ՍԷՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՊԿ-Ի ԺՈՂՈՎԻՆ ՀԱՄԱՐ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Երեւան։ Այսպէս Հոկտեմբերի 14-ին ան պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի տանտիրութեամբ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին հաւաքական անվտանգութեան ապագայ կատարելագործման եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ հրատապ պայքարի վերաբերեալ խնդիրներ։ Ժողովի օրակարգին վրայ պիտի գտնուին նաեւ ռազմական համագործակցութեան զարգացումը եւ շարք մը փաստաթուղթեր, պիտի ներկայացուին ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հաստատման։
Կը նախատեսուի, որ Սէրկէյ Լաւրով Երեւանի մէջ առանձին հանդիպումներ ալ ունենայ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։