ԼԻՈՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀԱՒԱՔ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) ե­րի­տա­սարդ ար­հես­տա­վարժ­նե­րը վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պե­ցին Եւ­րո­պա­յի ի­րենց ա­ռա­ջին գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ Հա­մաեւ­րո­պա­կան այս հա­մա­ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ Լիո­նի մէջ։ ՀԲԸՄ-ի Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սարդ ար­հես­տա­վարժ­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը եր­կօ­րեայ հա­ւաք մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին Լիո­նի մէջ՝ հիւ­րըն­կա­լուե­լով տեղ­ւոյն մաս­նա­ճիւ­ղին կող­մէ։ Եւ­րո­պա­կան տասն­հինգ եր­կիր­նե­րէն շուրջ յի­սուն հո­գի մաս­նակ­ցե­ցաւ այս հա­մա­ժո­ղո­վին, որ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ՝ ՀԲԸՄ-ի Լիո­նի ե­րի­տա­սարդ ար­հես­տա­վարժ­նե­րու ղե­կա­վար Վի­գէն Կո­ճա­կեա­նի, ՀԲԸՄ-ի Լիո­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ Քա­միյ Մես­րո­պեա­նի եւ ՀԲԸՄ-ի Ամս­թեր­տա­մի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չա­յին­նե­րէն Հայկ Խա­նա­մի­րեա­նի ջան­քե­րով։

Քննար­կում­ներ ծա­ւա­լուե­ցան ՀԲԸՄ-ի Եւ­րո­պա­յի ռազ­մա­վա­րու­թեան շուրջ։ Առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու լոյ­սի տակ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կանգ ա­ռին նոր գա­ղա­փար­նե­րու եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու վրայ։ Է­րիք Տա­տեան, Կո­թիէ Քա­սա­նիօ, Ար­մէն Վեր­տիեան եւ այլ ա­նուն­ներ հան­դէս ե­կան ու­շագ­րաւ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով։

ՀԲԸՄ-Եւ­րո­պա­յի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Նա­տիա Գոր­ծու­նեան, Նի­քո­լա Դա­ւի­թեան եւ Գա­րէն Փա­փա­զեան եւս Լիո­նի այս հա­ւա­քին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձան ՀԲԸՄ-ի նոր հե­ռան­կար­նե­րուն։ Ա­նոնք կանգ ա­ռին Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սարդ հա­յե­րուն մի­ջեւ ցանց մը ստեղ­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ։

Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-ի ե­րի­տա­սարդ ար­հես­տա­վարժ­նե­րու շար­ժու­մը կ՚ընդգր­կէ 20 հա­զար հայ ե­րի­տա­սարդ՝ աշ­խար­հի 28 եր­կիր­նե­րէն։ Ա­նոնք ի­րենց ընդգր­կած աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ կը հա­մա­րուին ա­պա­գա­յի ղե­կա­վար­նե­րը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016