ԱԼՊԱՅՐԱՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՄԵԾԱՄՕՐԻ ՓԱԿՈՒԻԼԸ

Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք յայ­տա­րա­րեց, որ Մե­ծա­մօ­րի ա­թո­մա­կա­յա­նը կը շա­րու­նա­կէ մտա­հո­գու­թեան ա­ռիթ մը մնալ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի միւս հա­րե­ւան­նե­րուն հա­մար։

Վիեն­նա­յի մէջ, ՄԱԿ-ի տեղ­ւոյն կեդ­րո­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Այս առ­թիւ ան շեշ­տեց, թէ ժամ­կէ­տանց ա­թո­մա­կա­յան­նե­րու անվ­տան­գու­թեան խնդի­րը Թուր­քիոյ տե­սան­կիւ­նէն մտա­հո­գու­թեան ա­ռիթ մըն է։ Հե­տե­ւա­բար, նա­խա­րա­րը կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի բո­լոր եր­կիր­նե­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կեն նման կա­ցու­թիւ­նով ա­թո­մա­կա­յան­նե­րու պա­րա­գան։ Ալ­պայ­րաք մատ­նան­շեց, որ Հա­յաս­տա­նէ ներս Մե­ծա­մօ­րի ա­թո­մա­կա­յա­նը ու­նի 47 տա­րուան ան­ցեալ մը ու կը գտնուի Թուր­քիոյ սահ­մա­նէն միայն 16 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ։ Ալ­պայ­րա­քի խօս­քե­րով, Մե­ծա­մօ­րի ա­թո­մա­կա­յա­նը զուրկ է պաշտ­պա­նա­կան կա­ռոյց­նե­րէ, հե­տե­ւա­բար պէտք է փա­կուի։

Վիեն­նա­յի իր ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Ալ­պայ­րաք ընդգ­ծեց, թէ հիւ­լէա­կան անվ­տան­գու­թիւ­նը պէտք է հա­մա­րուի գե­րա­դաս եւ ան­հրա­ժեշտ նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րը պէտք է ձեռք առ­նուին ռիս­քե­րու կան­խար­գիլ­ման հա­մար։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016