ԳՈՅԺ

Կը թեր­թեմ հա­մա­ցան­ցը, կը հե­տե­ւիմ հե­ռա­տե­սի­լի հայ­կա­կան հա­ղոր­դում­նե­րուն, կը խօ­սիմ Հա­լէ­պի հա­րա­զատ­նե­րուս հետ, բո­լո­րը ցաւ կ՚ար­տա­յայ­տեն: Բո­լոր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ ա­սուպ մըն է որ կը պտը­տի՝ գու­ժե­լով հա­լէ­պա­հայ նո­րօ­րեայ զո­հե­րուն մա­սին: Նոյն պատ­կեր­նե­րը կը յայտ­նուին տար­բեր է­ջե­րու վրայ, յետ­մա­հու հռչակ կը վա­յե­լեն ա­նոնք:

Դե­ռա­տի մա­նուկ­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, հայ եւ ա­րաբ ան­թիւ ու ան­հա­մար ան­մեղ զո­հե­րու պատ­կեր­նե­րը դի­տե­լով կա­րե­լի չէ չընդվ­զիլ, չպոռթ­կալ. ու ա­հա պոռթ­կում­նա­լից ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ սփռուած հա­լէ­պա­հա­յու­թիւ­նը կը բա­ժ­­նեկ­ցի նոր կո­րուստ­նե­րուն կսկի­ծը:

Կար­ծես հա­մայն հա­յու­թիւ­նը միա­հունչ կը սգայ ա­նոնց կո­րուս­տը՝ հե­ռա­կայ հա­մախմ­բու­մով զո­հե­րուն հա­րա­զատ­նե­րուն եւ հա­լէ­պա­հայ հա­մայն­քին շուրջ: Իւ­րա­քան­չիւ­րը իւ­րո­վի կը պոռթ­կայ, ճիշդ այն­պէս ինչ­պէս յան­կար­ծա­կի հա­րուած ստա­ցած մէ­կը կը գո­ռայ, ու­րիշ մը կու լայ, միւ­սը կը լռէ՝ վիշ­տը հո­գիին խոր­քը թա­ղե­լով...:

Այս­պէս՝ մին դի­մա­տետ­րի պատ­կե­րը կը մթագ­նէ ու բա­րե­կամ­նե­րը կը փու­թան ցա­ւակ­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով կի­սել ա­նոր վիշ­տը: Ու­րիշ մը խե­լաց­նոր ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ կ­­՚ար­տա­բե­րէ, ո­րուն կը միա­նան եւս բա­րե­կամ­ներ թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ հնչեց­նե­լով. ու­րիշ­ներ դես ու դէն մե­ղադ­րանք­ներ կը տե­ղաց­նեն՝ «Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ձա­խո­ղել է Ի­րա­քի պա­տե­րազ­մից տու­ժած ի­րա­քա­հա­յե­րին տէր կանգ­նել, հարկ է, մտա­ծուած քայ­լեր ձեռ­նար­կի հա­լէ­պա­հայ մայր գա­ղու­թի հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւնն ա­պա­հո­վե­լու, որ ար­դէն ու­շա­ցել է», կը հնչէ հայ­կա­կան հա­ղոր­դում­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին:

Ար­ցախ­ցի ա­զա­տա­մար­տիկ՝ Սար­գիս Հաց­պա­նեան կը բարձ­րա­ձայ­նէ ինք­նա­մե­ղադ­րանք մը. «Հա­լէ­պը հայ ազ­գին կեանք տուող քա­ղաքն է եւ մենք՝ ամ­բողջ հա­յու­թեամբ ենք մե­ղա­ւոր, որ չկա­րո­ղա­ցանք այդ սքան­չե­լի հա­մայն­քին տէր կանգ­նել, նրանց կող­քին լի­նել: Ես ու­զում եմ գե­տի­նը մտնել, որ չկա­րո­ղա­ցայ ինքս իմ նե­րու­ժով սի­րիա­հայ հայ­րե­նա­կից­նե­րին ո­րե­ւէ կերպ պի­տա­նի լի­նել… ի­րենց ճա­կա­տագ­րի հա­մար մենք ա­մէնքս ենք մե­ղա­ւո­ր»:

Սփիւռ­քի փոխ-նա­խա­րար՝ Սերժ Սրա­պիո­նեան այս նիւ­թին շուրջ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին կը յայտ­նէ. «Ա­ւե­լի հեշտ կը լի­նէր ե­թէ Հա­լէ­պի ութ-տաս հա­զար հա­յե­րը միան­գա­մից ո­րո­շէին գալ Հա­յաս­տա­ն»:

Բա­րե­րար­ներ ոտ­քի կ­­՚ել­լեն ի գին հա­լէ­պա­հա­յոց փրկու­թեան, նո­րա­նոր ծրա­գիր­ներ կը կազ­մուին փա­փա­քող­նե­րուն պա­տե­րազ­մի գօ­տիէն դուրս բե­րե­լու հա­մար. «Ե­ղեռ­նին յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րին հա­լէ­պա­հա­յերն էին հա­յու­թեանն ա­ռա­ջի­նը փրկու­թեան ձեռք մեկ­նող­նե­րը: Այ­սօր նրանք ու­նեն այդ փրկու­թեան կա­րի­քը», կ­­՚ար­տա­յայ­տուի բա­րե­րար՝ Ռու­բէն Վար­դա­նեան:

Սգոյ սրա­հի մը մէջ կը զգամ ինք­զինքս, ուր երբ նոր կը տե­ղա­ւո­րուին սգա­կիր հա­րա­զատ­ներ ու բա­րե­կամ­ներ պատ­ճառ­ներ կ՚ո­րո­նեն՝ պա­տա­հա­ծին յան­ցա­գործ­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու, «ե­թէ»նե­րու շարք մըն ալ կը հնչէ, որ­մէ ետք «ա­ւա­ղ»­նե­րը կը կրկնա­պատ­կեն ող­բեր­գու­թիւ­նը:

Բայց մի­թէ կա՞ն բա­ռեր, ո­րոնք կրնան ա­մո­քել կո­րու­սեալ­նե­րուն ան­մի­ջա­կան պա­րա­գա­նե­րը: Ի՞նչ ը­սել նո­րա­հար­սի մը, որ չորս ամ­սուան նո­րա­ծի­նը գրկած այ­րիա­ցաւ ա­հա: Ինչ­պէ՞ս մեղ­մել մօր ու հօր վիշ­տը, երբ տա­կա­ւին ե­րէկ զա­ւակ­նե­րը կը թռչկո­տէին շուր­ջը ա­նոնց՝ աշ­խոյժ ու ե­ռան­դուն: Հա­պա հար­սա­նե­կան տա­րա­զը չհա­գած սու­գը մտած ե­րի­տա­սար­դու­հիին ցա­ւը ո՞ր ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կրնայ մեղ­մել: Բա­ռեր չկան: Իսկ զո­հուած­նե­րը դեռ ի՞նչ նուա­ճում­ներ ու յա­ջո­ղու­թիւն­ներ պի­տի վա­յե­լէին կեան­քի ըն­թաց­քին:

Մի­թէ մե­ղադ­րան­քը կը մեղ­մէ՞, ոչ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, կ՚ե­ռա­պատ­կէ պոռթ­կումն ու վիշ­տը. բայց զո՞վ մե­ղադ­րել, զո՞վ յան­ցա­գործ հա­մա­րել. գի­տէ՞ք, այս օ­րե­րուն Հա­լէպ վե­րա­դար­ձող­ներ ալ կան, պէտք է մե­ղադ­րե՞լ զա­նոնք: Ա­նոնք ե­կան, տե­սան դրախ­տա­վայր հայ­րե­նի­քը, վա­յե­լե­ցին ա­նոր ան­զու­գա­կան կլի­ման ու մաք­րա­մա­քուր ջու­րը, հա­մո­զուե­ցան որ կա­րե­լի է այս­տեղ ալ շա­րու­նա­կել ի­րենց կեան­քը, ինչ­պէս ըլ­լայ կա­րե­լի է պա­տառ մը հաց ճա­րել, բայց ի­րենց ար­մատ­նե­րը չգտան հոս, ի­րենց տան ան­կիւ­նը չգտան հոս, ու թէ­կուզ պա­տե­րազ­մի մէջ, բայց ի­րենց տան կան­չին ան­սա­լով վե­րա­դար­ձան:

Իւ­րա­քան­չիւր հայ զո­հի գոյժ կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ մտքիս մէջ ա­ռա­ջին հա­լէ­պա­հայ զո­հը՝ Վի­գէն Հայ­րա­պե­տեա­նը, հայ ե­րի­տա­սարդ զի­նուո­րը, որ զո­հուե­ցաւ 12 Փետ­րուար, 2012-ին, երբ ա­ռա­ջին հզօր պայ­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­լէ­պի մէջ, երբ ցնցուե­ցաւ ամ­բողջ Հա­լէ­պը, երբ տա­կա­ւին բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րը կը գոր­ծէին, դեռ Հա­լէ­պի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն կը տի­րէր, միայն եր­բեմն հե­ռու­նե­րէն կը լսուէին կրա­կոց­նե­րու ձայ­ներ ու ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կի դար­ձած էր ջու­րի ու հո­սան­քի ան­ջա­տու­մը, երբ ոչ մէ­կը կը հա­ւա­տար Հա­լէ­պի հի­մա­կուան վի­ճա­կին հաս­նե­լուն. սա­կայն տա­րի­նե­րը գլո­րե­ցան ու սաստ­կա­ցաւ պա­տե­րազ­մը, ո­րուն վեր­ջը...: Վի­գէ­նին յա­ջոր­դե­ցին շա­տեր, հա­րիւ­րա­ւոր հայ ան­մեղ զո­հեր, հա­զա­րա­ւոր ա­րաբ ան­մեղ զո­հեր...:

Պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նա­կուի տա­կա­ւին. դի­ւա­յին, ան­մարդ­կա­յին հա­րուած­նե­րով ե­ռա­ժա­նի­քը պար­զած կը շա­րու­նա­կէ հնձել մա­նուկ­ներ ու ե­րի­տա­սարդ­ներ, փուլ տալ շէն­քեր ու գոր­ծա­րան­ներ, տա­րա­ծել ա­ւեր ու ա­ւար: Սա­կայն այս պա­տե­րազ­մը հնձող զօ­րու­թիւն մը չկա՞յ ար­դեօք:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2016