ԻՄԱՍՏԸ՝ «ՍԻՐՏ» ԵԶՐԻՆ

Ընդ­հա­նուր մարդ­կա­յին պատ­մու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ «սիրտ»ը կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ եւ ու­ղե­ցոյց մը կ՚ըլ­լայ ա­նոնց զար­գաց­ման հա­մար։

Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր ա­ւան­դու­թիւնն ալ շե՛շ­տը կը դնէ սրտին վրայ՝ որ սուրբ գրա­յին ի­մաս­տով՝ «խորքն է էա­կին», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Մար­գա­րէն. (ԵՐՄ. ԼԱ 33)։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, հո՛ս է որ մարդ կը վճռէ՝ «Աս­տու­ծոյ հետ» կամ «Աս­տու­ծոյ դէ՛մ» ըլ­լալ։ Եւ երբ հար­ցը՝ «սիրտ»ի մա­սին է, կ՚ար­ժէ անդ­րա­դառ­նալ սրտով աղ­քա­տու­թեան։

Յի­սուս կը պա­տուի­րէ Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ որ նա­խընտ­րեն զԻնք ա­մէն բա­նէ եւ ա­մէն ան­ձէ վեր եւ կ՚ա­ռա­ջար­կէ ա­նոնց, որ «հրա­ժա­րին ի­րենց ա­մէն ու­նե­ցա­ծէն» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 33), Ի­րեն եւ Ա­ւե­տա­րա­նին հա­մար։ Իր չար­չա­րան­քէն մի­ջոց մը ա­ռաջ՝ Ան ա­նոնց իբր օ­րի­նակ տուաւ «Ե­րու­սա­ղէ­մի աղ­քատ այ­րին», որ իր չքա­ւո­րու­թեան մէջ տուաւ «ի՛նչ որ ու­նէր իբր ապ­րուստ»։­

Ուս­տի հարս­տու­թիւն­նե­րէ հրա­ժա­րե­լու եւ ան­ջա­տուե­լու պա­տուէ­րը պար­տա­ւո­րի՛չ է եր­կին­քի Ար­քա­յու­թիւ­նը մտնե­լու եւ զայն կա­րե­նալ վա­յե­լե­լու հա­մար։

Տէ­րը կ՚ող­բայ հա­րուստ­նե­րը, քա­նի որ ա­նոնք ի­րենց ինչ­քե­րուն եւ ստա­ցուածք­նե­րուն ա­ռա­տու­թեան մէջ կը գտնեն ի­րենց խա­ղա­ղու­թիւ­նը եւ մխի­թա­րու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ, Յի­սուս կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ սի­րոյ զգա­ցում­նե­րու քան նիւ­թա­կա­նի, նիւ­թա­կան ար­ժէք­նե­րու եւ նիւ­թա­կա­նով ա­պա­հո­վուած ժա­մա­նա­կա­ւոր վա­յելք­նե­րու։

Քրիս­տո­սի բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը պար­տին «պատ­շաճ կեր­պով կա­նո­նա­ւո­րել ի­րենց սի­րոյ զգա­ցում­նե­րը», որ­պէս­զի աշ­խար­հի պատ­կա­նող ար­ժէք­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւ­նը եւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան աղ­քա­տու­թեան հո­գիի հա­կադ­րող ար­ժէք­նե­րուն եւ հարս­տու­թիւն­նե­րուն փա­րու­մը չշե­ղեց­նեն զի­րենք «սի­րոյ կա­տա­րե­լու­թեան» հե­տապն­դու­մէն։ Յի­սուս ե­րա­նի՜ կը կար­դայ հո­գիով աղ­քատ­նե­րուն. «Ե­րա­նի՜ հո­գիով աղ­քատ­նե­րուն» (ՄԱՏԹ. Ե 3)։ Ե­րա­նու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նեն դա­սա­ւո­րու­մը ե­րա­նու­թեան եւ շնորհ­քի, գե­ղեց­կու­թեան, բա­րու­թեան եւ ներ­քին խա­ղա­ղու­թեա՛ն։ Յի­սուս կը ներ­բո­ղէ աղ­քատ­նե­րուն տրուած ու­րա­խու­թիւ­նը, քա­նի որ ա­նո՛նցն է Ար­դա­րու­թիւ­նը. (ՂՈՒԿ. Զ 20)։

­Սուրբ Գրի­գոր Նիւ­սա­ցի այս մա­սին կ՚ը­սէ.

