ՔՍԱՆՀԻՆԳԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ (դ)
Ամենամեծ աղմուկը բարձրացաւ, երբ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Թուրկուտ Էօզալի թաղման, 1993 թուականի Ապրիլին: Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ ընդհանուր դրական մթնոլորտ մը կար: Ու հակառակ անոր, որ ՀՅԴ կտրականապէս դէմ էր այդ մօտեցումին, երկրի այդ օրերու բոլոր արտաքին գործոց նախարարները հանդիպումներ կ՚ունենային իրենց թուրք պաշտօնակիցներուն հետ: Այս առունով պէտք է նշեմ Վահան Փափազեանի անունը, որ բաւական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց իր թուրք գործընկերներուն հետ: Նոյն քաղաքական վարքը շարունակեց նաեւ Ալեքսանտր Արզումանեան, իսկ Ռաֆֆի Յովհաննիսեան, որ շատ կարճ ժամանակով զբաղեցուց երկրի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) Իսթանպուլի մէջ ունեցած ժողովի մը ընթացքին հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ըրած յայտարարութիւններուն համար պաշտօնանկ եղաւ: Վերադառնալով Փափազեանին, ան իր պաշտօնավարման երեք տարիներուն ընթացքին, երբ Թուրքիոյ մէջ շատ արագ ձեւով բազմաթիւ արտաքին գործոց նախարարներ կը փոխուէին, կը հասցնէր բոլորին հետ ալ հանդիպում ունենալ, ինչպէս՝ Չեթինի, Չիլլէրի, Քարաեալչընի եւ Սոյսալի հետ: Թուրքիա ունէր բոլոր պատճառները Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, բայց այդ չըրաւ:
Վերադառնալով հարցումին՝ կը կարծեմ պէտք է ըսեմ, որ այսօր Հայաստանի մէջ Հանրապետական կուսակցութեան շուրջ եղած երիտասարդութիւնը որոշակի չափով կը սրսկուի հակաթրքականութեամբ եւ հակաատրպէյճանական զգացումներով: Կը հասկնամ, որ այդ պատասխանն է Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած ատելավառ քարոզչութեան, բայց մեր մօտ եղածը ես սխալ կը համարեմ: Պէտք չէ հայ երիտասարդները ատելութեամբ «դաստիարակել»:
Ես որեւէ դրական գնահատական չտալով Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հասցէին՝ կրնամ ըսել, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հարցով ան կատարած է խիզախ քայլեր, նոյնիսկ հակադրուելով սփիւռքին եւ «դաւաճան»ի պատկեր ներկայանալով : Ու որքան ալ Սերժ Սարգսեանի եւ իր վարչախումբի Թուրքիոյ հանդէպ քաղաքականութիւնը փոխուած ըլլայ, բաւարար է, որ Թուրքիան քայլ մը կատարէ եւ այստեղ՝ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ 180 աստիճան միանգամայն կը փոխուի, եւ այն մարդիկ, որոնք մինչ այդ Թուրքիոյ դէմ կը խօսէին, կը սկսին հայ-թրքական յարաբերութեանց կարեւորութեան եւ երկու երկիրներու համերաշխութեան մասին ջատագովել, ինչպէս կը խօսէին «Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլ»ի ստորագրման օրերուն: Այստեղ ուշագրաւ օրինակ մը տալու համար յիշեմ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը, որ Հայաստան-Թուրքիա խաղէն առաջ իր դրօշին վրայէն հանեց Արարատ լեռը եւ անոր փոխարէն դրաւ ոտնագնդակ մը, որ ինքնին խայտառակութիւն մըն էր: Ուրիշ մը ծաղկած խնձորենին ցոյց տուաւ, որպէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու նշանաբան, այն պարագային, երբ հայոց մօտ աշնան ծաղկած խնձորենին չարիքի նշան է:
