ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ ԵՒ «ՄԱՇՏՈՑԻ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆԸ»
8 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016, Շաբաթ օր, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց յիշատակի օրն է։ Մեծ եւ նոյնքան կարեւոր տօն մըն է, քանի որ երբ կը գրուի այս տողերը, եւ այս տողերու նման բազմաթիւ գրութիւններ, իւրաքանչիւր գրիչ որ կը շարժի հայերէն տող մը գրելու համար, կը պարտի այս օրուան՝ Հայ նշանագրերու գիւտին եւ Թարգմանիչ վարդապետներուն, որոնք իսկապէս «հրա՛շք» մը գործեցին եւ մշակոյթ մը ստեղծեցին։
Այս առթիւ, դարերու ընթացքին, բազմաթիւ նուիրեալներ հայ գիրին եւ գրականութեան, շարունակեցին հրաշագործութիւնը, ստեղծելով նոր «գիւտ»եր եւ զարգացնելով հետզհետէ հայ գրականութիւնը։ Գիրի մշակներ, մամլոյ մշակներ, գիրի եւ գրականութեան նուիրեալներ տակաւին կը շարունակեն դարե՜ր առաջ իրականացած «հրաշք»ը՝ փոխանցելով զայն ապագայ սերունդներուն։ Եւ հրաշքի մը ստեղծած այս մշակոյթը բարդուելով կը զարգանայ հետզհետէ։
Ուստի իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատու է, եւ պարտաւո՛ր՝ անձամբ ստեղծելու իր արժէքները եւ նուիրելու զայն ընդհանուր մշակոյթին՝ որը միանալով տարբեր մշակոյթներու հետ պիտի կազմէ տիեզերական-հասարակաց մշակոյթը։
Ահաւասիկ, Վահէ Օշական մէկն է՝ դարեր առաջ կատարուած «հրաշք»ին ժառանգորդներէն՝ հրաշքը հոգացող եւ տեւականացնողներէն։
Ուրեմն իր «Խանգարուած Վերելակը» գործէն հատուած մը ներկայացնելով կ՚ուզենք մասնակից ըլլալ այս «յիշատակ»ին՝ Հայ գիրերու գիւտի եւ թարգմանիչներու «հրաշք»ին։
«Խանգարուած Վերելակը»՝ որպէս «ռատիօ-թատերակ» գործ, կը նարկայացուի Մեսրոպ Մաշտոցը՝ Մաշտոց մը արդի մարդու կենցաղով, լեզուով եւ մանաւանդ՝ ներաշխարհով։ Այբուբենի ստեղծումէն երեսուն տարի յետոյ, ծերացած, ան կը զգայ թէ մինա՛կ է, որ նոր ստեղծողներ չեն հետեւած իրեն. իսկ իր ստեղծագործութիւնը «կարծրացած-քարացած» մշակոյթի վերածուելու վրայ է…։
Նիհար սենեակ մը. կոշտ սեղան, վրան աժաննոց «թրանզիսթոր» (=Ձայնասփիւռ՝ թրանզիսթորով-կիսահաղորդիչով), խորքին սեւ վարագոյր։ Լայն պատուհանին տակ, ցածլիկ բազմոցին ծալլապատիկ՝ մանրուկ. ճաղատ մարդ մը…
(Ձայնասփիւռէն կը լսուի ճառի մը շարունակութիւնը). «Այս առթիւ, մեր բոլորին մտածումները, մեր հոգիի աչքերը կ՚ուղղուին դէպի այն հանճարեղ, անզուգական անձը, որ մեր մշակոյթի վերջին երեսնամեակի փառաւոր ծաղկումին ճարտարապետն է, հայ Մշակոյթի հայրը՝ Մեսրոպ Մաշտոցը…»։
Մաշտոց (Շատ ցած, բայց ո՛չ տկար). Կորի՛ւն…
(Ձայնասփիւռ).- Հազար տարի, երկու հազար տարի ետք ալ, հայոց համար Մեսրոպի անունը…
Կորիւն.- Այո՞։ Մաշտոց.- Գոցէ՛ սըւիկա։
(Լռութիւն)
Մաշտոց.- Յիմարներ… Գիտէի ասանկ ըլլալը։
Կորիւն.- Ինչպէ՞ս ըլլալը…
Մաշտոց.- Այս ճարպոտ, անտէր բառերը, սա յամառ, ճշդապահ տարեդարձները… Ինչքան շուտ սկսան ծերանալ… Մաշտոց միտքը ազատագրէ՛, ու անմիջապէս կեանքէն կը կտրուին, կը չորնան… Տե՛ս՝ ինչպէ՛ս տարիները կը հաշուեն, ապագային կը կռթնին…
Կորիւն.- Բայց ճիշդ չէ՞ ըսածնին։
Մաշտոց.- Այո, ճիշդ է… բայց այդ չէ կարեւորը։
Կորիւն.- Հապա ի՞նչն է կարեւորը։
Մաշտոց (Արագ շարժումով մը կ՚ելլէ ոտքի։ Շիտակ է կռնակին գիծը։ Կը պրկուի, կը նայի Կորիւնին).- Կարեւորը ճիշդը չէ, կարեւորը ճշմարի՛տն է… Մարդիկ երջանիկ չեն, Կորիւն, ու չեն գիտեր պատճառը։ Կը կարծեն նոյնիսկ, թէ կա՛յ տրամաբանական պատճառ մը… Ու այս ամբողջ իրարանցումը, Կորիւն, որպէսզի մոռնան իրենց դժբախտութիւնը…
Կորիւն (Զգոյշ շեշտով).- Ամէն մարդու դժբախտութիւնը իր գիտնալիքն է։
Մաշտոց.- Ոչ, ոչ, Ո՛Չ (կը պոռայ՝ առանց կորսնցնելու ինքզինք)։ Ի՞նչ ըսել է՝ ամէն մարդու ցաւը իր գիտնալիք բանն է, Կորիւն, ի՞նչ ըսել է։ Ուրեմն դուն բան մը չես հասկցեր, այսքան տարի (Կարճ լռութիւն)։ Ինչպէ՞ս բացատրել, եթէ արդէն չես գիտեր… Մարդոց երջանկութիւնն ու տառապանքը, մարդոց ակռայի ցաւը, լացն ու խնդուքը իմ գործս են, ի՛մ կեանքս են… Այսքան տարի՝ կը նետուիմ աջ ու ձախ, Հայաստան, Վրաց երկիր, Միջագետք, Աղուանք… Տեսա՞ր որեւէ տեղ մէկը, որուն հանդէպ անտարբեր ըլլայի… (Ձայնը շատ ցած, բայց յստակ) (Բայց) տեսա՞ր մէկը, որուն հետ մտերմանայի… Ուրիշ բան չէի կրնար ընել, մինա՛կ պէտք էր որ մնայի, որ հետեւէին… (Լուռ է) Բայց ոչ ոք կրցաւ հետեւիլ… Մարդիկ ասանկ են եղեր, Կորիւն։ (Լուռ է) Վստահ եմ՝ երկու հազար տարի ետք աւելի գէշ պիտի ըլլայ. վի՛հը՝ մտածուածին ու գրուածին, հաւատքին ու եկեղեցիին միջեւ՝ այդ վիհին մէջ պիտի իյնան բոլորը…
Կորիւն.- Ասոնք… դո՛ւն միայն կ՚ըսես…
Մաշտոց (Կը նստի կրակին մօտ… Յոգնած է դէմքը, իջնող երեկոյեան չափ).- Երբեք գիտցա՞ծ ես դուն, մսավաճառի աշկերտի քու գլուխովդ, թէ… ի՜նչ է ամբողջ կեա՜նք մը սպառել հոս հոն, ժողովուրդի մը այբուբենը գտնել. դպրոցներ բանալ, աշակերտ հասցնել, գիրքեր թարգմանել, քարոզել, կռուիլ, ծերանալ… Ինչո՛ւ…
Կորիւն.- Այո - որպէսզի հայ մշակոյթը փրկուի, որպէսզի սուրբ եկեղեցին, սուրբ հաւատքը տարածուին…
