՝ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Գերապայծառը՝ որպէս նոր վիճակաւոր։ Հանգստեան կոչուած շրջանին ալ շարունակեց իր մտաւոր աշխատանքը, հրատարակեց գիրքեր։ Բոլորին համար հաճելի եւ օրհնաբեր էր իր ներկայութիւնը։ Յառաջացեալ տարիքին հետեւանքով տկարացած էր առողջութիւնը ու վերջերս փոխադրուած էր հիւանդանոց։ Ափսո՜ս, որ իր յոգնատանջ մարմինը տակաւին չդիմացաւ, իրեն նմատմամբ ցուցաբերուած խնամքը մնաց ապարդիւն եւ Չոլաքեան Գերապայծառ հոգին աւանդեց երկնաւոր հօր ձեռքերուն մէջ։
Ան Ուրբաթ օր պատշաճ շուքով պիտի ուղեւորուի դէպի յաւիտենական կեանք՝ իր սգաւոր հոգեւոր եղբայրներուն եւ հաւատացեալ հօտի աղօթքներով։
Յարգա՜նք իր վաստակին ու խունկ իր յիշատակին։