ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ Մխի­թար Աբ­բա­հօր ի յի­շա­տակ պատ­րաս­տուած ցու­ցա­տախ­տակ մը, որ զե­տե­ղուե­ցաւ դպրո­ցի շէն­քի մուտ­քը։ Ներ­կայ էին Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Մագ. Հայր Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն, Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆրա­տեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, դպրո­ցի մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պե­տու­հի Ռի­թա Նուր­նուր, հիմ­նա­դիր ու տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան, Մխի­թա­րեա­ն վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թա­րա­նի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Քա­թիա Վար­կը եւ այլ հիւ­րեր։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Գա­րե­գին Պար­սա­մեան, Ռի­թա Նուր­նուր, Տքթ. Պար­գեւ Պա­լը­մեան եւ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը։

Զե­տե­ղուած ցու­ցա­տախ­տա­կի բա­րե­րարն է Նուր­հան եւ Ար­փի Թան­սե­լիի ա­մո­լը։

Ցու­ցա­տախ­տա­կի բա­ցու­մէն վերջ սար­քուե­ցաւ ընթ­րի­քի սե­ղան մը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30, 2016