ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՔՍՈՐ
Երեւանի «Խնկօ Ապոր» անուան գրադարանին մէջ, Հոկտեմբերի 1-ին տեղի ունեցաւ ինքնատիպ ցուցադրութիւն մը՝ «Մարդը դէմ յանդիման բռնութեան» խորագրով: Ցուցահանդէսը «Վերսուս» սթիւտիոյի նոր նախագիծն է, որ հայրենադարձութեան եւ անոր հետեւող աքսորին նիւթերով կը զբաղի 2010 թուականէն ի վեր։
Հայրենադարձութեան հետեւող բռնաճնշումն ու աքսորը ներկայացնող փաստագրական շարժական ցուցահանդէսը արդէն ներկայացուած է Կիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ, ուր ընդունուած է մեծ հետաքրքրութեամբ: Երեւանեան ցուցադրութիւնը նոյնպէս գնահատանքով եւ հետաքրքրութեամբ ընդունուեցաւ: Ցուցադրութեան յաջորդեց «Վերսուս» սթիւտիոյի նկարահանած «Օ, Հայրենիք, սառն ու անուշ» վաւերագրական ժապաւէնը, որ նոյնպէս նախագիծին մէկ մասն է: Հայրենադարձութեան մասին «Վերսուս» սթիւտիոն արդէն նկարահանած է «Անծանօթ իմ Հայրենիք» խորագրով ֆիլմը, որ հայաստանեան իրականութեան մէջ հայրենադարձներուն ներգրաւման մասին է, իսկ «Օ հայրենիք սառն ու անուշ» ժապաւէնը անոնց հանդէպ ստալինեան շրջանին եղած հալածանքները՝ աքսոր, բռնաճնշումներ կը ներկայացնէ: Այս շարքին մէջ կը պատրաստուի նաեւ երրորդ ֆիլմը, որ հայրենաթողութեան կամ արտագաղթի մասին է:
Ինչպէս «Անծանօթ իմ հայրենիք»ը, նոյնպէս «Օ, հայրենիք սառն ու անուշ» ֆիլմի բեմադրութեան հեղինակը Տիգրան Պասկեւիչեանն է, բեմադրիչը՝ Արա Շիրինեանը, արտադրիչը՝ Սաթենիկ Ֆարամազեանը, իսկ Շաբաթ օր բացուած ցուցահանդէսը ձեւաւորողը՝ նկարիչ Մկրտիչ Մատթէոսեանն է:
ԺԱՄԱՆԱԿ նոյնպէս ներկայ էր ցուցահանդէսի բացման ու ժապաւէնի ցուցադրութեան՝ «Խնկօ Ապոր» անուան գրադարանին մէջ:
Նախագիծի երկու բաղադրիչները՝ թէ՛ ֆիլմը եւ թէ ցուցահանդէսը կը ներկայացնեն հայերու 1946-1949 թուականներու Մեծ Հայրենադարձութիւնը, ներգաղթողներու յոյսերն ու յուսախաբութիւնները, ստալինիզմի ժամանակաշրջանին անոնց նկատմամբ եղած բռնութիւններն ու հալածանքը… Յատուկ անդրադարձ մը կատարուած է 1949 թուականի Յունիսի 13-14-ի զանգուածային աքսորին, որուն հետեւանքով, ի թիւս բազմահազար հայերու, Ալթայի երկրամաս աքսորուեցան 1578 հայրենադարձներ։
Ականատեսներուն յայտնաբերելու եւ տեսագրելու համար «Վերսուս»ի ստեղծագործական խումբը սփիւռքահայ համայնքներուն մէջ գտնուած է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (Կլենտէյլ, Ֆրեզնօ, Ուրուայն), Ֆրանսա (Փարիզ, Լիոն, Մարսէյլ, Սեն Ռաֆայէլ, Վալանս), Լիբանան (Պէյրութ, Այնճար)։ Եղած են նկարահանումներ նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ (Պառնաուլ, Նովոսիպիրսկ)։ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նկարահանումներուն աջակցած է գերմանական DVV-International կազմակերպութիւնը։
