«ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ»Ը ՍՏԱՑԱՆ ՏԱՍՆ ԱՐԱԲ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ

«Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հիմ­նադ­րա­մի միա­ցեալ  նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող եւ 7 մի­լիոն տո­լա­րի ֆոնտ ու­նե­ցող «Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան կրթա­թո­շակ» ստա­ցած տասն ու­սա­նող­ներ՝ Սու­րիա­յէն, Պա­ղես­տի­նէն, Յոր­դա­նա­նէն, Լի­բա­նա­նէն Սեպ­տեմ­բե­րին պի­տի սկսին ի­րենց ուս­ման՝ Աշ­խար­հի միա­ցեալ գո­լէճ­ներ (United World Colleges) ցան­ցի դպրոց­նե­րուն մէջ: Այս ու­սա­նող­նե­րը ընտ­րուած են ի­րենց ու­սում­նա­կան բարձր յա­ռաջ­դի­մու­թեան հի­ման վրայ: Ա­նոնք կա՛մ գաղ­թա­կան են, կա՛մ տե­ղա­հա­նուած, կ՚ապ­րին ծայ­րա­յեղ աղ­քա­տու­թեան պայ­ման­նե­րու մէջ կամ՝ ա­ռանց ծնող­քի (խնա­մա­կա­լի): Ու­սա­նող­նե­րէն եօթն պի­տի ու­սա­նին Հա­յաս­տա­նի Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին դպոցին մէջ, որ ու­սա­նող­ներ ու­նի աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան վաթ­սուն եր­կիր­նե­րէ: Ծրագ­րի տե­ւո­ղու­թեան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րուն մէջ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րէ, տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րէ եւ աղ­քա­տու­թե­նէ տու­ժած հա­րիւր փոք­րիկ­նե­րու բա­ցա­ռիկ կա­րե­լիու­թիւն պի­տի տրուի կրթու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու Աշ­խար­հի միա­ցեալ գո­լէճ­ներ մի­ջազ­գա­յին ցան­ցի դպրոց­նե­րուն մէջ: Ծրա­գի­րը հիմ­նադ­րուած է իբ­րեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան դրսե­ւո­րում Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ո­րոնք հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ՝ Ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն, օ­թե­ւան եւ սնունդ տուին հայ տա­րագ­րեալ­նե­րուն:

«Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիր­նե­րը յայ­տա­րա­րած են նաեւ Ա­մալ Քլու­նիի ա­նուան կրթա­թո­շա­կի շա­րու­նա­կու­թեան մա­սին: Ար­դէն երկ­րորդ տա­րին է, որ այս կրթա­թո­շա­կը կա­րե­լիու­թիւն կու տայ լի­բա­նան­ցի ու­սա­նո­ղու­հիի մը անվ­ճար ու­սա­նե­լու Դի­լի­ջա­նի Մի­ջազ­գա­յին դպրոցին մէջ՝ հե­տե­ւե­լով եր­կա­մեայ մի­ջազ­գա­յին պսա­կա­ւո­րի աս­տի­ճա­նի:

Կրթա­թո­շա­կը կը տրուի այն ու­սա­նո­ղու­հիին, որ լաւ ար­դիւնք­ներ ու­նի եւ հե­տաքրք­րուած է մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րով ու մի­ջազ­գա­յին հիմ­նա­կան հար­ցե­րով: Կրթա­թո­շա­կը հիմ­նուած է մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու մի­ջազ­գա­յին պաշտ­պան Ա­մալ Քլու­նիի ի պա­տիւ՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ամ­րապն­դել միջմ­շա­կու­թա­յին կրթու­թիւնն ու փո­խըմբռ­նու­մը:

«Մենք հպարտ ենք, որ կրնանք ու­սում եւ մի­ջազ­գա­յին փոր­ձա­ռու­թեան կա­րե­լիու­թիւն ըն­ձեռ­նել Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ար­ժա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ժա­մա­նա­կին դար­ձած է նաեւ մեծ թի­ւով հա­յե­րու տու­նը», յայտ­նած է «Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիր Ռու­բէն Վար­դա­նեան: «Աշ­խար­հի տար­բեր կող­մե­րէ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­մախմ­բե­լով՝ մենք կը փոր­ձենք ա­նոնց մօտ կա­նուխ տա­րի­քէ մի­ջազ­գա­յին երկ­խօ­սու­թեան եւ փո­խըմբռն­ման մշա­կոյթ ստեղ­ծել, երբ նոր-նոր կը ձե­ւա­ւո­րեն փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ մար­դու ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գը: Յոյ­սով ենք, որ այս­պէ­սով մենք զա­նոնք կը մղենք փո­խըմբռն­ման, զի­րար հասկ­նա­լու՝ նոյ­նիսկ դժուա­րին պա­հե­րուն», ա­ւել­ցու­ցած է ան:

Ա­մալ Քլու­նիի կրթա­թո­շա­կա­ռուն ընտ­րուած է ա­ւե­լի քան քա­ռա­սու­նե­րեք հո­գի­նոց վերջ­նա­կան ցան­կէն, յատ­կա­պէս նկա­տի առ­նուած է ա­նոր բա­ցա­ռիկ յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը, լա­ւա­տե­սու­թիւնն ու ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, զորս ան կը ծրագ­րէ լա­ւա­գոյն ձե­ւով դրսե­ւո­րել ի­րա­ւա­բա­նա­կան ուս­ման տա­րի­նե­րուն:

«Հպարտ ենք, որ կրնանք ա­ջակ­ցիլ գա­լիք սե­րուն­դի կին ա­ռաջ­նորդ­նե­րու կա­յաց­ման: Մենք շատ ու­րախ ենք այն կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն հա­մար, զորս այս կրթա­թո­շա­կը կ՚ըն­ձե­ռէ Լի­բա­նա­նի եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի միւս եր­կիր­նե­րու ու­սա­նո­ղու­հի­նե­րուն առ­ջեւ», ը­սած է Ռու­բէն Վար­դա­նեան:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016