ԱՂԱՂԱԿՈՂ ՀԱՅԵՐԸ

Հա­լէ­պա­հայ ե­րի­տա­սարդ լրագ­րող Յո­վիկ Շէ­հի­րեա­ն, իր վեր­ջերս հրա­պա­րա­կած յօ­դուա­ծին մէջ կը գրէ. «Ար­դեօք կա­րե­լի՞ է սահ­մա­նել կեան­քը ըն­դե­ղէ­նի ու ջու­րի կեր­պըն­կալ տա­կառ­նե­րուն մէջ: Բա­ցի նիւ­թա­կան խաբ­կանք­նե­րուն, կան նաեւ հո­գե­կան ու բա­րո­յա­կան խաբ­կանք­ներ, ինչ­պէս՝ «Սու­րիան ե­թէ կը սի­րես, չես գաղ­թե­ր», «Մենք կան­գուն ենք եւ պի­տի մնան­ք...»:

«Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ Հա­լէ­պի մէջ մա­նա­ւանդ կան­գուն մնա­լու «ի­րա­ւուն­ք­»ը տրուած է ո­րոշ խա­ւի մը, ո­րոնց­մէ են՝ մե­ծա­տուն­նե­րը, վա­ճա­ռա­կան­նե­րը եւ բարձ­րաս­տի­ճան  պաշ­տօ­նա­տէ­րե­րը»:  

Սու­րիոյ եւ մա­նա­ւանդ Հա­լէ­պի ի­րադ­րու­թիւ­նը հա­սած է այն­պի­սի փուլ մը, որ հոն մնա­ցող հա­յոր­դի­նե­րուն կեան­քը վտան­գի տակ է:

Այս մօ­տեց­ման ա­մե­նէն ե­րե­ւե­լի ա­պա­ցոյ­ցը ան­ցեալ Ուր­բաթ օր Հա­լէ­պի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ ե­րեւ­ցած սար­սա­փե­լի տե­սա­րան­ներն էին, ուր կը զո­հուէին չորս հա­յոր­դի­ներ (ա­նոնց մէջ եղ­բայր եւ քոյր Հին­տո­յեան­նե­րը) եւ կ­­՚իյ­նա­յին տաս­նեակ վի­րա­ւոր­ներ, ո­րոնց­մէ եր­կու­քին վի­ճա­կը ծայր աս­տի­ճան մտա­հո­գիչ էր:

Յստակ է նաեւ, որ Հա­լէ­պի մէջ ըն­թա­ցող զար­գա­ցում­նե­րը այ­սօր դար­ձած են մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան հե­տաքրք­րու­թեան գըլ-խա­ւոր ա­ռանցք:

Հա­կա­մար­տող հիմ­նա­կան կող­մե­րը՝ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Մոս­կուա բա­ցա­յայտ կեր­պով կը խօ­սին կրա­կի դադ­րեց­ման կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, բայց գետ­նի վրայ այլ գոր­ծըն­թաց­ներ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նան:

Մինչ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թեան մօ­տիկ հա­մա­րուող աղ­բիւր­ներ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը սփռեն այն մա­սին, թէ ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­ներ կրա­կի տակ կը պա­հեն ան­զէն բնակ­չու­թեան շրջան­նե­րը՝ ո­րոնց մէջ են նաեւ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րը, ան­դին ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու մօ­տիկ հա­մա­րուող կայ­քեր կը հա­ղոր­դեն, որ Սու­րիոյ բա­նա­կը հա­րուա­ծած է Հա­լէ­պի ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րը, ու ի շարս այ­լոց կրա­կի թի­րախ դար­ձած են ա­ւե­լի քան ե­րեք հի­ւան­դա­նոց­ներ:

Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րի լոյ­սին տակ յստակ կը դառ­նայ նաեւ, որ 25 Օ­գոս­տո­սին յայ­տա­րա­րուած հրա­դա­դա­րը կը պատ­կա­նի ան­ցեա­լին:

Սու­րիա­կան բա­նա­կը վճռած է ա­մէն գնով յա­ռա­ջա­նալ եւ իր ա­պա­հո­վա­կան գօ­տին ընդ­լայ­նել յատ­կա­պէս գրա­ւե­լով «Պուս­թան ալ փա­շա» հա­տուա­ծը: Բա­նա­կը վեր­ջին ժա­մե­րուն թեր­թիկ­ներ կը ցրուէ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րէն պա­հան­ջե­լով՝ վար դնել ի­րենց զէն­քե­րը ու յանձ­նուիլ կամ ալ լքել ի­րենց դիր­քե­րը եւ հե­ռա­նալ օգ­տա­գոր­ծե­լով ստեղ­ծուած «ա­պա­հով անց­քե­ր­»ը:

Սու­րիա­կան բա­նա­կին կող­մէ ե­ղած այդ կո­չե­րէն ետք BBC Arabic կա­յա­նը ու­շագ­րաւ կը հա­մա­րէ «Ժայշ Ալ Իս­լա­մ­»ի կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ուր ար­մա­տա­կան խմբա­ւո­րու­մը պա­տաս­խա­նե­լով յանձ­նուե­լու մա­սին ե­ղած կո­չե­րուն կը հա­կա­դար­ձէ «ընդ­հա­նուր զօ­րա­շարժ» մը ը­նե­լու յայ­տա­րա­րու­թեամբ:

Այս պատ­կե­րին դի­մաց յստակ է նաեւ, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի թե­լե­րը ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ պա­հող կող­մե­րը եր­բեք պի­տի չու­զեն, որ գետ­նի վրայ կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը բա­ցա­յայտ ա­ռա­ւե­լու­թիւն մը գրան­ցէ: Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ սու­րիա­կան բա­նա­կը տեղ- տեղ ո­րո­շա­կի յա­ռաջ­խա­ղացք կ՚ար­ձա­նագ­րէ, բա­ցո­րոշ է նաեւ, որ այդ շրջան­նե­րը մէկ օ­րէն միւ­սը կրնան դար­ձեալ յայտ­նուիլ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն ձեռ­քը:

Այս բո­լո­րէն ան­դին մե­զի հա­մար ա­մե­նէն մտա­հո­գի­չը կը շա­րու­նա­կէ մնալ Հա­լէ­պի մէջ ցայ­սօր մնա­ցող 8-10 հա­զար հա­յոր­դի­նե­րուն վի­ճա­կը: Հա­լէ­պի հա­յու­թիւ­նը տե­ղա­շար­ժի են­թար­կե­լու կամ տար­հա­նե­լու մա­սին խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ ե­ղած են տագ­նա­պի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն ի վեր: Այն օ­րե­րուն, երբ բո­լո­րին հա­մար մեծ յոյ­սեր կա­յին, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պի­տի ը­նեն ա­մէն ինչ տի­րա­պե­տե­լու հա­մար Հա­լէ­պին եւ ա­նոր ծայ­րա­մա­սե­րուն մէջ «մաքր­մա­ն» գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ը­նե­լով Հա­լէ­պը դարձ­նեն ընդ­դի­մա­դիր­նե­րէ բո­լո­րո­վին զուրկ քա­ղաք մը: Այդ խոս­տում­նե­րը ա­մէն օր վե­րա­փո­խուե­ցան ու այ­սօր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կամ Հա­լէ­պի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար գերխն­դի­րը Հա­լէ­պը ա­զա­տագ­րե­լը չէ, այլ քա­ղա­քի ա­պա­հո­վա­կան գօ­տիին ընդ­լայ­նու­մը:

Բայց բա­ցի այս բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րէն, յստակ է նաեւ, որ Հա­լէ­պի հա­մար նա­խա­տե­սուած ծրա­գիր­նե­րը, ա­ռա­ջարկ­նե­րը կամ սպա­սուած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ինչ-ինչ հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով կրնան փո­խուիլ: Այդ­պէս ե­ղաւ անց­նող տա­րի­նե­րուն ու շատ հա­ւա­նա­կան է, որ այս ան­գամ ալ այս դա­րա­ւոր քա­ղա­քի «սպա­սուած պա­տե­րազ­մ­»ը յե­տաձ­գուի, կամ նոյ­նիսկ ջնջուի:

Ա­մէն ան­գամ, որ հայ օ­ճա­խի մը լոյ­սը մա­րի, զո­հեր ըլ­լան, ա­րիւն հո­սի եւ այդ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը ի­րենց մե­ռել­նե­րը հո­ղին յանձ­նեն, հայ­կա­կան աշ­խար­հը, մա­նա­ւանդ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ, Սու­րիոյ եւ Հա­լէ­պի թե­ման ար­ծար­ծող մտա­հոգ հա­յոր­դի­նե­րը «ոտ­քի կ՚ել­լե­ն»:

Այս օ­րե­րուն ալ նոյնն է դրու­թիւ­նը, սա­կայն այս փու­լին ե­ղած ար­ձա­գան­գը կամ հա­կազ­դե­ցու­թի­ւը ա­ւե­լի լայ­նա­տա­րած է ու բո­ղո­քը՝ ա­ւե­լի մեծ: Պարզ ա­նոր հա­մար, որ հայ­կա­կան աշ­խար­հին ու մաս­նա­ւո­րա­պէս երկ­րէն դուրս գտնուող սու­րիա­հա­յե­րուն հա­մար ալ յստակ դար­ձած է, որ ի­րենց ծննդա­վայ­րին շուրջ ըն­թա­ցող պա­տե­րազ­մի հրդեհ­նե­րը «մա­րե­լու» հանգ­րուա­նէն շատ հե­ռու են:

