ՀԱՆ­ԴԻ­ՍՈՒ­ԹԻՒ­Ն՝ ԹԱՒ­ՐԻ­ԶԻ ՀԱՅ ՀԱ­ՄԱԼ­ՍԱ­ՐԱ­ՆԱ­ԿԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ՄԻՈՒ­ԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ

Թաւ­րի­զի Հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու միու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիին մէջ, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի, կա­տա­րուե­ցաւ միու­թեան կազ­մա­կեր­պած ա­մառ­նա­յին դա­սըն­թաց­քի եզ­րա­փա­կիչ հան­դի­սու­թիւ­նը:

Դպրո­ցա­կան 2015-2016 կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին, միու­թեան նո­րըն­տիր վար­չու­թիւ­նը իբ­րեւ իր աշ­խա­տան­քա­յին ու­ղե­գի­ծին ա­ռա­ջին ծրա­գի­րը, նա­խա­ձեռ­­նած էր թաւ­րի­զա­հայ նոր սե­րուն­դին հա­մար անգ­լե­րէն լե­զուի եւ գե­ղան­կար­չութ­եան դա­սա­րան­նե­րու կազ­մու­թեան, ո­րոնց ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էին բա­ւա­րար թի­ւով եւ տար­բեր տա­րի­քի՝ վե­ցէն մին­չեւ տասն­չորս տա­րե­կան ա­շա­կերտ­ներ:

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Ա­նի Յա­կո­բեան, տե­ղե­կաց­նե­լով  ներ­կա­նե­րուն,  թէ՝  միու­թեան  աշ­խա­տան­քա­յին  շեշ­տը միշտ նոր սե­րուն­դին ա­ռողջ դաս­տիա­րա­կու­թեան վրայ դրուած է: Ան բա­ցատ­րեց անց­նող ա­միս­նե­րու աշ­խա­տան­քա­յին հեւ­քը, կա­մա­ւոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն նուի­րու­մը գո­վե­լով:

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին, անգ­լե­րէն լե­զուի դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ե­լոյթ ու­նե­ցան, հան­դի­սա­տե­սին ներ­կա­յաց­նե­լով ի­րենց սո­րված լե­զուա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն: Ամ­բողջ ամ­րան տե­ւո­ղու­թեան, մաս­նա­ւոր օ­րե­րու, հա­մալ­սա­րա­նի մէջ անգ­լե­րէ­նի մաս­նա­գի­տու­թեան հե­տե­ւող Մե­ղե­դի Թար­վեր­տեա­ն, դա­սա­րա­նի ընդ­հա­նուր մա­կար­դա­կի հա­մա­պա­տաս­խան անգ­լե­րէն լե­զու սոր­վե­ցու­ցած էր, ա­շա­կերտ­նե­րուն փո­խան­ցե­լով մի­ջազ­գա­յին լե­զու դառ­նա­լու ա­մէն յա­ւակ­նու­թիւն ու­նե­ցող այս լե­զուին գաղտ­նիք­նե­րը:

Ա­պա, տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղան­կար­չու­թեան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն պատ­րաս­­տած նկար­նե­րուն ցու­ցա­հան­դէս-ներ­կա­յա­ցու­մը: Ու­սուց­չու­թեան եւ ու­ղե­ցոյ­ցի պաշ­տօն կա­տա­րած էին Ռի­թա Նա­զար­բէ­գեան եւ Ա­նա­յիս Խա­լա­ֆեան: Այս ա­ռի­թով, վար­չութ­եան կող­մէ յու­շա­նուէր­ներ բաշ­խուե­ցան մաս­նակ­ցող ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ա­նոնց ե­րեք ու­սուց­չու­հի­նե­րուն:

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին բեմ հրա­ւի­րուե­ցաւ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը իր օրհ­նու­թեան խօս­քը փո­խան­ցե­լու: Սրբա­զա­նը պատ­կե­րա­ւոր ո­ճով բա­ցատ­րե­լով իր միտ­քը, ը­սաւ. «Խղճա­միտ այ­գե­պա­նին հա­մար կա­րե­ւոր չէ՛ այ­գիին տա­րա­ծու­թիւ­նը, ո՛չ ալ որ­թա­տունկ­նե­րուն քա­նա­կը: Այն խնամ­քը որ ան պի­տի տայ հա­զար որ­թա­տուն­կի, պէտք է նոյն ե­ռան­դով տայ նոյ­նիսկ տա­սը հա­տին: Ո­րով­հե­տեւ ե­թէ տաս հա­տը լաւ խնա­մուին, թե­րեւս անխ­նամ մնա­ցած հա­զար հա­տէն ա­ւե­լի՛ խա­ղող կու տան այ­գե­պա­նին: Ատր­պա­տա­կա­նը այս փոքր ա­ծուն է, քիչ որ­թա­տունկ­նե­րով, սա­կայն մեծ ար­դիւն­քով, ո­րով­հե­տեւ Ատր­պա­տա­կա­նի մէջ մէկ անձ, տաս հո­գիի դեր կը կա­տա­րէ»: Սրբա­զա­նը գնա­հա­տեց Հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու միու­թեան վար­չու­թեան կա­տա­րած աշ­խա­տան­քը, Թաւ­րի­զա­հայ նոր սե­րուն­դը իր ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը պա­հե­լու հա­մար. «Դուք լաւ գի­տէք ար­ժէ­քը կրթուած նոր սե­րուն­դին, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա չպե­ղուած հանք մըն է, ուր վստա­հա­բար ան­թե­ղուած կայ մեծ քա­նա­կու­թեամբ ոս­կի: Թան­կար­ժէք մե­տա­ղին չեմ ակ­նար­կեր, այլ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին ոս­կին կը հա­մա­րեմ», ը­սաւ Սրբա­զան Հայ­րը:

Բո­լոր ներ­կա­նե­րուն մօտ բա­ցա­յայտ կ՚ե­րե­ւէր այն աշ­խու­ժու­թիւ­նը, որ ստեղծ­ուած էր նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թե­նէն ի վեր, եւ բո­լորն ալ նոր յոյ­սե­րով կը սպա­սէին գա­լիք նոր ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016