ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍԸ
«Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ, կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։ Սակայն ով որ կը կատարէ ի՛նչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ, Գ 19-21)։
Արդարեւ Ան՝ Յիսուս որպէս Լոյս եկաւ աշխարհ, որպէսզի մարդիկ գտնեն զԻնք աշխարհային խաւարին մէջ։ Մարդ էապէս «մարմին» է, եւ մարմինները շուքեր՝ ստուերներ կ՚ունենան, որ կարծես խաւարի մէկ մասնիկն են, եւ սակայն եթէ մարդ բնակի Յիսուսի մէջ եւ զԱյն իր սրտին մէջ պատսպարէ՝ պահէ, ան ինքը կը լուսաւորէ իր ամբողջ շուրջը եւ կը փարատէ ստուերները եւ խաւարը։ Բայց մարդ, ընդհանրապէս չի ճանչնար զԱյն՝ Լո՛յսը, չի փնտռեր, չի փափաքի,ր որ հանդիպի իրեն եւ չ՚ուզեր Անոր ծանօթութիւնը։
Բայց կա՛ն՝ որոնք հետամուտ են՝ մտադիր Իր փրկութեանը եւ հետեւողական, որպէսզի ինքզինք սիրէ ու ճանչնայ, եւ առնէ իր առաջին քայլերը դէպի «յաւիտենական կեանք»։
Ան համոզուա՛ծ է, թէ ամէն անոնք որ քալեն դէպի իրեն, կը փրկուին եւ դէպի իրեն քալելէ զատ ուրիշ ոչինչ ունին կատարելու, քանի Ան տակաւին կենդանի է եւ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ։
Մարդ սխալական է, բայց Ան եկաւ, որպէսզի ան ունենայ լիարժէք եւ իմաստալից կեանք մը։
Երբ մարդ կեանքին եւ մասնաւորապէս ի՛ր կեանքին իմաստը կը փնտռէ զուարճանքի ու ժամանցի զանազան վայրերու մէջ, գլխապտոյտ դիրքերու գագաթնակէտերուն մէջ կամ նշան կամ խօսք՝ որպէս աւանդ, կը դիմէ իր ժպիտը եւ լիաթոք առողջ ծիծաղը տենչացող զանազան մտաւորական ծաղրածուներու, միմոսներու օգնութեանը, ապա ան կամ չի գտներ եւ կամ կը կորսնցնէ կեանքի իմաստը, նոյնիսկ կեա՛նքը։
Մարդկային արուեստի գործերը բաւարար չեն, ուստի մարդ պէտք չէ՛ փնտռէ ճշմարտութիւնը եւ կեանքի իմաստը, քանի որ արուեստագէտը՝ ի՛նք կ՚ըսէ եւ կը բացայայտէ, թէ արուեստագէտը կարող է հեշտութեամբ քօղարկել կեղծիքը ճշմարտութեամբ եւ այդ ճշմարտանման կեղծիքը հրամցնել որպէս անուրանալի, անհերքելի ճշմարտութի՛ւն։ Եւ մարդիկ կ՚ընդունին այդ անժխտելի ճշմարտութիւնը՝ որ քօղարկուած կեղծիք մըն է իրականութեան մէջ։
Պէտք է ընդունիլ, որ մարդկային մտքի արտադրութիւնները կրնան սխալական ըլլալ, քանի որ մարդ ի՛նք սխալական է։ Ուստի զուտ մարդկային բանականութեան արտադրանքով ձեռք բերուած գործեր կարելի է որ յեղադարձութիւններ ունենան, կարծիքներ ներհակ գտնուին թէ՛ իրարու եւ թէ՛ ճշմարտութեան։
Այն գաղափարը որ ո՛չինչ կը պարտադրէ, բայց միայն կը լուսաւորէ միտքը, որպէսզի ճշմարտութիւնը գտնէ լոյսին մէջ, եւ այն գաղափարը որ միայն կ՚առաջարկէ, ուղեցոյց կ՚ըլլայ այնպէս՝ ի՛նչպէս արեւը առանց պարտադրելու՝ կ՚արթնցնէ մարդս ամէն առաւօտ, կերպով մը կ՚առաջարկէ արթննալ։ Արեւը կը լուսաւորէ առանց պարտադրելու, ինքնաբերաբար, բնականօրէն։
