Յիշեցում
Սամաթիոյ երէկուան մատաղօրհնութիւնը թէեւ ընթացիկ նշանակութիւն ունէր, սակայն համայնքի այժմու իրադրութեան տեսանկիւնէն ունէր եզակի նշանակութիւն։ 2016-2017 կրթական շրջանը ու զուգահեռաբար՝ մատաղօրհնութիւններու շրջանը սկսած էր յոռետես պայմաններու ներքեւ։ Այդ յոռետեսութեան համար կային տրամաբանական պատճառներ։ Արդարեւ, վերջին երկու տարիներու դրական ու ամբողջական նիւթական յատկացումներէն վերջ, այս տարի պետութիւնը որոշած է կրճատել թրքահայ վարժարաններուն համար տրամադրուած փոխանցումները։ Այս քայլն ալ անշուշտ ունի իր պատճառաբանութիւնները, իր հերթին, սակայն արդիւնքը այն է, որ մեր կրթական համակարգի կարեւոր մուտքերէն մին պիտի կրճատուի։
Ընդհանուր առմամբ, մեր դպրոցներու առաքելութեան տեւականացման ճանապարհին հիմնական երաշխիքը կը համարուի համայնքի զօրակցութիւնը։ Իսկ այս շրջանին, մեր համայնքի դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներով հանդերձ, համատարած պառակտում մը, անմիաբանութիւն մը ծագած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ձեւաւորուած արհեստական բեւեռները սկսած են զիրար սպառնալ՝ նոյնիսկ մեր վարժարաններուն բերուած զօրակցութեան վրայով։ Այս բոլորին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ երէկ ընդգծեց հեռատես վարիչներ ունենալու կարեւորութիւնը։
Բարեբախտաբար, Սամաթիոյ մէջ երէկ ակնկալուած հանգանակութիւնը կատարուեցաւ։ Նուիրահաւաքը այն մակարդակին հասաւ, որ հաւասարակշռուեցաւ այս վարժարանի պիւտճէն։ Սա եկաւ հանդիսանալ յիշեցում մը, թէ զօրակցութեան ամրապնդման պարագային կրնան ինքնաբերաբար բազմապատկուիլ մեր համայնքի հնարաւորութիւնները։
Ճիշդ է, որ այդ յոռետեսութեան նախադրեալները այսօր յաղթահարուած չեն համայնքային կեանքէն ներս, սակայն երէկուան արդիւնքը կու գայ բոլորին յիշեցնել, թէ աւելի լաւ է վայելել միասնականութեան ու զօրակցութեան բարիքները՝ քան մեր հաւաքական կեանքի ապականումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