Սու­րիան այ­սօր դադ­րած է մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան մա­կար­դա­կի հա­կա­մար­տու­թիւն մը ըլ­լա­լէ, այլ վե­րա­ծուած՝ հա­մաշ­խար­հա­յին հա­կա­մար­տու­թեան մը, ո­րուն լա­րում­նե­րը, սար­սափ­նե­րը, քա­ղա­քա­կան եւ ա­պա­հո­վա­կան պրկում­նե­րը կը յի­շեց­նեն «Պաղ պա­տե­րազ­մ­»ի ա­մե­նէն «տա­ք» պա­հե­րը:

Այս բո­լո­րէն ան­դին հա­յու­թեան տար­բեր խա­ւե­րուն մօտ սկսած է տեղ գտնել Հա­լէ­պը տար­հա­նե­լու գա­ղա­փա­րը: Մինչ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը կը փոր­ձեն ան­տե­սել նման ա­ռա­ջարկ­ներ կամ առ­նուազն փա­կել ի­րենց ա­կանջ­նե­րը նման խօս­քե­րու դի­մաց, Հա­յաս­տա­նի մէջ եւս քիչ չեն Հա­լէ­պի հա­յու­թեան վի­ճա­կով մտա­հոգ ե­ղող տար­բեր շեր­տեր ներ­կա­յաց­նող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:

 Հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն այս հար­ցին վե­րա­բե­րեալ ե­ղած կրա­ւո­րա­կան դիր­քո­րոշ­ման դի­մաց առ­կայ դժգո­հու­թիւ­նը այս հանգ­րուա­նին կը յայտ­նուի ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ, իսկ Հա­յաս­տան ու Լի­բա­նան հաս­տա­տուած մեծ թի­ւով հա­լէ­պա­հա­յեր կը խու­սա­փին նման նուրբ հար­ցի մը մա­սին կար­ծիք յայտ­նե­լէ:

Հա­լէ­պի մէջ ե­ղած Սեւ Ուր­բաթ օ­րուան ա­ւար­տին՝ Հա­յաս­տա­նի լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ լուր մը տա­րա­ծե­ցին երկ­րի նա­խա­գա­հի յա­տուկ կար­գադ­րու­թեամբ դէ­պի Հա­լէպ ուղ­ղուող եւ մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րով բեռ­նա­ւո­րուած եր­կու օ­դա­նա­ւնե­րու դէ­պի Լա­թա­քիա ու­ղե­ւո­րու­թեան մա­սին:

Այս ա­ռու­մով նաեւ տրուե­ցան եւ լսե­լի դար­ձան տար­բեր տե­սա­կի գնա­հա­տա­կան­ներ: Քիչ չէր տո­կո­սը ա­նոնց, ո­րոնք ող­ջու­նե­լով հան­դերձ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին այս ազ­նիւ քայ­լը՝ կը դի­տար­կէին, որ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հա­մար այ­սօր անհ­րա­ժեշ­տը միայն հացն ու բրին­ձը, դեղն ու ա­լիւ­րը, ոս­պը, տաք հա­գուստն ու պի­տա­նի նիւ­թեր չեն, այլ հո­գիի ող­ջու­թիւնն է:

Շատ հա­ւա­նա­բար նոյ­նը պի­տի ը­սէին նաեւ հա­լէ­պա­հա­յե­րը: Ա­նոնք չա­րու­թեամբ չէ, որ պի­տի ու­զէին խօ­սիլ այդ մա­սին, այլ մղուած ի­րենց սե­փա­կան կեան­քը փրկե­լու բնա­կան ի­րա­ւուն­քով մը:

Մահ ու կե­նաց կռիւ մղե­լով, ի­րենց կեան­քի ա­պա­հո­վու­թիւ­նը հա­կա­հայ յայտ­նի կող­մե­րէ նիւ­թա­կան նե­ցուկ ստա­ցող հրո­սակ­նե­րուն «յանձ­նա­ծ» ըլ­լա­լով, հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հա­մար այ­սօր հիմ­նա­կա­նը այս բո­լո­րէն ողջ, ա­ռողջ ու անվ­տանգ դուրս գալն է:

Ու այս պա­րու­նա­կին մէջ է նաեւ, որ ընդգ­ծե­լի են հա­լէ­պա­հայ լրագ­րո­ղին եւ իր նման հա­րիւ­րա­ւոր­նե­րուն վե­րեւ գրած տո­ղե­րը, ո­րոնց հա­մար ար­ժա­նա­պա­տիւ կեանք մը ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը ան­պայ­ման որ վեր է կեր­պըն­կա­լէ մեծ ու փոքր, կա­պոյտ ու դե­ղին տա­կառ­նե­րէն, Նոր Գիւ­ղի եւ «Վիլ­լան­նէ­ր» շրջա­նին մէջ փուլ ե­կած տու­նե­րու փո­շիէն, մութ, ան­ջուր եւ ա­մե­նէն տար­րա­կան պէտ­քե­րէն զրկուած եւ ա­ղի­տեալ դար­ձած ի­րենց ծննդա­վայ­րին կա­րօ­տէն:

