ԼԻԺԻ ՓՈՒԼՃՈՒ-ՉԻԶՄԷՃԵԱՆ ԳՐԻ ԱՌԱՒ ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԻՐ ՅՈՒՇԵՐԸ
Կղզիներու Մշակութային միութեան հրատարակութիւններուն շրջագծով ներկայիս լոյս տեսած է Լիժի Փուլճու-Չիզմէճեանի գիրքը, որ կը կոչուի «Մեծ կղզիի մէջ կորսուած ժամանակներ» (Büyükada'da Kayıp Zamanlar)։ Հեղինակը այս գիրքին մէջ կը ցոլացնէ 1931 թուականէն մինչեւ այսօր կղզիի միջավայրը, յայտնի ընտանիքները, եզակի միջավայրները, դպրոցներն ու շուկան, պանդոկներն ու սրճարանները։ Այս բոլորը ան կը ներկայացնէ հաղորդական ոճով մը։
Լիժի Փուլճու-Չիզմէճեան, որ Հայ Կաթողիկէ ընտանիքի մը դուստրն է, Մեծ կղզիի ապրումներուն առընթեր գիրքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Սարըեէրի մէջ անցած իր մանկութեան շրջանին։ Ան ուսանած է «Նոթրը Տամ Տը Սիոն» ֆրանսական լիսէին մէջ եւ աւելի վերջ աւարտած՝ Իսթանպուլի համալսարանի Անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան բաժինը։ Իր վկայուած լիսէին մէջ եղած է անգլերէնի ուսուցչուհի, աւելի վերջ ալ ֆրանսերէնի ուսուցչուհի։ Չիզմէճեանի ֆրանսերէնով գրի առնուած յուշերը առաջին անգամ 2006 թուականին հրատարակուեցան թրքերէնով։ Իր առաջին գիրքը կը կոչուէր «Իսթանպուլի մէջ կորսուած ժամանակներ», որ լոյս տեսած էր «Իշ» դրամատան հրատարակութիւններու շարքէն։
Բոլորովին վերջերս լոյս տեսած Մեծ կղզիի վերաբերեալ այս գիրքը արժանացած է հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Մեծ կղզիի մէջ Լիժի Փուլճու-Չիզմէճեան արդէն երկու շնորհանդէսներու շարժառիթով առիթն ունեցած է ընթերցողներու համար մակագրելու իր գործը։