2798-ՐԴ ՈԳԵՒՈՐ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Երեւանի հիմնադրութեան 2798-րդ տարեդարձը շաբաթավերջին նշուեցաւ բացառիկ հրճուանքով։ Հայոց քաղաքամայրին ձօնուած աւանդական տօնակատարութիւններուն այս տարի մասնակցեցաւ նաեւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ։ Ստեղծուած խանդավառութեան մասնակից դառնալու առընթեր ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան պարգեւատրեց Իտալկոն, որ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառը։ Իտալկօ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Նալպանտեան Իտալկոյին յանձնեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ոսկէ մետայլն ու համապատասխան վկայականը։