Ան­կախ բո­լոր հա­շիւ­նե­րէն, ան­կախ հին ու նոր գե­րեզ­ման­նե­րը պա­հե­լու, սէգ ու բարձր գմբէթ­նե­րու օրհ­նու­թե­նէն, Հա­լէ­պի խուլ ու մութ թա­ղե­րէն դէ­պի խո­նաւ մա­ռան­նե­րու մէջ ա­պա­հո­վուած ու դա­րա­ւոր ար­խիւ­նե­րէն, հա­լէ­պա­հա­յը այ­սօր կանգ­նած է մա­հուան վտան­գի սե­մին:

Կա­րե­ւոր ալ չէ, թէ որ­քա­նով կը գնա­հա­տուի ա­նոր թի­ւը:

Ու­թը, ի­նն, տա­սն կամ եօթ հա­զար հա­յեր: Հա­յեր, ո­րոնք դար մը ետք այ­սօր դար­ձեալ յայտ­նուած են նոր տե­սա­կի հա­լա­ծանք­նե­րու մէջ: Հա­յեր, ո­րոնք ա­մէն օր կը պատ­մեն ի­րենց լուռ ցա­ւե­րուն մա­սին:

Լուռ ցա­ւեր նոյն Գրի­գոր Զօհ­րա­պի գրած տո­ղե­րէն առ­նե­լով ի­րենց փրկու­թեան վեր­ջին յոյ­սը կ՚ու­զեն պո­ռալ ամ­բողջ աշ­խար­հի ե­րե­սին:

Խա­ղաղ ու բա­րի Հա­լէ­պի օ­րե­րը դար­ձան սեւ:

Հա­լէ­պի հա­յե­րը այ­սօր ալ կ՚ա­ղա­ղա­կեն: Ա­նոնք ութ կամ ի­նն կամ տա­սն հա­զար հա­յե­րը, ո­րոնց փրկու­թիւ­նը մեր բո­լո­րին ու­սե­րուն է:

ՍԱ­ԳՕ Ա­ՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՀԱՅ ԶՈՀԵՐ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Հա­լէ­պի սաս­տիկ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը ե­րէկ կէ­սօ­րէ վերջ շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց բար­բա­րո­սա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը՝ հրթի­ռա­կո­ծե­լով քա­ղա­քի զա­նա­զան շրջան­նե­րու խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը։ Նոր Գիւղ, Մո­կամ­պօ եւ Մու­հա­ֆա­զա թա­ղա­մա­սե­րը թի­րախ դար­ձան սաս­տիկ յար­ձա­կում­նե­րու։ Ա­նոնց շար­քին կը գտնուին նաեւ հա­յաբ­նակ թա­ղեր։

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը եւ այլ հայ­կա­կան աղ­բիւր­ներ ե­րէկ հա­ղոր­դե­ցին, թէ հա­յաբ­նակ Նոր Գիւղ թա­ղա­մա­սին վրայ ար­ձա­կուած հրթիռ­նե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հուած են եր­կու հա­յեր՝ Գաս­պար Շա­թո­յեան (1986) եւ Մով­սէս Մով­սէ­սեան (1987)։ Դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած է Վա­րու­ժան Տօ­նա­պե­տեան, ո­րու վի­ճա­կը կը հա­մա­րուի կա­յուն։

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջի տուեալ­նե­րով, Հա­լէ­պի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն են­թար­կուած հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով զո­հուած է ե­րեք հայ։ Կայ­քէ­ջը վե­րո­յի­շեալ եր­կու ա­նուն­նե­րուն ա­ռըն­թեր զո­հե­րու շար­քին կը նշէ Յա­կոբ Չալ­լա­քեա­նը (1959)։ Մինչ Հա­լէ­պի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րը վե­րա­ծուած են պա­տե­րազ­մի դաշ­տի, քա­ղա­քէն ներս ընդ­հան­րա­պէս ալ պա­տե­րազ­մա­կան կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծուած է ու կը շա­րու­նա­կուին հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րը։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին ալ նման ծանր ի­րա­վի­ճակ մը ստեղ­ծուած էր Հա­լէ­պի մէջ ու միայն վեր­ջին օ­րե­րուն այն­տեղ զո­հուած հա­յե­րուն թի­ւը կը մօ­տե­նայ տաս­նի։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016