ԼՈԶԱՆԻ ՄԷՋ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ
Սուրիոյ ճգնաժամը հետզհետէ կը խորանայ եւ դժբախտաբար մարդկային ողբերգութեան զուգահեռ տակաւ իրականութիւն կը դառնան վատթարագոյն վարկածները։ Իրականութիւնը այն է, որ այս ճգնաժամը Սուրիայով եւ անոր հարեւան Իրաքով չի սահմանափակուիր եւ միջազգային հարթութեան վրայ լուրջ լարուածութեան մը պատճառ դարձած է։ Մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ Սուրիոյ ճգնաժամին հետեւանքով ստեղծուած է մտահոգիչ վիճակ մը։ Անգարա եւ Ուաշինկթըն բազմաթիւ առանցքներու շուրջ դադրեցուցած են իրենց համագործակցութիւնը ու երկար ժամանակ վերջ արդէն որոշ մեկնաբաններ սկսած են բարձրաձայնել զանազան հաւանականութիւններ, ըստ որոնց աշխարհի այդ երկու հսկաներուն միջեւ կրնան ծագիլ ուղղակի բախումներ։ Սուրիա այդ հաւանական բախումներուն համար կրնայ վերածուիլ դաշտի մը։
Այս մթնոլորտին մէջ միջազգային աղբիւրները երէկ արձագանգ հանդիսացան նոր երկխօսութեան մը վերաբերեալ լուրերու։ Արդարեւ, շաբաթավերջին Լոզանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ ճգնաժամին վերաբերեալ կարեւոր գագաթաժողով մը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի առընթեր այս գագաթաժողովին պիտի մասնակցին Սէուտական Արաբիա, Իրան, Քաթար եւ Թուրքիա։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով CNN հեռուստակայանին յայտարարեց, որ ժողովը նախատեսուած է Շաբաթ օր։ Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, թէ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի Լոզան պիտի մեկնի «կարեւոր դաշնակիցներու» հետ տեսակցելու համար։ Պետական քարտուղար Քերի Լոզանէն անմիջապէս վերջ պիտի ուղեւորուի Լոնտոն։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ բախումները կասեցնելու ուղղեալ յաջող շրջագծի մը յստակեցման նպատակը պիտի հետապնդուի Լոզանի մէջ։
Անգարայի աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Լոզանի ժողովին ընթացքին Թուրքիան պիտի ներկայացնէ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։
Սէրկէյ Լաւրով հանդիպման ընդառաջ տեղեկացուց, որ Լոզանի ժողովը պիտի գումարուի՝ հրադադարի նոր համաձայնութեան մը հասնելու նպատակով։ «Ոչ թէ ընդհանուր նիստ մը, այլ գործարար հանդիպումի մը նման նեղ շրջանակի ձեւաչափով ժողով մը իրականացնել կ՚ուզենք», ըսաւ Լաւրով եւ աւելցուց, որ դաշտի վրայ պատահածներուն զուգահեռ՝ ուղղակիօրէն ազդեցութեան տէր երկիրներու միջեւ պիտի կատարուի այդ խորհրդակցութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Սէրկէյ Լաւրով երէկ Լոզանի ժողովին վերաբերեալ տեղեկութիւններու արձագանգ գտնելէն վերջ՝ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Երկու նախարարները զրուցեցին Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման համար պայմաններու ստեղծման ուղղեալ միջազգային քայլերուն մասին։
ՄՈՒՍՈՒԼԻ ՀԱՐՑԸ
Միւս կողմէ, միջազգային օրակարգին վրայ առաջնահերթօրէն տեղ կը զբաղեցնէ նաեւ Մուսուլի ազատագրման խնդիրը։ Իրաքի նաւթի պաշարներով հարուստ այդ քաղաքը երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման բռնագրաւման տակ։ Միջազգային գետնի վրայ թէեւ համապատասխան պատրաստութիւնները հասունցած են էապէս, սակայն միեւնոյն ժամանակ տարածքաշրջանի դերակատարներուն միջեւ կը տիրեն տարաձայնութիւններ։ Մասնաւորապէս Պաղտատի իշխանութիւններուն եւ Անգարայի միջեւ ստեղծուած է լուրջ լարուածութիւն մը։ Իրաք կ՚առարկէ Պաշիքայի մէջ թուրք զինեալ ուժերու ռազմախարիսխի գոյութեան դէմ։ Պաղտատ չի թաքցներ, որ կողմնակից չէ Մուսուլի համար նախատեսուած գործողութեան Թուրքիոյ եւս մասնակցելուն։ Այս իրավիճակին մէջ երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ կ՚ապրուի լուրջ բանավէճ մը։ Անգարայի իշխանութիւնները ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հակադարձեն Պաղտատի ղեկավարութեան։ Պետական աւագանին ասպարէզ կը կարդայ Իրաքի ղեկավարութեան դէմ ու կը շեշտէ, որ Մուսուլի հարցին շուրջ Թուրքիա պիտի առաջնորդուի սեփական դատողութեամբ ու պիտի ընէ իր գիտցածը։
Այս իրավիճակին մէջ բնականաբար Ուաշինկթընի դիրքորոշումն ալ կը դառնայ առանցքային։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի իշխանութիւններուն անունով երէկ նոյն օրուան մէջ չորս յայտարարութիւն կատարուեցաւ Մուսուլի շուրջ։ Այդ յայտարարութիւններէն երեքը եղաւ բանաւոր, իսկ մին՝ գրաւոր։