ՎԱՐԴԱՆ ՕԶԻՆԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ այս օ­րե­րուն Պո­լիս կ՚այ­ցե­լէ սփիւռ­քա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան Տքթ. Վար­դան Օ­զի­նեան։ Ան Փա­րի­զէն քա­ղաքս փու­թա­ցած է իր քրոջ՝ վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ Մա­րի Քա­րա­քա­շեա­նի հետ։ Շուրջ տաս­նօ­րեայ իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն նախ­կին պոլ­սա­հայ եւ Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց Փա­րի­զի միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Վար­դան Օ­զի­նեան կը շփուի բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կին հետ։  

Օ­զի­նեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ թեր­թիս ըն­տա­նի­քի ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րու շար­քին է, վեր­ջին ան­գամ 2005 թուա­կա­նին այ­ցե­լած էր քա­ղաքս։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016