ԵՐ­ՋԱ­ՆԻԿ ԸԼ­ԼԱ­ԼՈՒ ՀԱ­ՄԱՐ…

Ստո­րեւ կը շա­րու­նա­կենք ներ­կա­յաց­նել Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նի «Հօր մը իր զաւ­կին հետ մտե­րիմ խօ­սակ­ցու­թիւն» յօ­դուա­ծա­շար­քէն՝ 11 Սեպ­տեմ­բեր 1937 թուա­կիր «ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»ի մէջ հրա­տա­րա­կուած հե­տաքրք­րա­կան յօ­դուա­ծը։ Ար­դա­րեւ, մե­զի հա­մար մեծ հա­ճոյք է մօ­տա­ւո­րա­պէս ութ­սուն տա­րի ա­ռաջ, մեր մեծ­հօր Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նի, այս նոյն սիւ­նակ­նե­րուն մէջ հրա­տա­րա­կուած յօ­դուա­ծին անդ­րա­դառ­նալ եւ զայն ներ­կա­յաց­նել մեր սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­նե­րուն։

Ու­րեմն տես­նենք, թէ ի՛նչ կը գրէ յօ­դուա­ծա­գի­րը «դրամ շա­հե­լու» եւ «եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու» մա­սին։

ՄՏԵ­ՐԻՄ ԽՕ­ՍԱԿ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆ՝ ՀՕՐ ՄԸ ԻՐ ԶԱՒ­ԿԻՆ ՀԵՏ

ԱՐ­ՏԱ­ՇԷՍ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տղա՛ս, կ՚ու­զեմ որ դրամ շա­հիս, հա­րուստ ըլ­լաս։

Կ՚ու­զեմ որ դրամ շա­հիս, հա­րուստ ըլ­լաս, ո՛չ թէ որ­պէս­զի ա­տով կա­րե­նաս ճոխ կեանք ապ­րիլ, ծա­ռա­ներ ու­նե­նալ եւ անձ­նա­կան օ­թօ­մօ­պի­լով փո­ղոց­նե­րը չափչ­փել, այլ կ՚ու­զեմ որ դրամ ու­նե­նաս, որ­պէս­զի եր­ջա­նիկ ըլ­լաս։

Եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու հա­մար, չորս բան պէտք է.- Ա­ռող­ջու­թիւն, խելք, կրթու­թիւն, դրամ։ Ալ չեմ գի­տեր թէ ա­սոնց մէջ դրա՞­մը ա­մէ­նէն ա­ռաջ պէտք է, թէ ա­մէ­նէն վեր­ջը։

Շատ գէշ բան է դրամ չու­նե­նա­լը, մա­նա­ւանդ զրկան­քով ապ­րի­լը եւ ու­րի­շին կա­րօտ ու պար­տա­կան ըլ­լա­լը։ Դրամ չու­նե­ցող մար­դը, ե­թէ խո­հեմ է եւ զգա­յուն, միշտ նկա­տում­ներ ու­նի, չի կրնար ան­վե­րա­պահ խօ­սիլ եւ ան­կաշ­կանդ գոր­ծել։ Ա­մէն օ­րուան ապ­րուս­տին հո­գը կը կա­պէ մար­դը, կը ճնշէ ա­նոր վրայ։

Մինչ­դեռ ի՛նչ ա­ղուոր բան է հա­րուստ ըլ­լա­լը. մար­դուն բա­րո­յա­կան ու­ժը կ՚ա­ւել­նայ, պա­տուոյ եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան զգա­ցում­նե­րը կը ծնին, բաղ­ձանք­ներ ի­րա­գոր­ծե­լու մի­ջոց­ներ կ՚ու­նե­նայ, ա՜հ որ­չափ ցան­կա­լի է հարս­տու­թիւ­նը, երբ մա­նա­ւանդ ազ­նուու­թիւ­նը ա­նոր կ՚ըն­կե­րա­նայ։

Սուրբ Գիրքն ան­գամ դրա­մին գո­վես­տը ը­րած է։ Ա­ւե­լի լաւ է տա­լը, կ՚ը­սէ, քա՛ն թէ առ­նուի­լը։ Տուող ձեռ­քը առ­նող ձեռ­քէն վեր է։ Եւ բո­լոր ա­սոնք դրա­մով կ՚ըլ­լան։

