ԴԷՊԻ ՄԵԾ ՇՈՒԿԱՆԵՐ
Նիւ Եորքի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Հայաստան. ներդրումային համաժողով 2016» խորագրեալ հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին ուշադրութիւն գրաւեցին երկրի ապագային վերաբերեալ հեռանկարային որոշումները։ Գործարար աշխարհէ յառաջատարներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որու բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ «Հայաստան՝ որպէս դարպաս դէպի մեծ շուկաներ» խորագրեալ առաջին՝ լիագումար նիստին ընթացքին Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ երկրի տնտեսական եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, քսանհինգ տարուան անկախութեան Հայաստանի ձեռքբերումներուն, մրցակցային առաւելութիւններուն ու ներդրումային հնարաւորութիւններուն, լայնածաւալ բարեփոխումներուն, գործարար բարենպաստ միջավայրին, Հայաստանի միջոցաւ տարածքաշրջանային շուկաներ մուտքի դրութեան, մաքրօտնտեսական կայուն միջավայրին։ Սարգսեան միջազգային ներդրողներուն առաջարկեց Հայաստանի հնարաւորութիւնները օգտագործել որպէս դարպաս՝ դէպի տարածքաշրջանի հիմնական շուկաներ։
Նիւ Եորքի այս համաժողովը կազմակերպուած է Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամին կողմէ։ Մասնակցեցան տնտեսութեան զանազան ոլորտներու ներկայացուցիչ յառաջատար ընկերութիւններու, միջազգային ելմտական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, մասնագէտներ եւ շուրջ հարիւր միջազգային ներդրողներ։ Ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսականներէն Ֆրենք Փալոն, Եւրոասիոյ Տնտեսական միութեան խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեան, Ասիական Զարգացման դրամատան փոխ-նախագահ Վենքայ Ժանկ եւ Համաշխարհային դրամատան գործադիր տնօրէն Ֆրենք Հիմսքերք։
Այս համաժողովին առթիւ աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք մեկնած Սերժ Սարգսեան ըսաւ, որ շուտով ենթակառուցուածքային խոշոր ծրագրեր կեանքի պիտի կոչուին Հայաստանի մէջ։ Այդ շարքին թուարկելով Հիւսիս-հարաւ մայրուղին՝ Սարգսեան ընդգծեց այդ ճանապարհային միջանցքի նշանակութիւնը եւ ըսաւ. «Հայաստան պիտի դառնայ Պարսից ծոցի նաւահանգիստները եւ Սեւ ծովու նաւահանգիստները կամրջող ամենակարճ տարանցիկ երթուղին»։
Համաժողովի ընթացքին ունեցած ծաւալուն ելոյթին առընթեր Սերժ Սարգսեան երկկողմանի հանդիպումներ ալ ունեցաւ այս ներդրումային համաժողովի շարք մը մասնակիցներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Նիւ Եորքի մէջ մէկտեղուեցաւ նաեւ Ամերիկայի հայկական համագումարի տնօրէններու խորհուրդի ։
Նախագահ Սարգսեան համաժողովի ընթացքին շեշտեց, որ աշխարհի վրայ հայկական մեծադիր սփիւռքի գոյութեամբ պայմանաւորուած առաւելութիւններ ալ ունի Հայաստանի տնտեսութիւնը։