ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԻՒՐ
Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ եզակի համերգ մը, որու ծրագրին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ պոլսահայ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ։ Երէկ, Երեւանի մէջ այս նախագծին մասնակից արուեստագէտները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երգահան-երաժիշտ ու երգիչ Տանիէլ Տեքէր, որ ինքզինքը կոչումով հայ կը համարէ, այս համերգին շրջագծով առաջին անգամ հանդէս պիտի գայ ամբողջովին հայերէն երգացանկով մը։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ան երէկ յայտնեց, թէ արդէն 16-րդ անգամ կ՚այցելէ Հայաստան ու կը յուսայ, թէ տակաւին բազում անգամներ կ՚ունենայ այդ հնարաւորութիւնը։ «Ես շատ երկար սպասած եմ այս համերգին ու պատրաստուած անոր համար։ Շատ յուզուած եմ, յատկապէս, որ առաջին անգամ պիտի ներկայացնեմ համերգ մը բացառապէս հայերէն։ Կ՚ուզեմ նշել, որ իմ լաւ ընկեր Արա Գէորգեան շատ մեծ աւանդ մը ունի այս համերգի կազմակերպման ուղղութեամբ։ Առաջին անգամ ես լսեցի իր «Մուշ» երգը։ Մենք ունինք համատեղ երգ մը՝ «Ատանա»», ըսաւ յայտնի երգիչը։ Միեւնոյն ժամանակ յայտնի արուեստագէտը տեղեկացուց, որ համերգի ընթացքին պիտի հնչէ նաեւ անոնց համատեղ աշխատանքին շնորհիւ ծնած երրորդ երգը, որ կը կոչուի «Արաքս»։ Տեքէր ելոյթի ընթացքին զուգերգ մըն ալ պիտի կատարէ Սիպիլի հետ։
Տանիէլ Տեքէրի խօսքերով, այս համերգը հայ ժողովուրդին համար նուէր մըն է իր կողմէ։ «Կ՚ուզեմ ըսել, որ միշտ հայերու հետ եմ, միշտ կ՚աջակցիմ ձեզի եւ հպարտ եմ, որ հայ եմ», եզրափակեց Տեքէր։ Այս վերջինը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան ընդունուելէ վերջ իր մականունը վերածած է Տեքէրեանի։
Տանիէլ Տեքէր Հայաստանի Ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբին հետ յառաջիկայ Երկուշաբթի հանդէս պիտի գայ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Ձեռնարկի ընթացքին որպէս հիւր ելոյթներ պիտի ունենան Սիպիլ, Արա Գէորգեան, «The Beautified Project» ռաք խումբի հիմնադիր Անտրէ Սիմոնեան եւ այլք։