Միայն թէ դրա­մի մա­սին ը­սե­լիք­ներ ու­նիմ քե­զի։

Դրա­մը քե­զի մի­ջոց ը­րէ, նպա­տակ մի՛ ը­ներ։ Դրա­մը գոր­ծա­ծե­լու հա­մար վաստ­կէ, բայց գոր­ծա­ծած ա­տենդ զգու­շու­թիւն ը­րէ՛։ Շուտ մի՛ ու­տեր, ո­րով­հե­տեւ դրա­մը դժուա­րա­մարս է։ Չե՞ս տես­ներ, հարս­տու­թիւն ժա­ռան­գե­լով, դիւ­րաւ հարս­տու­թեան տի­րա­նա­լով դրամ ու­տող­նե­րը, ա­ղէկ նա­յէ ա­նոնց -ան­շուշտ փո­խա­բե­րա­բար կ՚ը­սեմ- ա­ղէկ նա­յէ եւ պի­տի տես­նես որ ա­նոնց բե­րա­նը ակ­ռայ չէ մնա­ցած, ա­նոնց ստա­մոք­սին վրայ թռչու­նին կաթն ան­գամ մար­սե­լու ու­ժը չէ մնա­ցած։

Դրա­մը ու­տե­լու հա­մար է, բայց կա­մաց կեր, մտա­ծե­լով կեր, որ­պէս զի ա­ռող­ջու­թիւնդ չխան­գա­րես եւ վե­րը ը­սինք թէ ա­ռող­ջու­թիւ­նը ա­ռա­ջինն է այն չորս պայ­ման­նե­րէն, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են եր­ջա­նիկ ապ­րե­լու հա­մար։

Դրա­մի մա­սին թուր­քե­րը ի­մաս­տա­լից խօսք մը ու­նին. «Մալ ճա­նըն եօն­կա­սը տըր» կ՚ը­սեն, այ­սինքն՝ ինչ­քը, դրա­մը հո­գիին տա­շեղն է։ Ճիշդ է այս խօս­քը։ Չէ՞ որ դրամ շա­հե­լու հա­մար ժա­մա­նակ կը վատ­նենք եւ մեր կեանքն ալ ու­րիշ բան չէ, բայց ե­թէ ժա­մա­նա­կի կարճ կամ եր­կար տե­ւո­ղու­թիւ­նը. ու­րե՛մն երբ դրամ շա­հե­լու հա­մար մեր կեան­քին մէկ մա­սը կը զո­հենք, ա­սով դրա­մը կ՚ըլ­լայ մեր կեան­քին, մեր հո­գիին տա­շե­ղը։ Եւ սա­կայն մար­դիկ կան, ան­խե՛լք մար­դիկ, որ այս խօս­քը հա­կա­ռա­կէն կ՚առ­նեն. «Ճան մա­լըն եօն­կա­սը տըր» կ՚ը­սեն, այ­սինքն՝ հո­գին ինչ­քին, դրա­մին տա­շեղն է, կը կար­ծեն եւ դրա­մը ի­րենց հո­գիէն վեր՝ կը բռնեն, գձուձ ու խեղճ կեանք մը կ՚ապ­րին։

Ձեռքդ դրամ ա­ռած ա­տենդ, ան­գամ մը հո­տուը­տա ա­նի­կա։ Բա­ցատ­րեմ թէ ի՛նչ ը­սել կ՚ու­զեմ։

Հռո­մի Դիոկ­ղե­տիա­նոս կայս­րը դրամ հա­ւա­քե­լու հա­մար քա­ղա­քին ճե­միշ­նե­րուն վրայ տուրք դրաւ։ Կայ­սեր զա­ւա­կը՝ որ­պէս տգեղ եւ ա­նա­խորժ բան մը ա­սի­կա, իր հօ­րը դի­տո­ղու­թիւն ը­րաւ։ Եւ կայս­րը, ինք­զին­քը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար, գրպա­նէն դրամ մը հա­նեց եւ իր զաւ­կին երկնց­նե­լով ը­սաւ.- Հո­տուը­տա, նա­յէ դրա­մը հոտ ու­նի՞։

Դիոկ­ղե­տիա­նոս կայս­րը իր այս ա­րար­քով իր զաւ­կին հասկց­նել կ՚ու­զէր թէ մարդ պէտք է դրա­մին գա­լուն նա­յի, ի՛նչ մի­ջո­ցով ալ ըլ­լայ։ Եւ սա­կայն շատ սխալ է ա­սի­կա։

