ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՊԿ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ
Երեւանի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի տանտիրութեամբ պիտի գումարուի ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։ Կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրներու նախագահները վաղը պիտի ժամանեն Երեւան, ներառեալ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Միակ բացառութիւնը պիտի ըլլայ Ղազախիստանի պարագան։ Արդարեւ, Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ պաղառութեան հետեւանքով պիտի չկարենայ մասնակցիլ վաղուան գագաթաժողովին։ Նոյն պատճառաբանութեամբ ան յետաձգած է նաեւ իր այսօրուան պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Հայաստան։ Հարկ է նշել, որ վաղուան գագաթաժողովին ընթացքին Ղազախիստանը պիտի ներկայացնէ այդ երկրին վարչապետը։
ՀԱՊԿ-ի վաղուան գագաթաժողովին ընդառաջ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժայի հետ։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանի իրադրութեան եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։ Պորտիուժա դիտել տուաւ, թէ ՀԱՊԿ-ի Երեւանի գագաթաժողովը ունի բաւական յագեցած օրակարգ մը։ Ըստ իրեն, հայկական նախագահութեան ժամանակաշրջանը եղած է բաւականաչափ արդիւնաւէտ, առնուած են յատկանշական որոշումներ, որոնք լուրջ խթան պիտի հանդիսանան ՀԱՊԿ-ի յառաջիկայ գործունէութեան տեսակէտէ։ Այդ ամբողջին մէջ Նիքոլայ Պորտիուժա առանձնացուց հաւաքական անվտանգութեան ռազմավարութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յաւելեալ միջոցներուն վերաբերեալ ծաւալուն փաստաթուղթը։