Հիւրերու դիմագիծը
Յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին ո՛վ, ո՛ւր պիտի երթայ։ Ո՛ր ղեկավարը պիտի նախընտրէ ո՛ր հասցէն. Հայաստա՞ն, թէ Թուրքիա, Ծիծեռնակաբե՞րդ, թէ Չանաքքալէ։ Այս հարցումը հետզհետէ աւելի կարեւոր իմաստ մը կը ստանայ հայկական հարցին տեսանկիւնէն։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ կ՚ապրուի ազդեցութեան մեծ պայքար մը՝ հաւանական հիւրերու դիմագծին բերումով։ Նախատեսուած ոգեկոչումներու հաւանական մասնակիցներուն այս տեսանկիւնէն լուրջ իմաստ կը վերագրուի երկու մայրաքաղաքներուն մօտ։
Քարոզչութեան պայքարը, հասկնալիօրէն, սաստկացած է այս փուլին։ Անգարա այժմէն ապահոված է Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Միջին Ասիոյ կարգ մը թրքախօս պետութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութիւնը։ Երեւանի հետ ժամադրուածներու շարքին կը գտնուին Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Որքան որ ալ քարոզարշաւը սաստկացած ըլլայ, ապա երրորդ կողմերու դիրքորոշումներուն առումով՝ հաւասարակշռութիւնները դժուար թէ փոխուին էապէս։ Աշխարհի այսօրուան պայմաններով Թուրքիա եւ Հայաստան կը դժուարանան նոր դիրքեր, շարքեր նուաճել։ Առերեւոյթ կ՚ապրուի մեծ արշաւ մը, սակայն խորքին մէջ կողմերը տրամադրուած են խիստ պաշտպանողական։ Իւրաքանչիւրը կը ձգտի պահպանել իր ունեցած նուազագոյնը։
Տակաւին յստակ ազդանշաններ չկան Ուաշինկթընի ղեկավարութեան կողմէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ինչպէս միշտ, այս հարցին շուրջ կը նախընտրէ գործել ծայր աստիճան վերապահ, գերադասելով իր առաջնահերթ շահերը։
Այս գործընթացին մէջ կողմերը իսկական նուաճումներու պիտի կարենան հասնիլ միայն մէկ պայմանով. եթէ կարենան լեզու գտնել ուղղակիօրէն իրարու հետ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024