Դրա­մը, դրամ­նե­րուն ա­մէ­նէն յար­գին՝ ոս­կին, բնա­խօ­սա­կան ո՛չ մէկ ար­ժէք ու­նի։ Ոչ մե­զ կը կշտաց­նէ, ոչ կը տաք­ցը­նէ, այլ ա­նի­կա միջ­նորդ մըն է մեր կեան­քի պի­տոյք­նե­րը գո­հաց­նե­լու հա­մար։

Բայց դրա­մը ի՛ն­չով եւ ի՛նչ­պէս կը կա­տա­րէ այս միջ­նոր­դու­թեան դե­րը։

- Տնտե­սա­գէտ­նե­րը կ՚ը­սեն թէ դրա­մը մուր­հակ (պօ­նօ) մըն է, զոր ին­քը՝ դրա­մը ստո­րագ­րած է եւ կու տայ ը­սե­լով. «Ես կը հաս­տա­տեմ թէ այս դրա­մը ներ­կա­յաց­նո­ղը մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան ը­րած է այս­քան ար­ժէ­քով ծա­ռա­յու­թիւն մը, նոյն­քան ծա­ռա­յու­թիւն մըն ալ թող ըն­կե­րու­թիւ­նը ա­նոր հա­տու­ցա­նէ հա­ւա­քուած ընդ­հա­նուր հարս­տու­թե­նէն»։

­Խորհր­դա­ւոր է դրա­մի մա­սին տնտե­սա­գէտ­նե­րուն ու­նե­ցած այս գա­ղա­փա­րը, ա­նոր տուած դերն ու պաշ­տօ­նը։ Եւ ե­թէ լաւ խոր­հինք, պի­տի զգու­շա­նանք ձեռք առ­նե­լէ դրամ մը, ո­րուն փո­խար­ժէ­քը ի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն մը չենք մա­տու­ցած հան­րու­թեան։

Այս մա­սին, մա­նա­ւանդ, հարս­տու­թեան մա­սին շատ խօ­սե­լիք­ներ կան, այժմ թո­ղունք ա­սոնք եւ անց­նինք դրա­մը շա­հե­լու ե­ղա­նա­կին։

Դրամ շա­հե­լու հա­մար, պէտք է շա­հա­բեր եւ ըն­թա­ցիկ գործ մը բռնես։ Եւ ի՛նչ գործ ալ բռնես, չես կրնար յա­ջո­ղիլ, ե­թէ գոր­ծին պա­հան­ջած չա­փովն ու ձե­ւո­վը դրա­մագ­լուխ չու­նե­նաս։

Դրա­մագ­լուխ ը­սե­լով՝ մենք միայն դրա­մը կը հասկ­նանք։ Սխալ է ա­սի­կա եւ այս սխա­լը շատ վնաս­նե­րու պատ­ճառ ե­ղած է։ Գոր­ծի մը մէջ այն բա­նը որ ար­տադ­րող ուժ մը ու­նի, ար­տադ­րու­թիւ­նը կը դիւ­րաց­նէ, դրա­մագ­լուխ է։ Եւ ո­րով­հե­տեւ այս գոր­ծին մէջ դրա­մը մեծ դեր կրնայ կա­տա­րել, շա­տե­րու այն­պէս ե­րեւ­ցած է թէ դրամն է դրա­մագ­լու­խը։ Բայց ըլ­լա՛յ դրա­մը կամ ըլ­լայ գոր­ծին մէջ ար­դադ­րու­թիւ­նը դիւ­րաց­նող ո՛ եւ է մի­ջոց ու կա­րո­ղու­թիւն, կա­րե­ւո­րը դրա­մագ­լու­խին կազ­մու­թիւնն է։

Արդ, դրա­մագ­լու­խը կը կազ­մուի խնա­յու­թեամբ, մի՛ միայն խնա­յու­թեամբ։

Շատ պարզ է, ե­թէ ա­մէն մարդ իր ձեռ­քը ան­ցած դրա­մը, ու­նե­ցած ժա­մա­նա­կը վատ­նէր, ո՞ւս­կից եւ ի՞նչ­պէս պի­տի գո­յա­նար դրա­մագ­լու­խը։ Այ­սօր ի՛նչ որ եւ ո՛ւր որ հան­րա­յին կամ ան­հա­տա­կան դրա­մագ­լուխ կը տես­նենք, ա­նոնք ա­մէնքն ալ խնա­յու­թեամբ կազ­մուած են։