Վաւերագրութեան հերոսները իրական մարդիկ են, ականատեսներ կամ ականատեսներու ժառանգներ, որոնց բանաւոր վկայութիւնները կ՚ամբողջացուին ռուս եւ սփիւռքահայ պատմաբաններու արժէքաւոր միջամտութիւններով, արխիւային փաստաթուղթերով, հայկական եւ ռուսական ֆոնտերէն ձեռք բերուած կինոխրոնիկայով։ Օգտագործուած են նաեւ անձնական-ընտանեկան արխիւներէն բերուած փաստաթուղթեր ու լուսանկարներ։
Նախագիծի նպատակն է լոյս սփռել ոչ հեռաւոր անցեալի կարեւորագոյն իրադարձութեան մը՝ Մեծ Հայրենադարձութեան վրայ, հասարակութեան հնարաւորութիւն տալով զգալ խորհրդային բռնատիրութեան պայմաններուն տակ կեանքի անյարմարութիւններն ու մարդուն կրած տառապանքը։
«Ինչո՞ւ որոշեցիք հայրենադարձութեան նիւթով զբաղիլ», հարցումին ի պատասխան՝ նախագիծի ղեկավար Տիգրան Պասկեւիչեան կ՚ըսէ, որ այս նիւթի ուսումնասիրութիւնը առաջին հերթին կարեւոր է արտագաղթի պատճառները հասկնալու համար։ «Ուսումնասիրելով պատմական իրադարձութիւնները՝ ըստ էութեան, կը փորձենք հասկնալ մարդ-պետութիւն, անհատ-իշխանութիւն յարաբերութիւնները, որոնք կ՚օգնեն մեզի ըմբռնել գաղթականական երեւոյթներու շարժառիթները»։
2012 թուականին արդէն հանրութեան ներկայացուած «Անծանօթ իմ Հայրենիք» փաստավաւերագրական ֆիլմը ցուցադրուած է նաեւ արտասահմանի մէջ՝ Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ ստեղծուած է համացանցային ոստայն՝ www.hayrenadardz.org:
«Ցուցահանդէսն ու նոր ֆիլմը որոշեցինք անպայման ներկայացնել այս տարի, քանի որ Մեծ Հայրենադարձութեան 70-ամեակն է։ Բայց ես զանոնք կը ձօնէի Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին, որովհետեւ որքան որ դժգոհ ըլլանք տիրող իրավիճակէն, անկախութիւնը մեզ ձերբազատեց խորհրդային անմարդկային համակարգէն։ Անմարդկային խօսքը կրնայ շատ կտրուկ թուիլ, բայց ցուցահանդէսի այցելուները եւ ֆիլմը դիտողները կը համոզուին, որ այդ մակդիրը ճշգրիտ է», կ՚ըսէ նախագիծի ղեկավարը:
Նախագիծը իրականացուած է ամերիկեան National Endowment for Democracy կազմակերպութեան դրամաշնորհով։
Դժուար է առանց յուզմունքի դիտել հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենէն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը պատկերող այս ժապաւէնը:
ՀԱՏՈՒԱԾ ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐԷՆ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁ ԱՆԱՀԻՏ ՊՈՂԻԿԵԱՆԻ ԽՕՍՔԷՆ
«Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը նոր վերջացած էր, լուր եկաւ, որ Մոսկուան արտօնած է հայերու հայրենադարձութիւնը: Հալէպի մէջ, ուր մօտ կէս միլիոն հայ կար, ժողովուրդը իրարանցման մէջ մտաւ: Բոլորս կը դիմէինք՝ մեզի ալ թոյլ տուէք, կարգը մերն է: Պատրաստութիւնները վեց-եօթ ամիս տեւեցին: Այդ ընթացքին մէկը-միւսին ետեւէն պատուիրակներ կու գային, որոնք կը պատմէին Հայաստանի մասին, թէ՝ եկէ՛ք, հոն կեանքը շատ լաւ է:
