ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա արձագանգեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ծանօթ է, որ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը նշած էր, թէ հիմնախնդրի լուծման ուղղութեամբ պայմանները տակաւին չեն հասունցած եւ ինք կարգաւորման համար ճանապարհ մը չի տեսներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Ռաշա Թուտէյ» հեռուստակայանի հարցման պատասխանելով՝ Մարիա Զախարովա ըստ հետեւեալի մեկնաբանեց Ճոն Քերիի յայտարարութիւնը. «Կը կարծեմ, որ հակամարտութեան կարգաւորման կը նպաստեն ոչ թէ յայտարարութիւնները, այլ գործնական աշխատանքը, որով իսկ կը զբաղինք մենք»։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան նոր այցելութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները հետզհետէ կը յստականան։ Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք երէկ տեղեկացուց, որ միջնորդները Հոկտեմբերի վերջաւորութեան պիտի այցելեն հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Յամենայնդէպս ամերիկացի դիւանագէտը տակաւին յստակ ժամկէտներ չնշեց ուղեւորութեան շուրջ։ Ուորլիք յոյս յայտնեց, թէ կը հանդիպին երկու երկիրներու ղեկավարներուն՝ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Միեւնոյն ժամանակ Ուորլիք ողջունեց Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը՝ Սարգսեան-Ալիեւ յաջորդ գագաթաժողովը հիւրընկալելու ուղղութեամբ։ «Որպէս Մինսքեան խմբակի համանախագահներ՝ Ֆրանսա, Ռուսաստան եւ ԱՄՆ սերտօրէն կը համագործակցին իրարու հետ միջնորդական ջանքերը շարունակելու նպատակով՝ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ հակամարտ կողմերը հաւատարիմ են խաղաղ կարգաւորման եւ իրենք չեն կարծեր, թէ որեւէ բան պիտի փոխուի։
Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկն ալ յայտնեց, թէ իր գրասենեակը լիազօրութիւն չունի՝ հակամարտ կողմերուն միջեւ պատահած դէպքերուն շուրջ հետաքննութիւն իրականացնելու համար։ Ան ընդգծեց, որ Ապրիլի սկիզբին պատահած բախումներուն հետեւած 6 ամսուան ժամանակաշրջանին ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները առանց ջանք խնայելու աշխատած են իրավիճակի կայունացման եւ բանակցութիւնները յառաջ մղելու ուղղութեամբ։