ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇ
«Հայփոստ Թրասթ Մենեճմընթ» շրջանառութեան մէջ դրած է երկու նամականիշ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:
«Հայփոստ»ի մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ներկայացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահի նս-տավայրին մէջ: Ներկայացումը իրականացուցած է Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նամականիշերը ունին 200 եւ 300 դրամ անուանական արժէք, տըպ-ւած են Ֆրանսա՝ «Կարտոր» տպարանին մէջ:
200 դրամ անուանական արժէքով նամականիշին վրայ պատկերուած են «25-ամեակ» եւ «Անկախութիւն» արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ծածանող եռագոյն դրօշը կապոյտ երկինքի խորապատկերին՝ խորհրդանշելով երկրի 25-ամեայ անկախութիւնը եւ պետականութիւնը:
300 դրամ անուանական արժէքով նամականիշին վրայ պատկերուած է «25-ամեակ» արձանագրութիւնը, որ կազմուած է Երեւան քաղաքի պատկերներու քոլաժի տեսքով՝ ցոյց տալով նորանկախ պետութեան զարգացումը անցնող քսանհինգ տարիներուն ընթացքին:
Նամականիշերու ձեւաւորման հեղինակներն են «Հայփոստ Թրասթ Մենեճմընթ»ի կառավարող տնօրէն Խուան Փապլօ Կեչիճեան եւ «Հայփոստ»ի ձեւաւորողներ Վահագն Մկրտչեան եւ Դաւիթ Տովլաթեան: