ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան սիրոյ սեղանը։ Այս առթիւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեցեցւոյ մէջ, որ հերթական անգամ դարձաւ համայնքային շրջանակներուն ժամադրավայրը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն, տուաւ օրուան պատգամը։
Տարեկան մատաղօրհնութեան օրը Մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց՝ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան՝ Գողթան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Գըլըճեանի։
Իր քարոզին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը կանգ առաւ խոնարհութեան եւ հեզութեան կարեւորութեան վրայ։ Վերագրումներ ընելով մեր հաւաքական կեանքին՝ ան ընդգծեց, որ մեր համայնքն ալ գիտէ գնահատել այդ արժէքները։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Նորին Սրբազնութիւնը, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը, որոնց միացաւ նաեւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ներկաներու շարքին էին՝ Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդական Նատիա Թաշէլ, եւ այլք։ Մայր Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք համախմբուած էին տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Լեռնա Եաղեազանի հանդիսավարութեամբ։ Արտայայտուեցան Հրանդ Մոսկոֆեան, Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր եւ թաղականներէն Մուրատ Շիրին։ Ընդհանուր Փոխանորդին ձեռամբ յանձնուեցաւ թաղային խորհուրդին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրը՝ դպրոցի նախկին բազմամեայ տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլանի համար։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ ծափահարութիւններու արժանացան Մայր վարժարանի տղաքը։ Արտասանեցին Նաթան Տոլաշ, Տիանա Չիլինկարեան, Ռինա Աքպաշ։ Աշակերտներէ եւ ուսուցիչներէ բաղկացեալ կազմ մը ներկայացուց խմբերգներ՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Արթիւր Պաղտասարեանի մականին ներքեւ, ջութակի նուագակցութեամբ Ղազար Սապունճուի։ Մեներգեց Թայիս Հալաճեան։ Մանկապարտէզի փոքրիկները ներկայացուցին պար մը։
Պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մըն ալ կատարուեցաւ՝ Մայր վարժարանի պատմութեան շուրջ։ Այս փուլի հանդիսավարներն էին Թայիս Հալաճեան եւ Ֆիլիփ Ելեկէն։
Հաւաքոյթը եզրափակուեցաւ Նորին Սրբազնութեան խօսքով եւ աղօթքով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ տեղեկացուց, որ պիւտճէի բացին ութսուն տոկոսը արդէն հաւասարակշռուած է։ Ան մաղթեց, որ մեր համայնքը այս տարի եւս միասնականութեամբ ու զօրակցութեամբ յաղթահարէ վարժարաններու պիւտճէի բացը։