ՍԵ­ՐՈՒՆԴ­ՆԵ­ՐՈՒ ՊԱՏ­ՄԱ­ԿԱՆ Ա­ՒԱՆ­ԴԸ

Չո­րեք­շաբ­թի, 14 Սեպ­տեմ­բեր 2016-ին, Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի «Ա­սեմպ­լի Հո­լ­»ին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի «Սե­րունդ­նե­րու պատ­մա­կան ա­ւան­դ» յա­տուկ հան­դի­սու­թիւ­նը՝ նոյ­նինքն հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կին առ­թիւ:

Հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ Տքթ. Ֆատ­լօ Խու­րի, շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն յղած իր ու­ղեր­ձին մէջ ընդգ­ծեց, թէ տա­րա­ծքաշր­ջա­նը (Մի­ջին Ա­րե­ւելք) եւ ա­նոր խնդիր­նե­րը պէտք ու­նին լու­ծում­նե­րու եւ անհ­րա­ժեշտ է, որ իբ­րեւ Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­ներ, ա­նոնք ի­րենց բա­ժի­նը բե­րեն այդ լու­ծում­նե­րուն մէջ:

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց յատ­կան­շա­կան ե­րե­ւոյթ մը:

Ա­ւե­լի քան մէկ դար եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, բազ­մա­հա­րիւր հայ ազ­գա­նուն­նե­րու կը հան­դի­պինք Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նէն վկա­յուած հունձ­քե­րուն մէջ: Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու «Սե­րունդ­նե­րու պատ­մա­կան ա­ւան­դ­»ին մէջ իւ­րա­յա­տուկ ա­ւան­դու­թիւն մը հաս­տա­տած է հան­րա­ծա­նօթ Ճէ­պէ­ճեան գեր­դաս­տա­նը: Չորս սե­րունդ­նե­րու վրայ եր­կա­րող ճա­նա­պարհ մը, սկսե­լով Այն­թա­պէն մին­չեւ Հա­լէպ, Լի­բա­նան, Կիպ­րոս եւ այ­լուր: Մէկ խօս­քով՝ չորս շրջա­նա­ւարտ: Նման հպար­տա­ռիթ ի­րո­ղու­թիւն մը դժուար թէ կրկնուէր սփիւռ­քա­հայ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ: Բնա­կա­նա­բար ող­ջու­նե­լի պի­տի ըլ­լա­յին բո­լո­րը:

Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նը (AUB), ա­ւե­լի քան մէկ դար, ոչ միայն ա­կա­դե­մա­կան կրթու­թիւն եւ վե­րա­պատ­րաստ­ման մի­ջոց­ներ հայ­թայ­թած է Ճէ­պե­ճեան գեր­դաս­տա­նին, այ­լեւ՝ ներշն­չած է ծա­ռա­յե­լու Սու­րիոյ, Լի­բա­նա­նի եւ Կիպ­րո­սի հա­մայնք­նե­րուն մէջ ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու եւ ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան:

Այն­թա­պի ե­րե­ւե­լի Ճէ­պէ­ճեան ըն­տա­նի­քը ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­ներ տուած է հայ ժո­ղո­վուր­դին: Տքթ. Հրայր Ճէ­պէ­ճեան ե­ղած է Տքթ. Ա­ւե­տիս Ճէ­պէ­ճեա­նի թոռ­նի­կը, որ 1915-ին եւ բռնա­գաղ­թի ա­լիք­նե­րուն տակ կը հաս­նի Հա­լէպ: Հօ­րեղ­բայ­րը, հա­լէ­պա­հայ նշա­նա­ւոր ակ­նա­բոյժ եւ մտա­ւո­րա­կան՝ Տքթ Ռո­պէր Ճէ­պէ­ճեա­նին:

Կա­րե­լի է միայն յար­գանք տա­ծել սփիւռ­քա­հայ հա­մայնք­նե­րու մէջ Ճէ­պէ­ճեան գեր­դաս­տա­նի ազ­գա­յին, հայ­րե­նա­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցուե­լով հա­սած են մեր օ­րե­րը եւ պի­տի շա­րու­նա­կուին ա­պա­գա­յին:

Եր­կար է Ճէ­պէ­ճեան ըն­տա­նի­քի ե­րախ­տա­ւոր­նե­րուն շա­ռա­ւի­ղը: Վե­րա­դառ­նանք այդ գեր­դաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նէն հունձ­քին:

Տքթ . Ա­ւե­տիս Ճէ­պէ­ճեան - Ծնած է Այն­թապ, Թուր­քիա: 1902-ին կը վկա­յուի Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան բա­ժան­մուն­քէն: Ա­ւե­տիս Ճէ­պէ­ճեան մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ Ե­ղեռ­նէն եւ Ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մէն ետք, հա­լէ­պա­հայ հա­մայն­քին ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:

Վա­հէ Ա­ւե­տիս Ճէ­պէ­ճեան - 1938-ին ա­ւար­տած է Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի

դե­ղա­գի­տա­կան կա­ճա­ռը: Ու­սո­ղու­թեան եւ բնա­գի­տու­թեան հան­ճար-մաս­նա­գէտ: Յա­տուկ սէր ցու­ցա­բե­րած է ե­րաժշ­տու­թեան հան­դէպ: Մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի ճա­զա­յին ե­րաժշ­տու­թեան խում­բի կազ­մու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ: Նուա­գած է սաք­սո­ֆոն: Ա­նոր նպաս­տը եւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մեծ ե­ղած է լի­բա­նա­նա­հայ ե­րաժշ­տա­կան եւ գե­ղա­րուես­տա­կան կեան­քին մէջ։

Տքթ. Հրայր Վա­հէ Ա­ւե­տիս Ճէ­պէ­ճեան - 1984 թուա­կա­նին Մա­գիստ­րո­սի աս­տի­ճան ստա­ցած է երկ­րա­գոր­ծա­կան տնտե­սա­գի­տու­թեան մէջ Ա­մե­րի­կեան հա­մա­սա­րա­նէն։

Իր տոք­թո­րա­կան աս­տի­ճա­նը ստա­ցած է Նիւ Եոր­քի Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան հա­մա­սա­րա­նէն, 2014-ին՝ Աս­տուա­ծա­շուն­չի յանձ­նա­ռու­թեան մէջ։ Եր­կար ժա­մա­նա­կէ կը վա­րէ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն մէջ Աս­տուա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի պաշ­տօ­նը: Գիր­քե­րու եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ, դա­սա­խօս, հրա­պա­րա­կա­գիր, ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան գոր­ծիչ: 2014-ին, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պար­գե­ւատ­րուած է «Մայ­րե­նի դես­պա­ն» շքան­շա­նով:

Տքթ. Ար­տա Ճէ­պէ­ճեան - Հրայ­րի կո­ղա­կի­ցը, 1999 թուա­կա­նին, Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նէն ստա­ցած է անգ­լիա­կան գրա­կա­նու­թեան մաս­նա­գի­տու­թեամբ Մա­գիստ­րո­սի վկա­յա­կա­նը: 2007-ին, Լես­թը­րի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ (Անգ­լիա) կա­տա­րած է տոք­թո­րա­կան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, մաս­նա­գի­տա­կան նիւթ ըն­դու­նե­լով կի­րա­ռա­կան լե­զուա­բա­նու­թիւ­նը:

Քսա­ներ­կու գիր­քե­րու հե­ղի­նակ եւ խմբա­գիր: Բազ­մա­թիւ գի­տա­կան գիր­քե­րու հե­ղի­նակ: Ներ­կա­յիս, Քուէյ­թի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի անգ­լե­րէ­նի բաժ­նին մէջ կը վա­րէ օգ­նա­կան փրո­ֆե­սէօ­րի եւ հա­մա­կար­գո­ղի պաշ­տօ­նը:

Ա­լիք Հրայր Վա­հէ Ա­ւե­տիս Ճէ­պէ­ճեան - Ճէ­պէ­ճեան մե­ծա­տոհ­մի նո­րա­գոյն ծի­լե­րէն: Կ­­՚ակն­կա­լուի, որ Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նէն 2017-ին վկա­յուի Ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան ա­ռեւ­տու­րի պսա­կա­ւոր ա­րուես­տից բա­ժի­նէն։

Ա­լիք մաս կը կազ­մէ Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նո­ղա­կան Outlook պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան: Ա­լիք կը նուա­գէ սրինգ-ֆլիւթ: Հինգ տա­րի շա­րու­նակ ե­ղած է Կիպ­րո­սի Ե­րի­տա­սար­դա­կան սիմ­ֆո­նիկ նուա­գա­խում­բի մե­նա­կա­տա­րը:

Ա­ՀԱ­ՐՈՆ ՇԽՐՏԸ­ՄԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016