ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՈՐՈՆՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի Մինք­սեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ կը պատ­րաս­տուին մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին նոր այ­ցե­լու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նել դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Հարկ է նշել, որ միջ­նորդ­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն Նիւ Եոր­քի մէջ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ, ո­րոնք այն­տեղ մաս­նակ­ցե­ցան ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի նոր՝ 71-րդ նս­տաշր­ջա­նի բաց­ման փու­լի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Նա­խա­րար­նե­րու հետ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ միջ­նորդ­նե­րը ե­րէկ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Այս վեր­ջի­նը հրա­պա­րա­կուե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի գրա­սե­նեա­կին կող­մէ։ Հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը Նիւ Եոր­քի մէջ Նալ­պան­տեա­նի եւ Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ շա­րու­նա­կած են քննար­կում­նե­րը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ա­նոնք յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն ըն­ծա­յած են՝ ան­ցեալ Մա­յի­սին Վիեն­նա­յի մէջ եւ ան­ցեալ Յու­նի­սին Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին ըն­դու­նուած ո­րո­շում­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան նկատ­մամբ։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս քննար­կուած են այն հե­տա­գայ քայ­լե­րը, ո­րոնք կրնան յար­մար մի­ջա­վայր ստեղ­ծել ա­ռար­կա­յա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջըն­թա­ցին հա­մար, ինչ որ կրնայ ա­պա­հո­վել հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը։ Միջ­նորդ­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին այն ա­ռա­ջարկ­նե­րուն շուրջ, ո­րոնք կրնան քննար­կուիլ կող­մե­րուն մի­ջեւ։ «Մեր կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը պատ­րաստ են կազ­մա­կեր­պել եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու կամ նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պում՝ ա­նոնց հա­մար ըն­դու­նե­լի ժամ­կէ­տով։ Մենք կը ծրագ­րենք մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին այ­ցե­լել տա­րած­քաշր­ջան», տե­ղե­կա­ցուած է միջ­նորդ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Իր կար­գին, Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայտ­նեց, թէ ի­րենք ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ կա­րե­ւոր հար­ցե­րուն ուղ­ղու­թեամբ յա­ռա­ջըն­թա­ցի։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, որ Ատր­պէյ­ճան քա­նի մը ա­մի­սէ ի վեր կը մեր­ժէ ի­րա­կա­նաց­նել Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը՝ այս­պէ­սով իսկ խո­չըն­դո­տե­լով բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռա­ջըն­թա­ցին տե­սա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծու­մը։ Նալ­պան­տեան եւ միջ­նորդ­նե­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու նպա­տա­կով Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ժա­մա­նակ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016