Ո՛չ պատերազմին, ո՛չ արիւնաՀեղութեան
7 Հոկտեմբեր, 2016-ին, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ վայրէջք կատարեց Fly Dubai օդային ընկերութեան օդանաւը, որ ի թիւս այլ ուղեւորներու, Երեւան կը հասցնէր երեք հալէպահայ ընտանիքներ, որոնք պատերազմի սարսափները շալկած նախ Լիբանան, ապա Հայաստան հասան… Քէհէեան, Գասպարեան եւ Ժամկոչեան ընտանիքներու յուզումը նկատելի էր ոչ միայն զանոնք դիմաւորողներու, այլեւ՝ նոյնիսկ օդակայանի սպասասրահին մէջ կանգնող բոլոր մարդոց համար: Օդակայանին մէջ զանոնք կը դիմաւորէին ծանօթներ ու ազգականներ, «Հալէպ» հայրենասիրական, բարեսիրական, հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, որոնք ալ հոգացած էին անոնց միակողմանի տոմսի նիւթական ծախսերը:
Սեպտեմբերի 30-էն ի վեր Հալէպի մէջ պատերազմական սրուած իրավիճակէն ետք այս երեք ընտանիքները Հալէպէն Հայաստան ոտք դնող առաջին անձերն են, որոնք անձամբ կրցան պատմել այն սարսափները, որոնք Հալէպի բնակչութեան հետ ապրեցաւ տեղւոյն հայութիւնը: Մէկ շաբթուան ընթացքին հալէպահայ համայնքը եօթ զոհ եւ տասնէ աւելի վիրաւորներ ունեցաւ, քանդումներ ու նիւթական զգալի կորուստներ: Եղան մարդիկ, որոնք վայրկեանի մը մէջ կորսնցուցին ընտանիքի անդամներ, նաեւ՝ տուն ու խանութ եւ իրենց զաւակներու կեանքին գնով, ցաւօք այսպէս վճարեցին Հալէպ մնալու եւ դիմանալու գինը:
2011 թուականէն ի վեր Սուրիոյ մէջ ծայր առած պատերազմն ու անոր պատճառած մարդկային ու այլ կորուստները գրաւած են ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը, մերթ ընդ մերթ նաեւ հայութեան հայեացքը ամբողջութեամբ կ՚ուղղուի դէպի Հալէպ, որ կը կրէ պատերազմի ամենէն ծանր հարուածները. աւելի քան չորս տարիէ ի վեր հայաբնակ շրջանները կը յայտնուին կրակի տակ:
Այսօր նոյնպէս հայութեան հայեացքը ուղղուած է դէպի Հալէպ: Սպասումով, յուզումով, սրտի թրթիռով, յաճախ՝ անկարողութեան անյուսալի զգացումով… Զանազան հարթակներու վրայ, մամուլի էջերուն մէջ, սրճարաններու հանդիպումներուն ընդմէջէն կամ պարզապէս իբրեւ առօրեայ մտահոգութիւն, կը քննարկուի Սուրիա մնացած հայութեան ճակատագիրը՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ Մայր Գաղութ կոչուող սուրիահայ համայնքը: Արդեօք ճի՞շդ է հայերը տեղափոխել իրենց ապրած վայրէն, թէ՞ պարզապէս հեռուէն կամ մօտէն հետապնդել զանոնք, որպէսզի դիմանան պատերազմի չարչարանքներուն, մինչեւ աւարտի աղէտը եւ սուրիահայութիւնը շարունակէ իր նախկին կեանքը: Բայց ե՞րբ կ՚աւարտի պատերազմը... Կ՚երեւի՞ արդեօք վերջ մը, յուսադրող, լոյս ցոյց տուող վերջ մը... Այս պահուն նոյնիսկ փորձառու վերլուծաբաններ շուարած են այս հարցումներուն առջեւ: Կեանքը՝ իր դաժանութեամբ, պատերազմը իր օրէնքներով վաղուց յաղթած է տեսական ու վերլուծական բոլոր միտքերն ու կանխատեսումները:
Սուրիոյ մէջ, այսօր, ոչ-պաշտօնական տուեալներով 20 հազար հայ կայ, որոնցմէ 6-7 հազարը Հալէպի մէջ են, իսկ մնացեալը կը բնակին այլ քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ՝ ինչպէս Դամասկոս, Թարթուս, Լաթաքիա, Քեսապ եւ այլուր: Ըստ Սուրիոյ Խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեանին՝ Հալէպի մէջ հայութիւնը պատրաստ չէ ամբողջովին տեղահանուիլ եւ տեղափոխուիլ Հայաստան: Այս միտքը Ժիրայր Ռէիսեան արտայայտած է օրերս մամուլին տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին, նշելով, որ հակառակ հրթիռակոծումներուն եւ զոհերուն, սուրիահայերը խուճապի մէջ չեն, եւ անոնք որոնք կ՚ուզեն Հայաստան երթալ՝ կ՚երթան, առանց ոեւէ խոչընդոտի: Զանազան առիթներով ալ սուրիական համայնքային ղեկավարներ արտայայտուած են, որ սուրիահայութեան տարհանման ծրագրեր չունին, եւ սուրիահայութիւնը պէտք է շարունակէ ապրիլ համայնքին մէջ, պահելով համայնքային կառոյցներն ու կիսելով սուրիական հայրենիքի այս օրերու ճակատագիրը, այնպէս ինչպէս կիսած է լաւ ու բարեբեր օրերուն:
Մէկ կողմէն կ՚ուրախանաս, մէկ կողմէն ալ կը զարմանաս, թէ ինչպէ՞ս այսօր աղէտահար Հալէպի մէջ կը շարունակեն գործել ազգային, համայնքային, միութենական հաստատութիւններն ու կառոյցները: Մարդիկ սուգէն ելլելով, կը տօնեն իրենց ուրախ առիթները: Նոյնիսկ օրերս Թարգմանչաց տօն նշած են փլած քաղաքին մէջ, «Գանձասար»ի յաւելուած մանկապատանեկան «ԿԿՈՒ»ն հրատարակուած է՝ Կեանքը կը շարունակուի...
Հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի մօտ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան ձեռամբ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պատուոյ գիրով պարգեւատրուեցան հալէպահայ վարժարաններու կրթական մշակներ եւ վարչական ծառայողներ։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոյնպէս, ինչպէս կը տեղեկանանք զանազան պաշտօնեաներու յայտարարութիւններէն, սուրիահայութեան զանգուածային տեղափոխման ծրագիր չունի, սակայն պատրաստ է աջակցիլ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Սուրիայէն հեռանալ եւ նոյնիսկ կը քաջալերեն հեռանալու որոշումը առնելէ ետք փոխադրուիլ Հայաստան եւ ոչ մէկ այլ երկրի գաղթականական ճամբայ բռնել:
Համայնքին կառչած մնալու եւ կեանքը ամէն գնով շարունակելու յայտարարութիւններն ու տարածուող միտքերը, կոչերը, ցանկութիւններն ու փափաքները թէ՛ հալէպահայ որոշ շրջանակներու եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ բուռն քննարկումներու տեղի կու տան՝ արդեօք ճի՞շդ է ի գին համայնքային կառոյցներու պահպանման մարդոց քաջալերել ապրիլ կրակներու տակ, թէ՞ աւելի ճիշդ կ՚ըլլար ազգային տարհանման ծրագիր մը մշակելով՝ ամբողջ հայութիւնը գաղութէն հանել եւ փոխադրել աւելի ապահով վայրեր, ուր սուրիահայութիւնը, իր ամուր ուժերուն եւ իմաստութեան ապաւինելով, կրնայ նորէն ոտքի կանգնիլ ու շէնցնել ո՛ւր որ գտնուի:
Հալէպահայութիւնը արդէն կը փոխադ-րըւի զանազան քաղաքներ՝ Դամասկոս, Լաթաքիա, Թարթուս, բայց ինչպէս պատերազմի ընթացքը ցոյց կու տայ, այսօր Սուրիոյ մէջ ապահով չէ ո՛չ մէկ քաղաք եւ ո՛չ մէկ երաշխիք կայ, որ տագնապը չի հասնիր նաեւ այլ վայրեր:
Սուրիական պատերազմը սկսելուն պէս Սուրիայէն հեռացած հայերն ալ զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն իրենց գտնուած վայրերուն մէջ՝ Հայաստան, Գանատա կամ այլ երկիրներ: Այնպէս չէ, որ պատերազմի սարսափներէն ու զոհուելու հեռանկարէն ազատիլը ամէն ինչ է: Անոնք ալ ունին աշխատանքի, օրուան հացի, կրթութեան հարցեր, եւ ամենէն կարեւորը՝ ապագայի անորոշութիւնը կը դիմագրաւեն:
Մամուլի մէջ տպագրուող յօդուածները, կարծիքները, ընկերային ցանցերու վրայ երեւցող գրառումներն ու մեկնաբանութիւնները, հեռատեսիլէն հնչող կոչերն ու վերլուծումները այսօր սուրիահայութեան ընդհանուր վիճակը ցոյց կու տան, եւ թաքցնելու ոչ մէկ բան կայ:
Գաղութին մէջ կան անապահով խաւեր, որոնք իրենց գոյութեան միջոցները արնաքամող պատերազմին հետ միասին սպառած են, կան հարուստներ, որոնք վաղուց դուրս ելած են համայնքէն, կան նաեւ հոն մնացողներ, որոնք իրենց մնալը կ՚արդարացնեն ամէն ձեւով եւ ամէն մարդէ կը խնդրեն չմիջամտել ու խելք ու ճամբայ ցոյց չտալ:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլը, հայաստանեան եւ սփիւռքեան միւս լրատուամիջոցները իրենց դռները բացած են սուրիահայութեան վերաբերող հարցազը-րոյցներու, յօդուածներու, գրառումներու համար: Կը ներկայացնենք ծաղկաքաղ մը՝ այս օրերուն ամենէն շատ քննարկուած յօդուածներէն:
Եւ աւելցնենք, որ ինչ ալ ըլլան կանխատեսումները այդ յօդուածներուն եւ ելոյթներուն, ինչպէս ալ հնչեն ոմանց մեղադրանքները, անգործութեան մասին տեսակէտները, կամ կատարուած գործերու մասին գնահատականները, բոլորին եզրայանգումը մէկ է՝ ո՛չ պատերազմին եւ ո՛չ արիւնահեղութեան:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Մինչ, պատերազմի կիզակէտին յայտ-նըւած Հալէպի մէջ, համեմատական խաղաղութեան հաստատման առընթեր կը շարունակուի կազմակերպ կեանքը հոգեւոր, միութենական, կազմակերպական մակարդակներու վրայ: Երբ ողբերու շարքին միացողներ «Հալէպ մարդ չէ մնացած» յայտարարութիւնները շրջանառութեան մէջ դնեն, պէտք է տեսնեն նաեւ այս իրականութիւնը. ամենէն ցուցիչ եւ ամենէն առարկայական թիւը միաւորուած դպրոցներու աշակերտութեան թիւն է, որ տրամաբանական թիւով բազմապատկուելու պարագային, ճիշդ է՝ կը շեշտէ նօսրացումը, բայց կը շրջէ նաեւ քաղաքին ամայացած ըլլալը:
Մնացողները ունին իրենց որոշումներուն տարբեր շարժառիթները:
Անոնք, որոնք խորապէս համոզուած են, որ իրենք պէտք է շարունակեն կառչած մնալ իրենց ծննդավայրին:
Անոնք, որոնք կալուածներու եւ ինչքերու տիրութիւն ընելու պարտաւորութեան տակ են:
Անոնք, որոնք սուրիական բանակին մէջ ծառայող զաւակ ունին:
Անոնք, որոնք տարեց եւ տեղափոխութեան ի վիճակի չեղող պարագաներ ունին:
Անոնք, որոնք որեւէ հնարաւորութիւն չունին:
Այս շարժառիթներն ալ պէտք է նկատի ունենան իբրեւ տրամաբանական իրականութիւն՝ «ինչո՞ւ տակաւին հոն կը մնաք»ի տեսակէտը քարոզողները: Իսկ «ինչո՞ւ տակաւին գաղութը կը պահէք» ըսողները եւս կրնան պատկերացնել, որ համայնքի մնացորդացը ամբողջ կարաւաններով, օդանաւերով տարհանելը նոյնիսկ եթէ որոշուի, ապա իրականացնելը իրատեսական չէ, պարզ այն պատճառով, որ մարդիկ, կամ առնուազն որոշակի հատուած մը իրենց կամքով որոշած են մնալ: Հեռու չէ համոզիչ ըլլալէն նաեւ այն տրամաբանութիւնը, որ այլ երկիր մեկնելու միջոցի կարելիութիւն չունեցողները նման ճգնաժամերուն կրնան տեղափոխուիլ սուրիական ծովեզերեայ քաղաք մը կամ Քեսապ, ուր անպայման տեղւոյն հայ համայնքի դասաւորումները անպատսպար չեն ձգեր եկողները, ինչպէս ըրին Լաթաքիոյ ազգային մարմինները քեսապահայութեան:
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի ղեկավար, Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի հարցազրոյցէն
Դժբախտաբար, ռուսական եւ ամերիկեան կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած անհամաձայնութիւնը իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ: Թէեւ չենք կրնար ըսել, թէ իրականութեան մէջ, որոնք մեզի անյայտ են, ինչ տեղի ունեցած է, բայց այդ ամենէն տուժած է Հալէպի բնակչութիւնը՝ առանց խտրականութեան: Քրիստոնեայ, մահմետական, արաբ, հայ, բոլորը ճգնաժամի մէջ են եւ ահազանգ կը հնչեցնեն արար աշխարհին, յատկապէս՝ հզօր պետութիւններուն եւ մարդասիրական, միջազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ ՄԱԿ-ի այն յանձնախումբերուն, որոնք մարդոց իրաւունքներու հարցերով կը զբաղին: Այս քանի մը ամիսներուն արիւնալի իրականութիւն կ՚ապրի Հալէպի ժողովուրդը, իսկ անոնք ոչ մէկ անդրադարձ կը կատարեն, որեւէ յայտարարութեամբ հանդէս կու գան: Ինչ կը վերաբերի հայկական համայնքին, ապա այսօր քիչ մը յուսալքուած է, որ բնական է, որովհետեւ տուինք բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ, ամբողջութեամբ փուլ եկան տուներ, շէնքեր, խանութներ ու գործատեղիներ: Այս փլուզումները նաեւ հոգեկան ազդեցութիւն ունեցան մեր ժողովուրդին վրայ: Բայց անկախ այս իրականութենէն, այսօր Հալէպի մէջ կը գտնուին քաղաքին ու համայնքին կառչած մնալու կամեցողութիւն ունեցող, կորիզային արժէք ներկայացնող երիտասարդներ, ընտանիքներ: Եւ մեր առաքելութիւնը անոնց նեցուկ կանգնելու, մեր ժողովուրդի կենցաղային կարիքները հոգալու մէջ է նաեւ:
ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Բան չմնաց գրելիք որովհետեւ այսօր-ւան զոհերուն կորուստը անցեալ շաբաթ սգացած էինք, դեռ ամիսներ առաջ, տարիներ առաջ սգացած էինք մեր նախորդ զոհերուն հետ, վաղուան եւ յաջորդելիք օրերու զոհերուն ալ մահը արդէն շատոնց սգացած ենք... առաջին զոհերուն հետ...
Բայց սուգը կարծես անվերջ է, ու օրերը առաւել գորշ գոյն կը ստանան, ինչպէս մատնանշեց այսօրուայ հրաժեշտին խօսք առնող քահանայ հայրը՝ Օրերը սեւ են, դագաղները՝ ճերմակ...
Այո՛ դագաղները ճեփճերմակ են, սպիտակ, ձիւնասպիտակ, ինչպէս որ մեր ժողովուրդի՝ հայ ազգի հաւաքական հոգիի սպիտակութիւնը կ՚արտացոլէ, որ կազմուած է մեր շուտ ոգեւորուող, շուտ հիասթափուող, վերստին հաւատացող եւ միշտ կրկին ու կրկին ապրիլ տենչացող հայ անհատներու մանկունակ հոգիներու միացումէն:
Այսօր հալէպահայութիւնը հրաժեշտ տուաւ իր զաւակներէն երեքին: Չեմ հասկնար ինչո՞ւ կ՚ըսեմ հրաժեշտ տուաւ... մենք այսօր հողին յանձնեցինք երեք հայու մարմիններ, անոնց հետ նաեւ մենք թաղուեցանք. այս է դառն իրականութիւնը, եւ որքան ալ դառն ըլլայ այս իրականութիւնը իրականութիւն ըլլալէ չի՛ դադրիր...
