ԵՐԳ, ՇՈՒՐՋՊԱՐ, ԿՈՄԻՏԱՍ
«Մրրօ» հայ ազգագրական երգարուեստի կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ սկսաւ «Գութան 2016» փառատօնը։ Ժողովրդական եւ ազգագրական երգերու եւ պարերու փառատօն մըն է այս մէկը, որու մեկնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց գեղարուեստասէր հասարակութեան մօտ։ Փառատօնի բացումը Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ։ «Գաֆէսճեան» արդի արուեստի կեդրոնի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ բացման ձեռնարկը։ Բացօթեայ երեկոյթին մասնակիցները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան երաժշտական կատարումներով եւ պարախումբերու ելոյթներով։ Այս առթիւ մասնաւորապէս վերյիշուեցաւ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետը, որու մեծադիր դիմանկարը սփռուեցաւ պաստառի վրայ եւ անոր առջեւ տեղի ունեցան կատարումներ։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024