«Աս­տուա­ծա­յին Բա­նը մարդ­կա­յին հո­գիին կա­մո­վին խո­նար­հու­թիւ­նը եւ հո­գիով հրա­ժա­րու­մը կը կո­չէ.- Հո­գիով աղ­քա­տու­թի՛ւն։ Իսկ Ա­ռա­քեա­լը՝ Աս­տու­ծոյ աղ­քա­տու­թիւ­նը մե­զի օ­րի­նակ կու տայ երբ կ՚ը­սէ.- Աղ­քա­տա­ցաւ մե­զի հա­մար. (Բ ԿՈՐՆ. Ը 9)»։ Ուս­տի «ամ­բար­տա­ւա­նը կը փնտռէ երկ­րա­ւոր զօ­րու­թիւ­նը, մինչ­դեռ հո­գիով աղ­քա­տը կ՚ո­րո­նէ եր­կին­քի Ար­քա­յու­թիւ­նը» (Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս Աւ­րե­լիոս)։ Երկ­նա­յին Հօր Նա­խախ­նա­մու­թեան ա­պա­ւի­նի­լը կ՚ա­զա­տէ մար­դը վա­ղուան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն։ Աս­տու­ծոյ վրայ վստա­հու­թիւ­նը մար­դը կը տրա­մադ­րէ աղ­քատ­նե­րու ե­րա­նու­թեան։

Ար­դա­րեւ, ա­նոնք պի­տի տես­նեն զԱս­տուած։

«Սիրտ»ը բնա­կա­րանն է՝ ուր ես կամ, ուր ես կը բնա­կիմ եւ ըստ սե­մա­կան կամ սուրբ գրա­յին ա­սա­ցուած­քին՝ ուր ես «կ՚ի­ջե­ւա­նեմ»։ Սիր­տը մար­դուն թա­քուն կեդ­րո՛նն է, ան ան­հա­սա­նե­լի ու ա­նի­մա­նա­լի կը մնայ թէ՛ իր մտքին եւ թէ՛ ու­րի­շին հա­մար։ Միա՛յն Աս­տու­ծոյ Հո­գին կա­րող է զայն խո­րազն­նել, ու­սում­նա­սի­րել եւ ճանչ­նալ։

Ան ո­րո­շու­մին վայրն է. թաք­նուած՝ մարդ­կա­յին հո­գե­կան ձգտում­նե­րուն խո­րը։ Ան վա՛յրն է ճշմար­տու­թեան, հոն՝ ո՛ւր մարդ «կեանք» կամ «մահ» կ՚ընտ­րէ։ Ան հան­դի­պա­վայրն է՝ ուր Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րին նման, մարդս ալ կ՚ապ­րի յա­րա­բե­րու­մի կեան­քին մէջ. սիր­տը վա՛յրն է ուխ­տին։ Սիր­տը կեդ­րոնն է հա­ւատ­քին։

«Հա­յե­ցո­ղա­կան ա­ղօթք»ին ըն­թաց­քին եւ ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան ընտ­րան­քը կա­խում ու­նի վճռա­կան եւ սրտին գաղտ­նիք­նե­րը յայտ­նա­բե­րող «կամք»է մը։ Մարդ «հա­յե­ցո­ղա­կան ա­ղօթք»ը չ՚ը­ներ երբ ժա­մա­նակ գտնէ, այլ այդ ժա­մա­նա­կը ի՛նք կը սահ­մա­նէ՝ Տի­րոջ հետ ըլ­լա­լու հա­մար, այն հաս­տատ վճռա­կա­մու­թեամբ՝ որ նոյն ժա­մա­նա­կը մարդ ճամ­բուն կէ­սին ետ պի­տի չառ­նէ Ան­կէ, հա­կա­ռակ՝ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն ցա­մա­քու­թեան հան­դի­պե­լուն։

Ի՞նչ է «հա­յե­ցո­ղա­կան ա­ղօթք»ը։

Սրբու­հի Թե­րե­զա Ա­ւի­լա­ցի կը պա­տաս­խա­նէ.

«Հա­յե­ցո­ղա­կան ա­ղօթ­քը, ըստ իս, սերտ բա­րե­կա­մու­թեան ա­ռեւ­տուր մըն է՝ ուր առ դէմ ա­ռան­ձին կը խօ­սինք այն Աս­տու­ծոյ հետ, զոր գի­տենք որ մեզ կը սի­րէ»։­

Ուս­տի հա­յե­ցո­ղա­կան ա­ղօթ­քը կը փնտռէ «սրտին սի­րա­ծը» (ԵՐԳ. Ա 7)։ Եւ «սրտին Սի­րա­ծը» Յի­սուսն է, եւ Ա­նոր մէ­ջէն՝ Հա՛յ­րը։

