Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն 25 տարեկան…
Հայոց պետականութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանը ներկայիս ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ համակած է համայն հայութիւնը։
Քառորդ դարուան այս ազատ ու անկախ երթը չափազանց նշանակութիւն ունի հայ ազգին տեսակէտէ։ Դարերու արհաւիրքներէն ու մաքառումներէն վերջ, հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան մեծագոյն ձեռքբերումը կը հանդիսանայ անկախ պետականութեան վերահաստատումը։ Այդ պետականութեան կերտումը խորքային իմաստ ունի համայն հայութեան համար։ Անդունդի եզրէն մազապուրծ փրկուած ժողովուրդի մը նոր կեանքին եւ աշխարհի վրայ ազատ ինքնադրսեւորման հիմնական երաշխիքն ու գրաւականն է ան։
Մարդկային պատմութեան թատերաբեմին վրայ որքան որ հին է հայոց ներկայութիւնը, այնքան երիտասարդ է հայոց պետականութիւնը։ Վաղեմի այդ գոյութեամբ պայմանաւորուած հասունութեամբ եւ իմաստութեամբ մեր օրերուն կը հաւասարակշռուի երիտասարդ պետականութեան փորձառութեան պակասը։ Երիտասարդութեան եռանդը կը միախառնուի պատմութենէն բխած ինքնավստահութեան։
Մարդկային պատմութեան ամենահետաքրքրական հանգրուաններէն մէկուն մէջ վերակերտուած է հայոց պետականութիւնը։ Համաշխարհայնացման գործընթացին մէջ մէկ կողմէ ազգային պետութիւնները կը տկարանան որոշ առումներով, սակայն անոնց փոխարինումն ալ այդքան դիւրին ըլլալ չի թուիր եւ այս խաչմերուկին վրայ հիմնուած է հայոց պետականութիւնը։ Նոյնպէս համաշխարհայնացման ժամանակաշրջանին՝ մէկ կողմէ միօրինակ կը դառնան մշակոյթներն ու կենցաղները, իսկ միւս կողմէ նոյնինքն այդ միօրինակութեան յաղթահարման համար կը բարձրանան տեղական արժէքները։ Այդ տեղական արժէքները, խորքին մէջ, ուրիշ բան մը չեն՝ եթէ ոչ ազգային մշակոյթներու տարրերը եւ այդ ազգային մշակոյթներու գոյատեւման երաշխիքներն ալ կը հանդիսանան դարձեալ ազգային պետութիւնները։ Հակասութիւննե՞ր... Երբ պակսած են հակասութիւնները հաւաքականութիւններու կեանքէն եւ բոլոր ժամանակներուն հայութեան առաւելագոյն բաժին հասած է անոնց ծանր հետեւանքներէն։ Յարափոփոխ ժամանակներու գնայունին ու մնայունին խաչմերուկին վրայ հիմնուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ ազատ ու անկախ։ Հիմնական հանգամանքը այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր այլեւս առանցքն է հայ իրականութեան։ Ան ապաւէնը, յենարանն ու յոյսն է հայոց կեանքին։
Անկախութեան 25-ամեակը առիթ մըն է հաշուեկշիռ մը ընելու համար։ Ակնյայտ է, որ Հայաստան կը գտնուի աշխարհի ամենաբարդ տարածքաշրջաններէն մէկուն մէջ։ Այնտեղ առկայ են գերտէրութիւններու անհաշտ մրցակցութիւն եւ ազդեցութեան սաստիկ պայքար։ Իր այժմու ներուժով եւ հնարաւորութիւններով՝ եթէ Հայաստան գտնուէր Հարաւային Կովկասի բաղդատմամբ աւելի հանգիստ տարածքաշրջանի մը մէջ, վստահաբար պիտի ծաղկէր շատ աւելի թափով։ Ի վերջոյ, սա է երկրին իրականութիւնը։ Իր անկախութիւնը ամրապնդելու ճանապարհին, այս տարածքաշրջանէն ներս երկիրը կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ. ինչպէս՝ Արցախի հիմնախնդիր, շրջափակում, պետականաշինութեան դժուարութիւններ եւ այլն։ Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները՝ Հայաստան դատապարտուած է զանոնք յաղթահարելու։ Իր անկախութիւնը երաշխաւորելու համար՝ Հայաստան պարտաւոր է ունենալ ազատ հասարակութիւն, բարօր քաղաքացիներ ու արդար կեանք։ Այս բոլորը այլընտրանք չունին՝ երկրի երթը երաշխաւորելու եւ մեծ մարտահրաւէրներուն դէմ համախմբում ապահովելու տեսանկիւնէն։
Իր գոյութեան 25 տարիներուն Հայաստան եղաւ անանտեսելի գործօն մը տարածքաշրջանէն ներս։ Որդեգրեց հաւասնրակշռուած ու շինիչ արտաքին քաղաքականութիւն մը։ Հակառակ անոր, որ Արցախի հիմնախնդիրը եղաւ ու կը մնայ իր հիմնական առաջնահերթութիւնը՝ Երեւանէն միշտ հնչեցին խաղաղամէտ պատգամներ։ Հայաստան ձգտեցաւ բնականոն ու կայուն յարաբերութիւններ մշակել իր հարեւաններուն հետ եւ իր շուրջ ձեւաւորել համագործակցութեան մթնոլորտ մը։ Դժբախտաբար, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն շրջագծով փակուղին կը մնայ առկայ։ Սա կը շարունակէ ըլլալ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր հարցականներէն մին։
Այս 25 տարիներուն Հայաստան ջանաց իր պետականաշինութեան գործընթացը յառաջ տանիլ սփիւռքի հետ։ Համահայկական հարթութեան վրայ ապահովուեցաւ լուրջ աշխուժութիւն։ Այս նիւթին շուրջ, անշուշտ, կարելի է մանրամասն հաշուեկշիռ մը կատարել, սակայն ներկայ յոբելեանը կու գայ վերահաստատել, որ Հայաստանի գոյութեամբ պայմանաւորուած ազդակները լուրջ խթան կը համարուին նաեւ սփիւռքի հայապահպանման տեսանկիւնէն։
Եւ այսպէս... Աւելի քան երեք դար գոյատեւած ու պատմութեան մէջ կարճատեւ դասուող Կիլիկեան թագաւորութեան կեանքին մէկ տասներորդէն աւելի պակաս տարիներ իր ետին թողած է Հայաստան։ Միւս կողմէ, իր կեանքը տասնապատիկէն աւելի է արդէն հայոց նախորդ անկախութենէն՝ Առաջին հանրապետութենէն, որ հազիւ երկու տարի դիմացած էր։ Յարաբերական հաշուարկներ...
Հայոց քաղաքամայր Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցան յոբելենական փառաշուք տօնակատարութիւններ։ Արտակարգ խանդավառութիւն մը ստեղծուեցաւ, բոլորը համակուած էին հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Ցնծութիւնը, միանշանակ, տօնական օրուան գերակշիռ տրամադրութիւնն էր։ Լաւատեսութեան նախադրեալներուն վրայ լարուած էր ուշադրութիւնը։ Տօնակատարութիւններուն կարգախօսն էր՝ եռագոյն հպարտութիւն...
Կը մնայ մաղթել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անխաթար շարունակէ իր երթը դէպի յաւերժութիւն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