ԱԲԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՎԿԱՅԱԿԱՆՈՎ ՄԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ

Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ներ­կա­յիս Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին վրայ կազ­մա­կեր­պուած է փա­ռա­տօն մը, ո­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած է յիս­նօ­րեայ ծրա­գիր մը։ Պէ­յօղ­լուի յիս­նօ­րեայ փա­ռա­տօ­նը թէեւ ա­ռա­ջին ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի, սա­կայն կ՚ար­ժա­նա­նայ մօ­տիկ հե­տաքրքրու­թեան։ Յայ­տա­գի­րը կ՚ընդգր­կէ շարք մը են­թա­կայ տօ­նա­վա­ճառ­ներ, ո­րոնք կեան­քի կը կո­չուին հեր­թա­կա­նու­թեամբ։

Սոյն ձեռ­նար­կին շրջագ­ծով քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը փա­փա­քած էր նաեւ ու­շադ­րու­թիւն կեդ­րո­նաց­նել «Պէ­յօղ­լուի վա­ճա­ռա­նի­շի ար­ժէք­ներ»ուն (Beyoğlu'nun marka değerleri) վրայ։ Ա­ռա­ւել չա­փով ե­րախ­տա­գի­տա­կան մղում­նե­րով կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը։ Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը փա­փա­քած էր՝ մե­ծա­րան­քի ան­մի­ջա­կան հա­ւա­քոյ­թով մը ե­րախ­տա­գի­տու­թեան տուրք մա­տու­ցել եր­կա­րա­մեայ վա­ճա­ռա­նի­շե­րու նկատ­մամբ՝ յար­գան­քի ու գնա­հա­տան­քի ա­ռար­կայ դարձ­նե­լով զա­նոնք։ Պէ­յօղ­լուին բնո­րոշ, ա­նոր հետ նոյ­նա­ցած վա­ճա­ռա­նի­շե­րուն հա­մար պատ­րաս­տուած էին մաս­նա­ւոր վկա­յա­կան­ներ։ Ե­րէկ, կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն, այդ վկա­յա­կան­նե­րը բաժ­նուե­ցան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պետ Ահ­մէտ Միս­պահ Տե­միր­ճան։ Իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ, քա­ղա­քա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ Պէ­յօղ­լուն դժուար է պատ­կե­րաց­նել ա­ռանց իր վա­ճա­ռա­նի­շե­րուն եւ ա­նոնց յա­ւակ­նու­թեան։ Ըստ Տե­միր­ճա­նի, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը փա­փա­քած է գնա­հա­տել այն վա­ճա­ռա­նի­շե­րը, ո­րոնք տար­բե­րու­թեան մը ծնունդ տուած են Պէ­յօղ­լուի պա­րա­գա­յին։ Տե­միր­ճա­նի հա­մոզ­մամբ, ա­նոնց նկատ­մամբ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ցու­ցա­բե­րել կը նշա­նա­կէ նաեւ յի­շե­ցում­նե­րու ա­ռիթ ստեղ­ծել ան­ցեա­լի ու ա­պա­գա­յի մի­ջեւ։

Ա­ւե­լի վերջ քա­ղա­քա­պետ Տե­միր­ճան մի առ մի յանձ­նեց իւ­րա­քան­չիւր վա­ճա­ռա­նի­շի ներ­կա­յա­ցուց­չին վկա­յա­կա­նը։ Հարկ է նշել, որ վկա­յա­կան­ներ պատ­րաստուած էին զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար՝ սկսե­լով պան­դոկ­նե­րէ կամ ճա­շա­րան­նե­րէ, մին­չեւ հի­ւան­դա­նոց­ներ, բաղ­նիք­ներ ու մար­զա­կում­բեր։ Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հան­դի­սու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ քա­ղա­քա­պե­տը յանձ­նեց իւ­րա­քան­չիւ­րին վկա­յա­կա­նը։

Այս ամ­բող­ջին մէջ պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ նաեւ մեր հա­մայն­քի ե­րի­ցա­գոյն սե­րուն­դի դէմ­քե­րէն ու բազ­մա­մեայ ճա­շա­րա­նա­տէ­րե­րէն Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեան։ Տո­լափ­տե­րէի իր քա­ղիր­թի սպա­սարկ­մամբ՝ Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեա­նի ճա­շա­րա­նը եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ գո­յա­տե­ւած էր ո՛չ միայն նոյ­նա­նա­լով Պէ­յօղ­լուի հետ, այլ նաեւ համ­բաւ ձեռք բե­րե­լով շատ ա­ւե­լի լայն զան­գուած­նե­րու մօտ։ Քա­ղա­քի հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին ու կեն­ցա­ղին ա­ռու­մով իս­կա­պէս շատ յատ­կան­շա­կան ճա­շա­րան մը ու­նէր Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեան, որ ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցէր շուր­ջօ­րեայ։ Ան թէեւ յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քին բե­րու­մով քա­նի մը տա­րիէ ի վեր բաւ հա­մա­րած է իր հաս­տա­տու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, սա­կայն թէ՛ ճա­շա­րա­նին եւ թէ իր ար­հես­տին համ­բա­ւը կը շա­րու­նա­կուին ցայ­սօր։ Ահ­մէտ Միս­պահ Տե­միր­ճան ե­րէկ Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեա­նի մրցա­նա­կը յանձ­նեց՝ ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թան­քով։ Հայ­րա­պե­տեան ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցաւ իր վա­ղե­մի բա­րե­կամ­նե­րէն՝ Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Վահ­րամ Վար­դա­նեա­նի, իր ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րէն՝ Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի դի­ւա­նա­պետ Վա­ղար­շակ Չիլ­ճեա­նի։

­Միւս կող­մէ, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին հա­մար ալ վկա­յա­կան մը պատ­րաս­տուած էր Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ։ Տե­միր­ճա­նի ձե­ռամբ այդ վկա­յա­կա­նը ստա­ցաւ թեր­թիս գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան, մինչ մե­ծա­դիր պաս­տա­ռի վրայ ցու­ցադրուե­ցան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի զա­նա­զան հա­մար­նե­րուն ճա­կատ­նե­րը։

Վկա­յա­կա­նը ստա­նա­լու ա­տեն Ա­րա Գօ­չու­նեան մատ­նան­շեց, որ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ Թուր­քիոյ ա­նընդ­մէջ հրա­տա­րա­կուող ա­մե­նա­հին թերթն է, շու­տով պի­տի դառ­նայ 110 տա­րե­կան եւ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի կէ­սէն ա­ւե­լին Պէ­յօղ­լուի մէջ ան­ցու­ցած է եւ այն­տեղ ծա­ւա­լած իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016