Այս ամէնը պէտք է ձգել մէկ կողմ, եւ իրատեսօրէն, սառնասրտօրէն մօտենալ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Ի վերջոյ Հայաստանի անկախութեան 25-րդ տար-ւան շեմին լաւ չէ, որ Հայաստան-Թուրքիա չունենան յարաբերութիւններ:
-Իր անկախութեան 25-րդ տարեդարձին ո՞ւր կ՚երթայ երկիր Հայաստանը:
-Ցաւօք, Հայաստան կ՚երթայ դէպի Մոսկուա, Հայաստան կը զիջի իր դիրքերէն ու կը տուժէ տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ ամենէն կարեւորը հոգեբանական առումներով։ Երբ Ատրպէյճան յարձակողական դիրքերու վրայ է եւ Թուրքիա կը շարունակէ մեր նկատմամբ քաղաքական հակառակութիւն ցոյց տալ, մեր փրկութիւնը կրկին ռուսերու գիրկը երթալն է: Այս մօտեցումը, բնականաբար, շատ վտանգաւոր է։ Այո՛, մենք քաղաքական, տնտեսական ռազմական առումով աւելի կը մօտենանք ռուսերուն, անոնց վերահսկողութեան տակ կը մտնենք, բայց ամենավտանգաւորը, որ հայերը սկսած են մտածել, թէ իրենց իսկական փրկութիւնը ոչ թէ դժուար ճանապարհով դրացիներու հետ լեզու գտնելն է, այլ գտնելն է երրորդ կողմ մը, որ մեզ պէտք է փրկէ թուրքերու եւ ազէրիներու հնարաւոր յարձակումներէն: Այս բոլորը վտանգաւոր են այն մտավախութեամբ, թէ օր մը ռուսերը կրնան թողել ու հեռանալ, եւ եթէ այդ սպառնալիքը մեր դրան մօտենայ եւ մենք կրկին անպաշտպան մնանք թուրքերու եւ ազէրիներու առջեւ:
-Ի՞նչ պէտք է ընել այս իրավիճակը դարմանելու համար:
-Շատ մեծ հարցում է: Ես չեմ գիտեր, թէ ինչ պէտք է ընել, բայց գիտեմ, որ պէտք է արթննալ, պէտք է մտածել, ամէն ինչ ընել, որպէսզի այս վիճակը երկար չտեւէ: Գիտեմ, որ իշխանութիւնները դիւրին վիճակի մէջ չեն։ Միւս կողմէ, երբ ունիս այս վիճակը, վստահ իշխանութիւններն են մեղաւորը։ Բայց եւ այնպէս, վստահ չեմ, որ իշխանութեան մէջ բոլորը համոզուած են, թէ այս վատ վիճակ է: Շատերու համար այս գերազանց իրավիճակ է, բնական իրավիճակ: Քսանհինգ տարի ապրած ենք, քսանհինգ մը եւս կ՚ապրինք, բայց մարտահրաւէրը միշտ կայ։ Գուցէ մեր սերունդը այս ձեւով կ՚ապրի քսանհինգ տարի եւս, մենք կը մեռնինք, բայց հնարաւոր է, որ ռուսերը հեռանան, Ատրպէյճանը պատերազմ յայտարարէ, Թուրքիան միջամտէ եւ մենք ի՞նչ իրավիճակի մէջ կ՚ըլլանք։ Միշտ պէտք է յոռեգոյնը սպասես, որպէսզի կ՚անխատեսես: Անընդունելի է այսպէս հանգիստ նստիլ ու կարծել, որ ամէն ինչ բնական է:
Հայաստանը իր ուժերն ու հնարաւորութիւնները հաշուի առնելով յոյս չդնէ երրորդ երկրի մը վրայ, ըլլայ Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ կամ այլ երկիր մը։ Ամենադժուարին պայմաններուն մէջ անգամ պէտք է փորձէ Թուրքիոյ հետ լեզու գտնել, հակառակ, որ հեշտ չէ այդ մէկը եւ փորձէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կրկին բերել օրակարգի, եւ զայն օրակարգին մէջ պահելով յարաբերութիւններու հեռա-նըկար ունենալ: Թուրքերը պէտք է առաջին քայլը կատարեն, բայց մենք եւս պէտք է աշխատինք այդ առիթը ստեղծելու եւ իրականութիւն դարձնելու համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
- վերջ -