ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՊԱՔՈՒ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս շաբաթավերջին կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան ամրան սկիզբին այցելած էր Հայաստան եւ տակաւին այդ շրջանին յայտարարուած էր նաեւ իր ներկայ ուղեւորութեան մասին՝ դէպի Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Հռոմի Պապը վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Իսկ վաղը Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Ատրպէյճան։ Պաքուի մէջ ան պիտի տեսակցի Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Նախատեսուած է նաեւ իր տեսակցութիւնը Կովկասի մահմետականներու վարչութեան ղեկավար եւ Ատրպէյճանի Շէյխիւլիսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի եւ երկրի այլ կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Սրբազան Պապի ուղեւորութեան ընդառաջ Վատիկանի աղբիւրները յայտնեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու ճանապարհով։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, հակամարտութեան լուծումը կը վիճակի քաղաքական գործիչներուն եւ սա Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ գործը չէ։ Հռոմի Պապը հաւատարիմ է աշխարհի մէջ հակամարտութիւններու լուծման խաղաղ միջոցներուն։ Սրբազան Պապը համոզուած է, որ պատերազմը կրնայ բռնութեան նոր ալիքի մը ծնունդ տալ։ Հետեւաբար, ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման համար անհրաժեշտ է փնտռել դիւանագիտական միջոցներ։