«Մարդ Պէտք է Հայաստան Այցելէ»

Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի հրա­ւէ­րով Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լէ ետք Der Standard օ­րա­թեր­թի լրագ­րող Քրիս­տիան Շա­խին­կըր յօ­դուած հրա­պա­րա­կած է Հա­յաս­տա­նի մա­սին՝ ներ­կա­յաց­նե­լով հայ­կա­կան շարք մը զբօ­սաշր­ջա­յին ուղ­ղու­թիւն­ներ: Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րէս»ին տե­ղե­կա­ցու­ցած են Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու ծա­ռա­յու­թե­նէն, Վիեն­նա­յի մէջ տպագ­րուող եւ գեր­մա­նա­խօս եր­կիր­նե­րու մէջ շուրջ 67 հա­զար օ­րի­նա­կով տա­րա­ծուող Der Standard («Սթան­տարթ») օ­րա­թեր­թի լրագ­րո­ղին Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­մե­նա­շա­տը գրա­ւած են քրիս­տո­նէա­կան մշա­կոյ­թի խոր ար­մատ­ներն ու հիւ­րըն­կա­լու­թեան դա­րա­ւոր ա­ւան­դոյթ­նե­րը:

«Գի­նի­ներ, վան­քեր. եր­կու­քով ալ հե­տաքրք­րուե­լու պա­րա­գա­յին մարդ պէտք է Հա­յաս­տան այ­ցե­լէ», ­գրած է ան եւ յի­շեց­րու­ցած, որ 2007-­ին այս­տեղ գտնուած է հնա­գոյն գի­նե­գոր­ծա­կան ար­տադ­րու­թիւ­նը: Իսկ Ա­րե­նիի մօտ յայտ­նա­բե­րուած 6000-­ա­մեայ հնձա­նը ո­րա­կած է իբ­րեւ «վայր մը, ուր կը բա­խին եր­կու ժա­մա­նա­կա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն»։

Հա­յաս­տա­նի մէջ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի մա­սին գրած է. «Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րուես­տին մէջ խա­չե­լու­թեան դա­ժան տե­սա­րան­ներ գործ­նա­կա­նօ­րէն չկան: Փո­խա­րէ­նը այս­տեղ խաչ­քա­րե­րու վրայ կա­րե­լի է նկա­տել ար­մատ ձգած ծա­ռեր, կե­նաց ծա­ռը՝ որ­պէս պտղա­բե­րու­թեան խորհր­դա­նիշ, վրան՝ նու­ռը»:

Քրիս­տիան Շա­խին­կըր յա­տուկ ընդգ­ծած է Ե­րե­ւա­նի «լու­սա­ւոր ժա­մանց»ը, «ան­վերջ շար­ժաաս­տի­ճան­նե­րով ու ա­րուես­տի նմոյշ­նե­րով Կաս­կատ հա­մա­լի­րը» եւ «շատ­րուա­նա­յին ա­մե­նօ­րեայ հա­մերգ­նե­րով Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կը», գրած է Նո­րա­վան­քի, Խնձո­րես­կի ճօ­ճուող կա­մուր­ջի, աշ­խար­հահռ­չակ հայ­կա­կան քո­նիա­քի ու երկ­րի զար­մա­նահ­րաշ բնու­թեան մա­սին: «Իսկ ով ին­ծի ը­սէ, թէ ինչ­պէս կը կո­չուէր քաղց­րա­ւե­նի­քի յայտ­նի խա­նու­թը, ուր գնաց­քի մո­տել կը պտը­տուի, ա­նոր կը խոս­տա­նամ հո­նի օ­ղի», այս­պէս ամ­փո­փած է իր յօ­դուա­ծը հան­րա­յայտ Der Standart-ի լրագ­րո­ղը՝ զայն լրաց­նե­լով չուերթ­նե­րու ցան­կով, ո­րոնց­մով կա­րե­լի է Հա­յաս­տան հաս­նիլ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016