Եկեղեցիներու զանգակներ... լուռ արարողութիւն եւ թաղման արարողութիւնը կատարող քահանայ հայրերու սառած ձայն՝ Հայր մեր, Ի վերին Երուսաղէմ, Տէր Ողորմեա՛…
Քանի՞երորդ թաղումն է մէկ շաբթուայ մէջ, եւ քանի՞երորդ անգամ ըլլալով արարողութեան աւարտին պիտի լսենք մեզմէ երբեք չբաժնուող մօր, քրոջ, կնոջ, նշանածի, զաւկի սուր ճիչը, բառեր չպարունակող աղաղակը, որ զոհուած հարազատէն նախ կը պահանջէ չերթալ, չհեռանալ, հողին չյանձնուիլ եւ ապա կը վերածուի գոռոցի, անզուսպ բողոքի. Ինչո՞ւ.... ինչո՞ւ... ինչո՞ւ...
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Այս քանի՞երորդ անգամն է, որ ծովու մակընթացութեան նման խաղաղութեան յոյսերը ափերէն դուրս կ՚ելլեն, եւ քիչ յետոյ ետ կը քաշուին տեղատուութեան նման, ափերուն վրայ խաբկանք ու յուսախաբութիւն ձգելով: Վե՞րջը… Հինգ տարիէ ի վեր կրկնուող այս ձախող ողբերգակատակերգութեան աւարտը պիտի չտեսնե՞նք, վարագոյրը պիտի չիջնէ՞ այս համայնակործան տրամային վրայ. դեռ քանի՞ արար կայ մինչեւ աւարտ. սաթայելա-ծնունդ խոհարարներուն եփածներուն ինչ ըլլալը ե՞րբ պիտի գիտցուի. իսկ որ ամենակարեւորն է, ինչո՞ւ Հալէպի գլխուն վրայ պիտի դառնայ վերջին արարը. վերջի՞ն… նորէ՞ն անտեղի յոյս ու հաւատք:
Ու դեռ կը շարունակուին դուրսէն թափող խրատները, մեղադրանքները, ափսոսանքները…. Ձեզի չըսի՞նք ելէք, ո՞ւր են մեր ղեկավարները… համայնքապետեր, կուսակցապետեր…Ինչո՞ւ մեզի մտիկ չըրիք, մենք չըսի՞նք, որ այսպէս ու այնպէս:
Գիտէ՞ք, այս բոլոր խօսքերը սկսան դդումի համ տալ, նոյնիսկ վիրաւորել մնացողներուն ինքնասիրութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Կարծէք խելացին իրենք են, մտահոգը՝ իրենք, քաղաքական խաղերէն հասկցողները՝ իրենք, հեռուն տեսնողները՝ իրենք… իսկ դեռ Հալէպ մնացողները անխելք են, անհեռատես հաւատացեալներ, իրենց անմիտ վարքով մահուան դէմ գացողներ…:
Ալ կը բաւէ՛, ժողովո՛ւրդ, քիչ մը հասկացողութիւն ցուցաբերեցէք, յարգեցէ՛ք մնացողներուն որոշումները: Հինգ տարիները բաւական չէի՞ն մարդոց յուշելու, թէ ինչի՛ն հետ ինչպէ՛ս պիտի վարուին: Վստահ եղէք, շատ լաւ գիտեն եւ ձեր սրտցաւ խորհուրդներուն պէտք չունին. իւրաքանչիւրը իր պարագաներուն համեմատ կը շարժի, միայն երկու բան՝ կամ չեն կրնար, կամ չեն ուզեր. երրորդ տարբերակ չկայ եւ այս պարագային անտեղի կերպով յանցաւոր փնտռելու չէ:
Ղեկավարութիւնը քննադատողներ մէյ մը թող այդ ղեկավարի փշոտ աթոռին իրենք նստին ու նայիմ, թէ ի՛նչ պիտի կարենան ընել. հարիւրամեայ գաղութի մը ճակատագրին հետ խաղալ չըլլար: Կը բաւէ որքան անհամ ու անհիմն բաներ գրեցիք հոս ու հոն, քիչ մը զուսպ եւ զգօն ըլլանք ու ցաւող վէրքին վրայ աղ չցանենք: Ոչ ոք հերոսանալու մասին կը մտածէ, ոչ ոք կենդանի նահատակի լուսապսակ կ՚ակնկալէ իր գլխուն:
Մէկ բան միայն, երբ օգնութեան կանչ լսենք, խօսք չթափենք մարդոց գլխուն, պատրաստ ըլլանք կանչին արձագանգելու գործնականօրէն, անհատապէս, հաւաքական, պետական… Մնացեալը ոչ միայն անօգուտ է, այլեւ վնասակար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