Յի­սուս փնտռած է ե՛ւ փնտռուած, քա­նի որ այն մա­քուր հա­ւատ­քին մէջ է՝ Ի­րեն բաղ­ձա­լը միշտ սկիզբն է սի­րոյ եւ Ան փնտռուած է սրբու­թեան մէջ, այն նուի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ որ մարդս Իր­մէ կը ծնի եւ ապ­րիլ կու տայ, կը գո­յա­տե­ւէ Իր մէջ։ Հա­յե­ցո­ղա­կան ա­ղօթ­քին մէջ որ­քան սրտին սի­րա­ծը կը փնտռուի, եւս կա­րե­լի է «մտա­ծա­կան» ը­նել, սա­կայն եւ մա­նա­ւա՛նդ մար­դուս նա­յուած­քը ուղ­ղե­լով դէ­պի Տէ՛­րը։

Ար­դա­րեւ, կա­րե­լի չէ ա­մէն ա­տեն մտա­ծա­կան ը­նել, սա­կայն կա­րե­լի է միշտ մտնել հա­յե­ցո­ղա­կան ա­ղօթ­քին մէջ, ինչ ալ ըլ­լան մար­դուս ա­ռող­ջու­թեան, աշ­խա­տա­քին կամ յու­զա­կա­նու­թեան պայ­ման­նե­րը։ Սիր­տը վա՛յրն է Աս­տու­ծոյ ո­րո­նու­մին եւ հան­դի­պու­մին, աղ­քա­տու­թեան եւ հա­ւատ­քին մէջ։

Հա­յե­ցո­ղա­կան ա­ղօթ­քէն ներս մուտ­քը նման է Պա­տա­րա­գի մէջ մուտ­քին. «հա­ւա­քել» սիր­տը, ամ­փո­փել մեր ողջ էու­թիւ­նը Սուրբ Հո­գիին ներ­գոր­ծու­թեան ներ­քեւ, հաս­տա­տուիլ Տի­րոջ բնա­կա­րա­նին մէջ՝ որ մե՛նք ենք, արթնց­նել մեր մէջ հա­ւատ­քը՝ մտնե­լու հա­մար Ա­նոր ներ­կա­յու­թեան մէջ, որ կը սպա­սէ մե­զի՝ վար առ­նել մեր դի­մակ­նե­րը եւ ուղ­ղել մեր սիր­տը դէ­պի մեզ սի­րող Տէ­րը՝ որ­պէս­զի մենք մեզ յանձ­նենք Ա­նոր իբ­րեւ մաք­րուե­լիք եւ կեր­պա­րա­նա­փո­խուե­լիք ըն­ծա՛յ մը։

Ար­դա­րեւ սէ­րը միշտ նոյն սէ՛րն է, զոր Սուրբ Հո­գին կը զե­ղու իր սրտին մէջ, քա­նի որ ա­մէն ինչ շնո՛րհք է Աս­տու­ծոյ կող­մէ։ Հա­յե­ցո­ղա­կան ա­ղօթ­քը՝ ան­ձին խո­նարհ եւ աղ­քատ յանձ­նո՛ւմն է Հօր սի­րա­զեղ կամ­քին, օ­րէ օր ա­ւե­լի խո­րունկ միու­թեան մէջ Ա­նոր սի­րե­լի Որ­դիին հետ։

Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի կ՚ը­սէ.

«Քրիս­տո­սի սիր­տը կը մատ­նան­շէ Սուրբ Գիր­քը, իսկ Սուրբ Գիր­քը կը ճանչց­նէ Քրիս­տո­սի սիր­տը։ Այս սիր­տը փա՛կ էր չար­չա­րան­քէն ա­ռաջ, քա­նի որ Սուրբ Գիր­քը մութ էր։ Սուրբ Գիր­քը բա­ցուե­ցաւ Ա­նոր չար­չա­րան­քէն ետք, քա­նի որ ա­նոնք որ այ­սու­հե­տեւ ու­նին Սուրբ Գիր­քին ի­մա­ցու­մը, գի­տեն ինչ­պէ՛ս նկա­տի առ­նել եւ զա­նա­զա­նել մար­գա­րէու­թիւն­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը»։

­Սիր­տը մար­դուս «գա՛նձ»ն է, ա­պա ու­րեմն ան պէտք է լա՛ւ պահ­պա­նուի, հոգ տա­րուի եւ խնա­մուի այն­պէս՝ ինչ­պէս հոգ կը տա­նին մար­դիկ ի­րենց աշ­խար­հա­յին-նիւ­թա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր գան­ձե­րուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 6, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2016