Մաշտոց (Անհամբեր, զսպելով ջղայնութիւնը).- Ատիկա՞ պիտի ըսէիր ինծի… Այսքան տարիներ հետս եղար, աւելի խորունկը զգացի՞ր… եթէ դուն այդպէս ըսես, հապա ի՞նչ պիտի ըսեն դասախօսները։ (Լուռ է) Տե՛ս, Կորիւն, ատիկա ճիշդ է - բայց ատիկա այդպէս չէ. ճշմարիտը ուրիշ է։ (Ջղայնոտ՝ ոտքի կը ցատկէ, կ՚անցնի խորքի վարագոյրին ետին։ Քիչ մը ետք ետ կու գայ, հետը փայտէ ծանր սնտուկ մը, որ կը դնէ կրակին քով։ Տարօրինակ փայլ մը, կենդանութիւն մը կը վառի աչքերուն մէջ)։ Կորի՛ւն, քեզի ըսելիք մը ունիմ։ Հո՛ս եկուր։
Կորիւն.- Հոս եմ արդէն։
Մաշտոց.- Գիտեմ, որ մեռնելէս ետք պիտի գրես իմ մասիս։ Դուն խելացի մարդ ես. բայց… քու չգիտցածդ ըսեմ քեզի։ կենսագիրս ես, ի վերջոյ։
Կորիւն.- (Գրեթէ առանց մտածելու, կտրուկ, վախի երանգով մը) Մի՛ ըսեր… Գրէ՛, դո՛ւն գրէ…
Մաշտոց.- Չէ՛, չէ… Ատիկա չի գրուիր… Բայց եթէ չես ուզեր գիտնալ…
Կորիւն.- Մաշտոց կարեւոր չէ ատիկա։ Քու անձդ երկրորդական է պատմութեան համար։ Մեզի՝ արդիւնքը կարեւոր է, ոչ թէ պատճառները։ Մի՛ ըսեր…
Մաշտոց.- (Ունելիով կրակը կը խառնէ, չի նայիր Կորիւնին։ Ծանր վայրկեան մը։ Յետոյ, ինքնիրեն խօսելով). Ուրեմն, գաղտնիքս գողի պէս առած՝ պիտի երթամ… ա՞յդ է…
Կորիւն (Գլուխը կը շարժէ, հաստատական)։
Մաշտոց.- Ուրեմն մի՛ գրեր իմ մասիս։ Ռատիոյի, բանախօսներու, ուսուցիչներու ըսած պարապ խօսքերը, վրան քանի մը անձնական յուշ՝ ու լմնցաւ…
Ահաւասիկ Վահէ Օշականի տեսանկիւնէն Մաշտոցը եւ իր «հրաշք-գործ»ը։
Եւ երբ կը կարդանք այս տողերը եւ կը դիտենք մեր շուրջը ընդհանրապէս, կը տարուինք մտածումներով եւ կը հարցնենք մենք մեզի՝ Մեսրոպ Մաշտոց եթէ ապրէր մեր օրերուն եւ դիտելու առիթը ունենար իր շուրջը, ի՞նչ կը տեսնէր եւ ի՞նչ կը մտածէր իր ստեղծագործութեան՝ իր «հրաշք»ին, իր անգին ժառանգը ժառանգողներուն մասին։ Իրապէ՛ս, այդ ժառանգին տիրացողները՝ մենք բոլորս ո՞րքան գնահատած ենք այդ հարստութիւնը եւ ո՞ր աստիճան կրցած ենք տեւականցնել զայն…։ Կ՚արժէ խորհիլ եւ խորհրդածել այդ մասին։
Այս առթիւ սրտանց կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որ Սուրբ Թարգմանիչներու պատուական անունը կը կրեն, նաեւ այն բոլոր գիրի մշակները, եւ յատկապէս Մեսրոպ Բ Պատրիարք Հայրը եւ երախտագիտութեամբ ու հպարտութեամբ անգամ մը եւս կը մտաբերենք իր շնորհաւորութիւնը, ամէն Թարգմանչաց տօնի առթիւ՝ այս տրուպ գրիչին ուղղուած. «Անուան տօնդ կը շնորհաւորեմ, ո՛չ միայն անունիդ, այլ վաստակիդ համար նաեւ…»։
Շնորհաւոր ըլլայ Թարգմանչաց տօնը բոլորիս համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 4, 2016, Իսթանպուլ