ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԸ Կ՚ԱՇԽԱՏԻ ԱՇԽՈՅԺ
Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս ամէն տարի շուրջ 200 հազար թերթ փաստաթուղթ կը թուայնացուի։ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուց՝ թէ մօտաւոր հաշուարկներով 350 միլիոն փաստաթուղթ ի պահ դրուած է իրենց մօտ։ Իւրաքանչիւր փաստաթուղթ կրնայ բաղկացած ըլլալ մէկ կամ աւելի էջերէ։ Այդ բոլորի փորձնական թուայնացումը սկսած է 2004-ին։ Իսկ բուն աշխատանքները կը տարուին 2010-էն ի վեր։ Տնօրէնը ընդգծեց, որ թուայնացման համար անհրաժեշտ սարքաւորումները նուիրուած են բարերարներու կողմէ, որոնք գիտակցած են այդ բոլորի կարեւորութեան։
Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս կը թուայնացուին նաեւ լսատեսողական առարկաներ։ Այս տարի ընթացքի մէջ են վաւերագրական ժապաւէններու թուայնացման աշխատանքները։ «Մենք չենք վերացներ որեւէ թուղթէ առարկայ, պարզապէս աւելի կիրառելի կը դարձնենք զանազան փաստաթուղթերու թուայնացեալ տարբերակները», ըսաւ տնօրէնը։