ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇԵՑ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԸ
Մեծ Պահոց Միջինքին առթիւ Թագսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ երէկ առաւօտ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, զոր մատոյց Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան Գերապայծառը։ Աւելի վերջ նոյն եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը՝ Եըլտըզի պուրակի «Վերա փարք» ճաշարանին մէջ։ Ներկայ էին Զէքիեան Գերապայծառը, Տ. Գէորգ Արք. Խազումեան Գերապայծառը, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հայ կաթողիկէ հոգեւորականաց դասէն դէմքեր, ինչպէս նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները եւս համախմբուած էին սեղաններուն շուրջ, բազմաթիւ հիւրերու եւ համակիրներու առընթեր։
Ճաշկերոյթը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Ապա սրտի խօսք մը արտասանեց տիկնանց կազմէն Մարի Միմար։ Արտայայտուեցան նաեւ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան եւ Պեռնար Սարըպայ։ Վերջինս յայտնեց, թէ Ս․ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից տարածքին կառուցուելիք շէնքին արտօնագիրը շուտով պիտի հասնի եւ պիտի վերսկսին շինարարական աշխատանքները, որոնք պիտի ընդգրկեն նաեւ բուն հիւանդանոցի նոր շէնքին կառուցումը։
Ձեռնարկի կազմակերպիչ տիկիններն էին Մարի Միմար, Մարգրիտ Թէրտէքեան, Գարօլ Թէրզիօղլու, Արուսեակ Սուլթանօղլու եւ Իվէթ Տիլլի։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024