ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Նիւ Եոր­քի մէջ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ՝ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 71-րդ նս­տաշր­ջա­նի բաց­ման փու­լի աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով։ Իր ե­լոյ­թին մէջ ան անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։ Նալ­պան­տեա­նի խօս­քին կո­րի­զը կազ­մեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ.

«Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը խա­ղաղ ի­րա­կա­նաց­նե­լու ձգտման ռազ­մա­կան ար­ձա­գան­գը միայն կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ նման ձգտում­նե­րու ի­րա­ւա­ցիու­թիւ­նը եւ նա­խա­յար­ձա­կը կը զրկէ տուեալ ժո­ղո­վուր­դին վրայ իշ­խե­լու նկրտում­նե­րէն։ Ինչ­պէս ի­րա­ւա­ցիօ­րէն կը նշէ ՄԱԿ-ի՝ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին ար­դար աշ­խար­հա­կար­գի ա­ջակց­ման հար­ցե­րով փոր­ձա­գէ­տը՝ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը որ­պէս հա­կա­մար­տու­թեան աղ­բիւր ըն­կա­լե­լու փո­խա­րէն, ա­ւե­լի ճիշդ է զի­նեալ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը դի­տար­կել որ­պէս ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի ոտ­նա­հար­ման հե­տե­ւանք։

«Ատր­պէյ­ճան յա­մա­ռօ­րէն կը հրա­ժա­րի ճանչ­նա­լէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը։ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած ազ­գա­յին զտում­նե­րու եւ սան­ձա­զեր­ծուած բռնու­թեան հե­տե­ւեան­քով 1980-ա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան եւ 1990-ա­կան­նե­րու սկիզ­բին հա­յե­րը ջար­դե­րու են­թար­կուե­ցան եւ ար­տաք­սուե­ցան ի­րենց բնա­կա­վայ­րե­րէն։ Խա­ղա­ղու­թեան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր Անտ­րէյ Սա­խա­րով սա ո­րա­կեց որ­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի դէմ նոր ցե­ղաս­պա­նու­թեան վտանգ։

«Այս տա­րի եւս, Ապ­րի­լի սկիզ­բին Ատր­պէյ­ճան, կոպ­տօ­րէն խախ­տե­լով հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րը, նոր լայ­նա­ծա­ւալ բռնու­թիւն սան­ձա­զեր­ծեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ՝ ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան թի­րա­խա­ւո­րե­լով քա­ղա­քա­ցիա­կան կա­ռոյց­նե­րը եւ բնակ­չու­թիւ­նը։ Զո­հե­րու շար­քին էին 12-ա­մեայ տղայ մը, 92-ա­մեայ կին մը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի զի­նեալ ու­ժե­րու ե­րեք զի­նուոր­ներ Ի­ՇԻՊ-ի բնո­րոշ ո­ճով գլխա­տուած էին, ա­պա ցու­ցադ­րուած Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղաք­նե­րուն եւ գիւ­ղե­րուն մէջ, հրա­պա­րա­կուած ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ։ Ա­ւե­լի՛ն, Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րը հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն պար­գե­ւատ­րեց այդ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կա­տա­րող­նե­րը։ Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի միջ­նոր­դու­թեամբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ զո­հե­րու մար­մին­նե­րու փո­խա­նակ­ման ժա­մա­նակ ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ յանձ­նուած հայ զի­նուոր­նե­րու մար­մին­նե­րուն վրայ առ­կայ էին կտտանք­նե­րու եւ խոշ­տան­գում­նե­րու ան­հեր­քե­լի նշան­ներ։ Նման զար­հու­րե­լի ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը հե­ռու են քա­ղա­քա­կիրթ աշ­խար­հի տար­րա­կան չա­փա­նիշ­նե­րէն եւ մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան ի­րա­ւուն­քի կոպ­տա­գոյն խախ­տում­ներ կը հան­դի­սա­նան։

«Ապ­րի­լի բռնու­թիւ­նը լուրջ վնաս հաս­ցու­ցած է խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցին։ Հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հան­դէպ վստա­հու­թեան վե­րա­կանգն­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ձեռ­նար­կել մի­ջոց­նե­րու, ո­րոնք պի­տի կան­խեն ու­ժի կի­րա­ռու­մը եւ խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղուե­լուն տե­սա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ պի­տի ստեղ­ծեն։ Սա էր Մա­յի­սին Վիեն­նա­յի մէջ եւ Յու­նի­սին Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն գլխա­ւոր նպա­տա­կը։ Նախ եւ ա­ռաջ, հրա­մա­յա­կան է այս գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րուած ու ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Ա­ռա­ջին՝ 1994-1995 թուա­կան­նե­րու հրա­դա­դա­րի ե­ռա­կող­մա­նի, ան­ժամ­կէտ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու լիա­կա­տար ի­րա­կա­նա­ցում։ Երկ­րորդ՝ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան ստեղ­ծում եւ եր­րորդ՝ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի անձ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սե­նա­կի կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ընդ­լայ­նում։ Ի հե­ճուկս այս բո­լո­րին, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը յա­ջո­ղած է ինք­նա­պաշտ­պա­նուիլ եւ ստեղ­ծել ա­զատ ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն։

«Միջ­նորդ պե­տու­թիւն­նե­րու՝ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրան­սա­յի եւ Ռու­սաս­տա­նի հետ հա­մա­տեղ Հա­յաս­տան պի­տի շա­րու­նա­կէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը։

«Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը հռչա­կած են հիմ­նախնդ­րի հան­գու­ցա­լուծ­ման քա­ղա­քա­կիրթ բա­նա­ձեւ մը՝ քուէա­թեր­թիկ­ներ փամ­փուշտ­նե­րու փո­խա­րէն։ Հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած ա­ռա­ջար­կը կ՚ամ­րագ­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վերջ­նա­կան ա­պա­գայ կար­գա­վի­ճա­կի ո­րո­շու­մը՝ ա­նոր բնակ­չու­թեան ի­րա­ւա­կան պար­տա­դիր ուժ ու­նե­ցող կամ­քի ար­տա­յայտ­ման մի­ջո­ցաւ։ Ա­նոնք, ո­րոնք միջ­նա­դա­րեան բար­բա­րո­սու­թեան մտա­ծե­լա­կեր­պով կ՚ա­ռաջ­նոր­դուին, հա­զիւ թէ կա­րե­նան ըն­դու­նիլ ժա­մա­նա­կա­կից աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կիրթ մօ­տե­ցում­նե­րը՝ ինչ որ դրսե­ւո­րուե­ցաւ Ապ­րի­լին»։

ՄԱԿ-ի ամ­պիո­նէն ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Ե­դուարդ Նալ­պա­նեան խօ­սե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի են­թար­կուած շրջա­փակ­ման շուրջ։

Միւս կող­մէ, Նալ­պան­տեան Նիւ Եոր­քի մէջ ու­նե­ցաւ նաեւ շարք մը երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Այս շրջագ­ծով ան տե­սակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան Ար­տա­քին գոր­ծոց եւ անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նիի, Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէի եւ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նա­խարար Վելիտ Մուալլիմի հետ։

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2016