«Տեղւոյն հայկական կուսակցութիւններէն մէկը սկսաւ հակառակ բաներ ըսել՝ հիմա ժամանակը չէ, մի՛ շտապէք, հայրենիքը դեռ նոր պատերազմէն դուրս եկած է, հոն ծանր է վիճակը: Բայց լսող չկար, եւ 1946 թուականի Ապրիլին արդէն ընտանիքները կարգով սկսան մեկնիլ թոյլտուութիւն ստանալու: Իրերը կը հաւաքէին ու կը պատրաստէին։ Տուներէն ներս «բարով գնաք հայրենիք» խնջոյքներ կ՚ըլլային՝ հարսանիքներու նման: Յունիսին կարաւանները սկսան մեկնիլ:
«Ես անոնցմէ էի, որոնք խենթացած էին հայրենի՛ք պիտի երթամ ըսելով: Նոյնիսկ առողջութիւնս վատացած էր: Մայրս մեր բարեկամ բժշկին մօտ տարաւ զիս, ան ալ ըսաւ՝ աղջիկդ բան մը չունի, Հայաստանին սիրահարուած է: Եգիպտոսի մէջ ապրող մեծահարուստ հօրաքոյրներս կը գրէին՝ եղբա՛յր, մի՛ շտապեր: Մինչ նախորդ տարին միլիոնատէր, զաւակ չունեցող հօրաքոյրս՝ Սաթենիկ Երճանեանը, անձամբ եկած էր Հալէպ, եւ ինծի կ՚ըսէր՝ աղջի՛կս, գոլէճդ աւարտէ, յետոյ գնայ: Ես կ՚ուսանէի Ամերիկեան գոլէճի մէջ, իսկ եղբայրս՝ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանէն ներս:
«Մայրս Էրզրումի ծնունդ էր, հայրս՝ Խարբերդի: Ես ծնած եմ Ալեքսանդրէթի Սանճաքին մէջ, հոն եօթ տարի ապրած ենք, 1939 թուականին գացած ենք Հալէպ:
«Օր մը ես եւ ընկերուհիս գացինք նշանաւոր «Պարոն» պանդոկը, պատուիրակները հոն կ՚ըլլային: Խնդրեցինք, որ մեր թիւն ալ հանեն, որպէսզի մենք ալ Հայաստան մեկնինք: Երբ իմացաւ, որ գոլէճը դեռ չեմ աւարտած, ըսաւ՝ աղջիկ ճան, լաւ կ՚ըլլայ աւարտես՝ յետոյ: Չէ՛, չէ՛: Ես ալ կը խնդրէի, ընկերուհիս ալ:
«Օգոստոս ամսուն յանկարծ եկաւ «մեր թիւը», այսինքն Հայաստան մեկնելու թոյլտուութիւնը: Մելգոնեան վարժարանին հեռագիր յղեցինք, որպէսզի եղբայրս ալ մեզի միանար: Օգոստոսի երկրորդ կէսին մեր ծնողներուն եւ տատիկին հետ Հալէպէն դուրս ելանք եօթներորդ կարաւանով: Ես այն ատեն տասնութ տարեկան էի, եղբայրս՝ տասնեօթ, քոյրս՝ ութ:
«1946 թուականին եօթ կարաւան միայն Սուրիայէն եւ Լիբանանէն եկաւ Հայաստան: Կարաւանները Հալէպէն կը մեկնէին Լիբանան, Պէյրութէն նաւով կը հասնէին Պաթում: «Ռոսիա» շատ մեծ նաւը եկաւ մեզ տանելու: «Ռոսիա»ն Գերմանիայէն աւար կը տեղափոխէր: Կարծեմ 7000 հոգի բարձրացաւ նաւ:
«Երբ մօտեցանք Պաթումին, մեզի ըսին՝ ի՛նչ ուտելիք ունիք, բոլորը թափեցէ՛ք: Նաւը կանգնեցաւ, իջնելու համար երկար պիտի սպասէինք: Չեմ գիտեր, թէ որքան սպասեցինք: Սեպտեմբեր ամիսն էր: Մելգոնեանցի նշանաւոր Սնդրեանը նաւուն վրայ երգչախումբ մը կազմակերպեց, կ՚երգէինք, կը պարէինք, կը զբաղեցնէինք ժողովուրդը:
«Հասաւ մեր կարգն ալ, իջանք: Անձրեւ: Տուն չկայ, չորս կողմը վրաններ են: Ինչպէս Պէյրութի մէջ, հոս ալ քարանթինայի՝ ժամանակաւոր բժշկական հսկողութեան մէջ մնացինք: Ցեխ, անձրեւ, մենք՝ ծանր բեռնարկղերով։ Հոգ չէ, հայրենի՛ք կ՚երթանք: Մեր իրերը՝ սնտուկ, անկողին եւ այլն, յանձնեցինք բեռնատար գնացքներուն, մենք ալ շոգեկառք նստանք: Երբ մտանք Հայաստան, գնացքները անջատեցին. այս գնացքը՝ Լենինական, այս գնացքը՝ Կիրովական… Մեզ բերին Երեւան: Արարատը տեսանք, բոլորս ծունկի եկանք, կը համբուրէինք հողը:
