ԿԵԱՆՔԸ ԵՐԿՈ՛ՒՆՔ ՄԸՆ Է
Կեանքը՝ որ կ՚ապրինք, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, ցաւերու, վիշտերու եւ վերջապէս անգութ մահուան դէմ պայքա՛ր մըն է։ Այս իմաստով կեանքը մահուան պատրաստութեան մէջ երկունք մըն է։ Եւ թերեւս շատ տարօրինակ պիտի թուի, բայց կեանքը կ՚ապրի մարդ՝ մեռնելու համար։ Ուրեմն կեանքը երկո՛ւնք մըն է…։
Եւ այս անընդհատ եւ անվերջ երկունքին մէջ կ՚ապրի մարդ իր կեանքը, իր հեռանկարներով, ծրագիրներով, մե՜ծ մե՜ծ մտածումներով, որոնք ի վերջոյ կ՚իրականան կամ ո՛չ, կ՚ամբողջանան կամ անաւարտ կը մնան, անծանօթ պահու մը պատահած մահուան առիթ տուած կամ ընդհատած չափով։ Ուրեմն կեանքը ապրելու ընթացքը կախում ունի մահուան պահէն եւ ա՛ն կ՚որոշէ ամէն վիճակ ու կացութիւն։
Կեանքը ստորակէտներով կը յառաջանայ, եւ վերջակէտը կը պատկանի միա՛յն «մահ» կոչուած անծանօթ «պահ»ուն։ Արդարեւ, «ՄԱՀ»ը «ՊԱ՛Հ» մըն է, որ կ՚որոշէ կեանքի ընթացքը եւ տեւողութիւնը։ Մահը ուրեմն «պա՛հ» մըն է, որ կ՚որոշէ ամէն ինչ, ամէն իրողութիւն, որուն կ՚ըսենք «կեա՛նք»։
Մահուան մասին, ընդհանրապէս չեն ուզեր խօսիլ մարդիկ, քանի որ վախ մը ունին, կասկած մը, տարակուսանք մը՝ թէ պիտի չկարենան իրականացնել իրենց հեռանկարները, եւ պիտի չկարենան հասնիլ իրենց ծրագրած նպատակներուն։ Բայց մահը անգո՛ւթ է, չի խնայեր, չի շեղիր եւ կը հասնի պա՛հ մը՝ որ «մահ»ն է եւ կը դնէ «վերջակէ՛տ»ը։
Ուստի վերջակէտը կը պատկանի մահուան միայն, մարդիկ պէտք է ապրին իրենց կեանքը ստորակէտներով եւ կէտերով, եւ վերջակէտը պէ՛տք է թողուն միայն մահուան՝ յայտնի մահուան, որուն պահը անծանօթ է։ Մահը, այս իմաստով, կեանքի միակ ճշմարտութի՛ւնն է, քանի որ անպայման կը պատահի եւ երբեք չի շեղիր իր պահէն։ Մահը եւ պահը անբաժա՛ն են։
Ըսինք, մարդիկ չեն ուզեր խօսիլ մահուան մասին, հապա ինչպէ՞ս չի խօսուիր, երբ ան կեանքի ամենէն ճշմարիտ պա՛հն է՝ անշեղ ու հաստատ։
Մահը վա՛խ է, քանի որ կորուստ կ՚ենթադրէ. ամենէն առաջ կեանքի կորուստ, սիրելի՜ներու, հարազատներու կորո՛ւստ եւ ծրագիրներու, հեռանկարներու, մտադրութիւններու կորուստ՝ անծանօթ պահու մը՝ որ մա՛հ կը կոչուի։
Այո, սիրելի՜ներ, մահը պա՛հ մըն է, այն պահը, երբ մահը կը դնէ «վերջակէտ»ը։
Ո՜վ գիտէ այդ բոլորովին անծանօթ պահը։
Իրաւ է, որ երբեմն բժիշկներ կը փորձեն որոշել այդ պահը, բայց ո՞րքան կը յաջողին ճիշդ պահը որոշելու՝ իրենք ալ չեն գիտեր։
Արդարեւ բժիշկներու պարտականութիւնը դարմանել է, եւ ո՛չ թէ պահը որոշել։ Անոնք պատասխանատու են դարմանելու, բժշկելու հիւանդը, իսկ եթէ պահը որոշել փորձեն՝ կրնան սխալիլ եւ անցնիլ իրենց պատասխանատուութեան սահմանը։ Կ՚ըսուի, թէ բժիշկը, երկրի վրայ Աստուծոյ ձեռքն է, բայց ո՛չ երբեք Աստուած՝ Ի՛նք։
Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ համար մեր խորհրդածութիւնը իր սկսած կէտէն տարբեր ուղղութիւն մը ստացաւ, թերեւս անցեալի յուշեր եւ տպաւորութիւններ, ծածկուած գիտակցութեան յայտնումը, կորուստներ, բայց ո՛չ երբեք մահուան՝ այդ խորհրդաւոր պահէն վախ, քանի որ մահը մեզի համար «անծանօթ» չէ՛, եթէ ո՛չ բարեկամ, բայց յայտնի, ճանչցուած, որուն միայն պահը անծանօթ է։ Եւ եթէ մարդ պատրաստ է զայն դիմաւորելու, ապա ուրեմն հարց չկա՛յ, երբ որ ուզէ այն պահուն թող գայ մահը։ Այն որ կ՚ապրի կեանքի երկունքը՝ գիտակից կամ անգիտակից, պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր հետեւանքին՝ որ մա՛հն է, անծանօթ եւ խորհրդաւոր այն պա՛հը։
Կորուստներով զօրացած հոգին ուրախութեամբ, ժպիտով կը դիմաւորէ այդ խորհրդաւոր պահը՝ մա՛հը։ Եւ մարդ որքան զօրաւոր ըլլայ, մահը այնքան կը տկարանայ, այնքան անզօր կ՚ըլլայ, եւ վերջապէս վերջակէտ մը իսկ դնելու կարողութիւնը չ՚ունենար, եւ ահաւասիկ ա՛յս է մահուան դէմ մարդուս յաղթանակը, ա՛յս է անմահութիւնը եւ ա՛յս է յաւիտենական կեանքին բացուող դուռը։ Երբ մարդ պարտութեան մատնէ վախը, հոն այլեւս սէրը կը տիրապետէ, եւ կը զօրացնէ մարդս իր կեանքի պայքարին մէջ, որ մղուած է մահուան դէմ՝ մշտնջենաւոր պայքա՛րով մը։
«Մահը ապրիլ…»։ Կարելի՞ է ասիկա, կարելի՞ է որ այս երկու հակադիր վիճակները՝ մահը եւ կեանքը նոյն պահուն ապրուին։ Կարելի՛ է սիրելի՜ բարեկամներ, կարելի՛ է, նախ երբ մարդ մահուան վտանգի մը մէջ կը գտնուի, թէ՛ կեանքը, թէ՛ մահը կը զգայ, կ՚ապրի։ Յետոյ, սիրելի՜ներ, մարդ մահը կ՚ապրի երբ իրմէ մաս մը, հոգիէն կտոր մը բաժնուի, հեռանայ… ըսենք՝ մեռնի՛, մահուան ենթարկուի։
Արդարեւ մահը կենդանի ապրիլ՝ կը զօրացնէ մարդս, քանի որ անով մահուան դէմ փորձառութիւն կը ստանայ, կ՚ըսէ.- ահաւասի՛կ, այս է մահը, տեսնուածէն եւ կարծուածէն աւելի զօրաւոր չէ, քանի որ զայն «ապրիլ» կարելի է։ Մարդուս շատ աւելի կ՚ազդէ բան մը՝ որ չէ փորձուած, բոլորովին անծանօթ է, կը վախնայ, քանի որ անոր հետեւանքները ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ չի գիտե՛ր։
Մահուան ամենամեծ վտանգը՝ իր պատճառած վա՛խն է, այդ վախը որքան պակսի եւ կորսնցնէ իր սաստկութիւնը, մահը այնքան կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը, կը տկարանայ եւ ի վերջոյ պարզ երեւոյթ մը կ՚ըլլայ, բայց, անշուշտ ասիկա հոգեւոր հասունութիւն եւ լայն փորձառութիւն կը պահանջէ եւ ստանալ դիւրին չէ՛։
Երբ կը սկսի մեղամաղձոտ աշնան եղանակը, ամէն 23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐին, այս գրիչը կ՚ապրի մահուան այն պահը, երբ 9 տարի առաջ դիմաւորուեցաւ իր երէցկինը՝ ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆը, եւ միասին ապրեցան մահուան պահը՝ մէկը՝ հո՛ն, միւսը՝ հո՛ս, բայց միասի՛ն։ Եւ հոս՝ երէցկին Աննիկը կ՚ապրի կեանքը, ինչպէս այս գրիչը կ՚ապրի մա՛հը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 19, 2016, Իսթանպուլ