ՄԵՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ, ԻՍԿ ԱՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵԼԷ ՎԵՐՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՌՆՈՒԵՑԱՒ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ
15 Յուլիսի ձախող պետական հարուածին զուգահեռ ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջագծով ձերբակալուեցաւ յայտնի մտաւորական մը՝ Փրոֆ. Մեհմէտ Ալթան։ Հարկ է նշել, որ աւելի քան տասն օրէ ի վեր Մեհմէտ Ալթան եւ իր եղբայրը՝ լրագրող-հրապարակագիր Ահմէտ Ալթան կը հարցաքննուէին։ «Անատոլու» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ հարցաքննութենէն վերջ դատարանը որոշած է կալանաւորել Մեհմէտ Ալթանը։
Ահմէտ Ալթան, որ երէկ ազատ արձակուած էր, այս առաւօտ Շիշլիի մէջ վերստին հսկողութեան տակ առնուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ։ Արդարեւ, դատախազութիւնը առարկութիւնով հանդէս եկաւ՝ Ահմէտ Ալթանի ազատ արձակուելու կարգադրութեան դէմ։ Ուստի ոստիկանութիւնը վերստին հսկողութեան տակ առաւ զինքը։ Ան տարուեցաւ Վաթան պողոտայի Իսթանպուլի անվտանգութեան տնօրէնութիւնը, ուր հարցաքննուեցաւ։ Ահմէտ Ալթան այսօր կը տարուի Չաղլայանի արդարադատութեան ատեանը, ուր կը շարունակուի իր հարցաքննութիւնը դատախազին կողմէ։
Ալթան եղբայրներու հարցաքննութեան պատճառ դարձած էին պետական հարուածի փորձէն օր մը առաջ իրենց մասնակցած հեռուստահաղորդումի մը ընթացքին կատարուած կարգ մը յայտարարութիւնները։