ԳՐԱԽԱՆՈՒԹ-ՍՐՃԱՐԱՆ

«Նոս­թալ­ժի» գրա­խա­նու­թը վեր­ջերս սկսած է նոր ձե­ւա­չա­փով մը մա­տու­ցել իր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը՝ Բան­կալ­թիի մէջ։ Ծա­նօթ է, որ այս գրա­տու­նը 1992 թուա­կա­նէն ի վեր կը գոր­ծէ եւ Շիշ­լիի ու մօ­տա­կայ շրջան­նե­րու պա­րա­գա­յին ան­փո­փոխ ու հիմ­նա­կան հաս­ցէի մը վե­րա­ծուած է՝ հայ­կա­կան զա­նա­զան նիւ­թե­րու վե­րա­բե­րեալ գրա­կա­նու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Ար­դա­րեւ, վա­ղուց հայ­կա­կան նիւ­թե­րով հրա­տա­րա­կու­թիւննե­րու ճոխ տե­սա­կա­նի մը կը ներ­կա­յա­ցուի այս խա­նու­թէն ներս, որ իր նման­նե­րու շար­քին կը հա­մա­րուի ա­մե­նա­յա­ւակ­նոտ­նե­րէն մին։ Ա­ւե­լի՛ն, այն­տեղ կա­րե­լի է գտնել նաեւ տե­սակ-տե­սակ տե­սալ­սո­ղա­կան սկա­ւա­ռակ­ներ՝ դար­ձեալ ճոխ հա­ւա­քա­ծո­յով մը։

«Նոս­թալ­ժի»ի սե­փա­կա­նա­տէր Սիւ­հա եւ Պեն­կիւ Հա­մամ­ճը ա­մո­լը վեր­ջին շրջա­նին ո­րո­շած էին փո­փո­խու­թեան են­թար­կել ի­րենց գրա­խա­նու­թին դի­մա­գի­ծը։ Այս հի­ման վրայ վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րուե­ցան խա­նու­թէն ներս։ Ար­դիւն­քին, Բան­կալ­թիի նոյն վայ­րին մէջ, նոր դի­մա­գի­ծով ու յար­դա­րան­քով մը գոր­ծել սկսած է «Նոս­թալ­ժի»ն՝ որ­պէս գրա­խա­նութ-սրճա­րան։ Ան­ցեա­լին գրե­նա­կան պի­տոյք­ներ ալ կը վա­ճա­ռուէին այդ խա­նու­թէն ներս, սա­կայն ներ­կա­յիս այդ տե­սա­կա­նին այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նի։ Խնա­յ­ուած տա­րած­քը վե­րա­ծուած է սրճա­րա­նի, ինչ որ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու պար­տա­դիր պա­հանջ­նե­րէն կամ հիմ­նա­կան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րէն մէ­կը դար­ձած է։ Մա­մու­լին հե­տե­ւե­լու, գիրք կար­դա­լու, բա­րե­կամ­նե­րու հետ հան­դի­պե­լու կամ ա­ռան­ձին ժա­մանց կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռու­մով ի­տէալ մի­ջա­վայր մը ստեղ­ծուած է։ Հիւ­րե­րուն կը մա­տու­ցուին տաք կամ պաղ ըմ­պե­լի­ներ, ա­ղի խմո­րե­ղէն­ներ եւ քաղց­րա­ւե­նիք­ներ։

Հա­մամ­ճը ա­մո­լը կը շեշ­տէ, որ գրա­խա­նու­թի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին ա­մե­նայն լրջու­թեամբ եւ սրճա­րա­նի շու­քին տակ չեն մնար։ Յա­ճա­խորդ­նե­րը կրնան միշտ պա­տուի­րել գիր­քեր կամ ա­մէն տե­սակ սկա­ւա­ռակ­ներ, ո­րոնք ե­թէ նոյ­նիսկ պակ­սին ի­րենց դա­րան­նե­րէն, ա­պա ան­մի­ջա­պէս կրնան ա­պա­հո­վուիլ դի­մո­ղին հա­մար։ Սկա­ւա­ռակ­նե­րու պա­րա­գան ալ նոյնն է ան­շուշտ։ Ա­նոնք կ՚ու­զեն դառ­նալ գրա­սէր­նե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը, նաեւ կը փա­փա­քին ան­մի­ջա­կան ու ջերմ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծել բա­րե­կամ­նե­րու մէկ­տեղ­ման հա­մար։

«Նոս­թալ­ժի»ն ա­մէն օր բաց է՝ ա­ռա­ւօ­տուն ժա­մը 08.00-էն, մին­չեւ ե­րե­կո­յեան 22.00-ը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016