Ուստի լուսաբացէն առաջ խաւարը կը վայելէ իր մթամած վիճակը, կը տօնէ իր խաւարային յաղթանակը, բայց միշտ վարանոտ, միշտ տատամսոտ, քանի որ գիտէ որ անմիջապէս յետոյ պիտի հասնի արեւը՝ լոյսը եւ ինք՝ խաւարը պիտի թաղուի իր իսկ խաւարութեանը մէջ։ Լուսաբացը՝ արեւածագը պիտի փոխէ ամէն ինչ, ամբողջ կեանքը, լուսաւորելով աշխարհը եւ անշուշտ մա՛րդը։
Այսպէս կը տիրապետէ լոյսը, ուր կը լսուի լոյսին աղաղակը, ամէն անոնց, որ խաւարի մէջ են։
«Արթնցի՛ր, ո՜վ քնացած, դո՛ւրս եկուր մեռելութենէդ, եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ», ինչպէս կ՚ըսէ երգը. (ԵՓԵՍ. Ե 14)։ Քանի որ լոյսը կը յայտնէ ամէն բան՝ բացայայտ եւ յստա՛կ։
Սիրելի՜ներ, խաւարը կ՚ապրի եւ կը վայելէ իր խաւարութիւնը, քանի որ անոր միակ ապաւէնը, պատսպարանն է մո՛ւթը։ Ան լոյսին մէջ չի կրնար գործել, քանի որ անոր գործերը ծածուկ են, գաղտնի եւ անյայտ։ Ընդհանրապէս, մարդիկ չարագործութիւն կ՚ընեն մութին, խաւարին մէջ, որովհետեւ լոյսի մէջ չեն կրնար կատարել այն ի՛նչ որ մութին մէջ, խաւարէն օգտուելով։
Մարդոց հարցուցեր են, թէ՝ երբ անտեսանելի ըլլաք ի՞նչ կ՚ընէք։ Մեծամասնութիւնը պատասխաներ է, թէ՝ կ՚ընէին այն ամէն բանը, որ չէին կրցած ընել երբ տեսանելի էին։ Եւ բոլորն ալ չարագործութիւններու մասին խօսեր են։ Ուրեմն կը նշանակէ, որ մարդիկ, ընդհանրապէս բարեգործ են իրենց շրջապատին ազդեցութեամբ, չարագործութիւն չեն կատարեր պարզապէս անոր համար որ հակազդեցութեան պիտի ենթարկուին՝ պիտի պախարակուին, պիտի այպանուին, եւ այս ալ պատճառ պիտի ըլլայ, որ կորսնցնեն իրենց վարկը, բարի համբաւը ընկերութեան մէջ։ Ուրեմն «բարի» ըլլալու համար պէտք է բարի երեւին։ Եթէ իրենց չարագործութիւնը երեւան ելլէ՝ պիտի կորսնցնեն իրենց դիրքը, եւ «անպատիւ» պիտի համարուին։ Ո՜վ կ՚ուզէ կորսնցնել իր դիրքը, ո՜վ կ՚ուզէ «անպատիւ» անուանուիլ, եւ ով կ՚ուզէ նուաստանալ, ստորնանալ ուրիշներու հանդէպ։ Ուրեմն պէտք է լաւ եւ բարի գործ կատարել։ Չարութիւնը, չարագործութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ որ մարդ ցածնայ ընկերութեան մէջ եւ դիրքը կորսնցնէ…։
Սիրելի՜ բարեկամներ, «ուրիշին համար ապրիլ», եթէ օգնութեան, զոհողութեան համար է՝ մարդասիրական ընթացք մըն է, բայց «ուրիշին համար» կամ «ուրիշին համեմատ» ընթացք ունենալ՝ նկարագրի տկարութիւն, անհատականութեան անբաւարարութիւն է։ Ուստի զօրաւոր նկարագրի տէր՝ անհատականութիւն ունեցող մէկը «ուրիշին համեմատ» կամ «ուրիշին ազդեցութեամբ» չի՛ փոխեր իր ընթացքը։
Այս պատճառով մարդ պէտք է ըլլայ ա՛յն ինչ որ է։ Ուստի ասկէ հետեւցնելով՝ իսկական բարի մարդը այն է՝ որ բարի է թէ՛ լոյսին մէջ եւ թէ՛ մութին մէջ. նաեւ՝ իրական ազնիւ մարդը այն է, որ ազնիւ է թէ՛ հաւաքականութեան մէջ, եւ թէ՛ առանձին։ Եւ իրա՛ւ մարդը այն է, որ կը վարուի այնպէս երբ «անտեսանելի» է, ինչպէս պիտի վարուէր «տեսանելի» եղած ատեն։
«Տեսանելի» կամ «անտեսանելի», միշտ բարի մարդը բարի է եւ ազնիւ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 24, 2016, Իսթանպուլ