«Երեւանի կայարանին մէջ մեզ ձգեցին ծածկի տակ՝ սպասեցէ՛ք, ձեզ Կոտայքի շրջան պիտի տանինք, հեռու չէ: Մայրս կ՚ըսէ՝ աղջիկս գոլէճէն հանած, բերած եմ, տղաս՝ Մելգոնեանէն, մենք եկած ենք Հայաստան, որպէսզի անոնք հոս շարունակեն ուսումը: Բանի տեղ չդրին: Բեռնատար մեքենայ մը բերին, մեր ձեռքի եղածը մէջը լեցուցին եւ քշեցին: Հասանք գիւղ մը: Գիւղի ղեկավարնե՞րն էին, թէ որո՞նք, անոնց ըսին՝ հայրենադարձներ բերած ենք, անոնք ալ, թէ՝ տեղ չունինք: Ի վերջոյ, համոզուեցան, ըսին, լաւ, հոս գոմ մը կայ… Ուրեմն, գոմէն ոչխարները, գառները, ուլերը դուրս հանեցին, որպէսզի մենք հոն մնանք: Հոս մամաս չդիմացաւ՝ այս ի՞նչ կ՚ընէք, ես գալու համաձայնած եմ, թէկուզ մէկ սենեակի մէջ ապրելու, դուք այս ոչխարներու կեղտոտ տե՞ղը կու տաք մեզի: Անոնցմէ մէկն ալ, թէ՝ բեռները բարձէք ու գացէք այսինչ տեղը:
«Հոկտեմբեր էր, ու շատ ցուրտ էր այդ տարին: Ինծի, մօրս, քրոջս ու տատիկիս փոքր ննջարան մը տուին, հօրս ու եղբօրս ալ՝ առանձին տեղ մը: Մէյ մըն ալ գիշերը աղմուկ մը բարձրացաւ՝ տարի՜ն-տարի՜ն, գողցա՛ն: Գացինք, տեսանք՝ հայրիկիս մեծ ճամպրուկը գողցած էին: Բոլոր արժէքաւոր իրերը անոր մէջն էին: Մնացած էին միայն մեր անկողինները: Ես արդէն չդիմացայ, ծունկերուս վրայ ինկայ` միթէ դուն ա՞յս էիր, հայրենի՛ք:
«Մեր ազգականները վերջապէս եկան, մեզ գտան եւ տարին իրենց տունը: Իրենք ալ բազմանդամ էին, ձեւով մը տեղաւորուեցանք իրենց փոքր տան մէջ: Անոնց որդին ալ պատերազմէն վիրաւոր վերադարձած էր:
«Մայրիկս օր մը գնաց գաղթականութեան (ներգաղթ) կոմիտէ, որպէսզի թոյլտուութիւն ստանայ Երեւանի մէջ տեղաւորուելու, որպէսզի զաւակները ուսանին: Բայց ահա, այնտեղի ղեկավարը ըսաւ` ես աղա, դուն` աղա, բա մեր ջաղացն ո՞վ աղայ:
«Ուրիշ բան չէինք ուզեր հայրենիքէն, միայն՝ մեր ուսումը շարունակել: Վերջը տարիներ առաջ Ամերիկայէն ներգաղթած տիկին մը եկաւ. շատ հաճելի կին մըն էր, անգլերէնի ուսուցչուհի՝ Տիկին Պետրոսեան. ան ըսաւ, որ այսինչ տեղն է օտար եւ ռուսաց լեզուներու համալսարանը, գացէ՛ք, ձեզ կ՚ընդունին:
«Յաջորդ օրը եղբօրս հետ գացինք համալսարան: Տարեց քարտուղար մը՝ հին հայրենադարձ, սկսաւ մեզի հետ անգլերէն խօսիլ: Ըսաւ՝ դուք շատ գեղեցիկ կը խօսիք հայերէնն ու անգլերէնը, ես այնպէս կ՚ընեմ, որ դուք ընդունուիք: Թելադրութիւն գրեցինք, երկուքս ալ՝ շատ լաւ: Մեզ ընդունեցին, եւ մենք սկսանք մոռնալ մեր վատ օրերը: Էհ, երիտասարդ էինք…
«Երեւանի Արաբկիր թաղամասին մէջ կ՚ապրէինք: Ուր հիմա կը գտնուի Ամերիկեան համալսարանը, կողքը փոքր-փոքր տուներ կային, հոն սենեակ վարձեցինք. տանտէրը վերն էր, իսկ մենք վարը՝ կիսանկուղային սենեակի մը կողքին փոքր տեղ մը վարձեցինք: Հայրիկիս աշխատանք տուին. ապրանքագէտ էր ան: Լեզուներ գիտէր՝ թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն: Սուրիոյ մէջ նաւերը երբ կու գային, ինք կ՚ընդունէր ապրանքը: «Արմենիա» հիւրանոցին տեղը մեծ խանութ մը կար, հոն զինք հսկիչ նշանակեցին, քանի ռուսերէն չէր գիտեր, արհեստ ալ չունէր:
«Կամաց-կամաց դասաւորուեցանք, մեզի վարկ տուին՝ տուն կառուցելու: Սկսանք յառաջանալ, բոլոր դժուարութիւններուն համբերութեամբ դիմացանք, աշխատեցանք, աւարտեցինք համալսարանը, ես՝ գերազանց: Իսկ մինչ այդ ալ ամուսնացայ:
«Աքսո՞րը: Բարեբախտաբար, աքսորը մեր կողքէն անցաւ: Ամուսինս ինձմէ տարի մը վերջ եկած էր Հայաստան, մենք Հնչակեան կուսակցութեան համակիր էինք, իսկ իրենք՝ համայնավար կը համարուէին: Անոնք, որոնք Դաշնակցութեան անդամ էին, մինչեւ իրենց Հայաստան հասնիլը տեղեկացուցած էին՝ թէ եթէ հրաժարիք կուսակցութենէն, Հայաստանի մէջ ձեզի նեղութիւն չեն տար: Եւ շատեր այդպէս ըրին, բայց 1949 թուականին զանոնք հաւաքեցին ու աքսորեցին:
«...Մենք մեր հայրենիքին մասին լսեցինք պատերազմի ժամանակ՝ Խորհրդային Հայաստան կայ, եւ ան յաղթող է: Երբ կ՚ըսէի, որ բաւական լաւ կ՚ապրէինք հոն, կը պատասխանէին` է, եթէ լաւ էր՝ մնայիք, ինչո՞ւ եկաք: Կ՚ըսէի՝ «հայրենի՛ք» ըսելով եկանք, իրենք կ՚արտայայտուէին՝ ի՞նչ հայրենիք, ուր հաց, հոն կաց:
«Գիտէ՞ք ինչ, հայրենասիրութիւնը զարմանալի բան է, եթէ հայրենիքէն հեռու կը ծնի հայը, խենթի նման կը սիրէ իր հայրենիքը:
«Կտրօնով առնուող կտոր մը սեւ հացի համար կարգի կը կենայինք: Մեր տղաներէն մի քանին չդիմացաւ եւ փորձեց փախչիլ, սահմանը անցնիլ: Ես լաւատես էի՝ մեր հայրենիքն է, նոր դուրս եկած է պատերազմէն, տղամարդիկ չկան, մահացած են, գացած են, իսկ մենք գոնէ մեր աշխատանքով օգնենք: Շատ լաւ արհեստաւորներ ալ եկան, դարձեալ կ՚օգնէին: Ես բարձրագոյն կրթութիւն ստացայ, ամուսինս արհեստաւոր մնաց. կ՚ըսէր՝ մէկը մեզ պէ՞տք է պահէ...: Բայց խտրականութիւնը սկսաւ պետութեան կողմէն, սխալ բաներ շատ ըրին:
«Իսկ վերադառնալու պատմութիւնը շատ ուշ սկսաւ. ո՞վ կը համարձակէր: Ով որ փորձէր՝ կը բռնուէր: Ով որ այդ մասին խօսէր՝ կը բռնուէր:
«Բայց հիմա բան մը ըսեմ, ես այն բախտաւորներէն եմ, որ երկար ապրեցայ եւ ահա այս օրը կը տեսնեմ: Մենք արդէն ետդարձի ճանապարհ չունինք, խելացի ենք հիմա, եւ անկախ Հայաստանը պիտի յարատեւէ: Քիչ մը երես առած տագր մը ունէի, մեծահարուստի մը աղջկան հետ ամուսնացած էր, ան առաջիններէն էր, որ ուզեց երթալ Հայաստանէն եւ գնաց: Տղան ալ հոս մարզանքի մէջ շատ աչքի ինկած էր: Մենք մի քանի տարի ետք գացինք, տեսնենք՝ ի՛նչ են, ի՛նչ չեն: Ոչ մէկ բանի հասած էր: Հարկաւ, ոմանք կրցան դիմանալ ու դիմադրել:
«Միշտ ալ մենք՝ հայերս, կը սխալինք, կը զղջանք, կը փորձենք ուղղել մեր սխալը: Բայց այլեւս սխալելու իրաւունք չունինք: Բաւական ճանչցուած ժողովուրդ ենք: Անցեալին մեզի ո՞վ կը ճանչնար, բայց հիմա կարծես ամբողջ աշխարհը անընդհատ՝ Հայաստան, Հայաստան...»։