Ա՛րդ, ո՞ր­քան մեծ ան­խո­հե­մու­թիւն է դրա­մագ­լու­խը կազ­մող ժա­մա­նա­կին եւ դրա­մին մսխու­մը։ Ժա­մա­նա­կին խնա­յո­ղու­թիւ­նը, դրա­մին խնա­յու­թեան չափ եւ նոյ­նիսկ ան­կէ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է, բայց այժմ, մենք դրա­մին վրայ ծան­րա­նանք, քա­նի որ, սխալ կամ շի­տակ, դրամն է որ միայն դրա­մագ­լուխ կը կար­ծենք։

Դրա­մին խնա­յո­ղու­թիւ­նը, մեծ պզտիկ ա­մէն մար­դու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է։ Մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար պար­տա­կա­նու­թիւն է։ Ի­րաւ է թէ խնա­յու­թիւ­նը զրկանք մըն է, ա­պա­գա­յին հաշ­ւոյն, ա­պա­գա­յին յոյ­սով ներ­կայ պի­տոյք­ներն ու վա­յելք­նե­րը զրկել կը հար­կադ­րէ, բայց կ՚ար­ժէ տաս­նա­պա­տիկ այս զրկանք­նե­րուն յօ­ժա­րիլ, աչ­քի առ­ջեւ բե­րե­լով խնա­յու­թեան մե­զի ըն­ձե­ռած ան­հա­շուե­լի բա­րիք­նե­րը, մեր ապ­րուս­տը, մեր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, մեր ա­զա­տու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար ա­նոր տուած ա­պա­հո­վու­թիւ­նը։

Դրա­մի խնա­յո­ղու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է ո՛չ միայն ա­մէն հա­սա­կի մար­դու, այ­լեւ ա­մէն վի­ճա­կի մար­դու հա­մար։ Դիւ­րա­կե­ցի­կին եւ աղ­քա­տին հա­մար ալ։

Խնա­յու­թիւ­նը ի­րեն պար­տա­կա­նու­թիւն մը չնկա­տող, խնա­յե­լու չի վար­ժուող մար­դու մը ե­թէ խնա­յու­թեան խօսք ը­նէք, ան­պայ­ման սա պա­տաս­խա­նը կ՚առ­նէք. «եղ­բայր, ո՞ւս­կից խնա­յեմ, ձեռքս ան­ցած դրա­մը հա­զիւ ապ­րուս­տիս պէտ­քե­րուն կը բա­ւէ»։

­Սա­կայն շատ ան­հիմն է այս ա­ռար­կու­թիւ­նը։

Մեր պի­տոյք­նե­րը ա­ռաձ­գա­կան են, ա­նոնք որ­քան լայն­նան, նոյն­քան ալ կը նեղ­նան։ Այն­պէս որ նիւ­թա­կան շատ հա­մեստ վի­ճակ ու­նե­ցող մէկն ալ, կրնայ ան­վի­ճե­լիօ­րէն խնա­յու­թիւն ը­նել։

Միայն թէ ա­մէն բան իր չափն ու սահ­մա­նը ու­նի եւ ա­սի­կա պի­տի ըլ­լայ յա­ջորդ գրու­թեանս նիւ­թը։

11 Սեպ­տեմ­բեր 1937

Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեան

«ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ»

Երբ այս տո­ղե­րը կը կար­դանք եւ կը ներ­կա­յաց­նենք մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն, սի­րով ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը յի­շենք ազ­նիւ բա­րե­կամ մը՝ հան­գու­ցեալ Վա­րու­ժան Քէօ­սէեա­նը, որ բա­րե­հա­ճած էր իր անձ­նա­կան ճոխ հա­ւա­քա­ծո­յէն մե­զի նուի­րել մեր մեծ­հօր Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նի յօ­դուած­նե­րը։ Այս առ­թիւ ան­գամ մը եւս ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րով կը յի­շենք բո­լոր հան­գու­ցեալ մամ­լոյ եւ գրչի մշակ­նե­րը՝ ո­րոնց շա՜տ բան կը պար­տինք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 8, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016