ՈՒԺԸ ՄԵ՛Ծ Է ԵՐԲ ԶՍՊՈՒԱԾ Է
Ուժը կարեւոր ազդակ մըն է կեանքին համար։ Արդարեւ ո՛ւժն է որ ընթացք կու տայ կեանքին, ո՛ւժն է որ կ՚երաշխաւորէ կեանք, եւ ո՛ւժն է որ ապահով ընթացք մը կը պատրաստէ կեանքին։ Անտարակոյս բոլորս ալ գիտենք, թէ՝ ինչպէս նիւթական-ֆիզիքական՝ նոյնպէս եւ հոգեւոր աշխարհին մէջ ուժերը ընդհանրապէս լուռ են։ Եւ հազուադէպ է, որ ուժը աղմուկով, մեծ ձայնով յայտնուի եւ արտայայտուի բնութեան մէջ։ Պատահաբար, սեւցած երկինքի մը խորէն կ՚իմանան մարդիկ որոտումի ձայնը, կամ հիւսիսէն փչող հովին սուր սոյլը, եւ կամ շառաչիւնը կատղած ծովու մը ալիքներուն որոնք ծովափին ծայռերուն վրայ կը փշրուին, կը տարածուին։
Բայց պահ մը երբ անդրադառնայ եւ նկատէ ուժին եւ զօրութեան աննկարագրելի, անհաշուելի, անչափելի աղբիւրը՝ արե՛ւը, որ իր գտնուած մոլորակին վրայ կեանքը կարելի եւ տանելի կ՚ընէ, մարդ պատահաբար կը զգայ ուժին եւ զօրութեան մեծութիւնը։ Եւ ո՜րքան հրաշալի իրողութիւն մըն է՝ որ մարդ իր ապրած մոլորակին հետ՝ արեգակնային դրութեան միւս բոլոր մոլորակները դիտելով, կը տեսնէ որ այդ ո՛ւժն է որ բոլոր մոլորակները իրենց ծիրին մէջ կը պահէ։
Եւ ո՜րքան հետաքրքրական է եւ զարմանալի, որ ուժը, երբեք ձայն, աղմուկ չի հաներ երբ ամէն օր մարդուս գլխուն վրայ կը ծագի եւ կը փայլի արեգակը եւ այս ընթացքը կը շարունակէ անվախճան՝ օրերով, անվերջ ժամանակներով։ Մարդ երբեք լսա՞ծ է արեւածագին ձայնը, երբ հետզհետէ կը բարձրանայ եւ կը փայլի, կը լուսաւորէ աշխարհը ամբողջ։
Ուժը՝ արեւը իր ճառագայթներով կեա՛նք կը բաշխէ ամէն օր՝ ամէն շնչաւոր արարածի եւ բուսականութեան, առանց ոտնաձայնի, առանց աղմուկի. բացարձակ լռութեամբ։
Դիտեցէ՛ք անտառներուն ծառերը, որոնք բարձրացեր, հասակ նետեր են եւ իրենց ճիւղերը իբրեւ հովանի տարածեր են իրենց շուրջը։ Ծառերը միթէ թմբուկ կամ փող կը հնչեցնե՞ն իրենց այս աճումի հրաշքին ուշադրութիւն հրաւիրելու համար կամ աշխարհի յայտնելու համար։ Ո՛չ։ Անձայն կերպով, առանց աղմուկի կը կատարեն իրենց բնական ընթացքը։ Մինչդեռ ան մեծ ուժի մը արդիւնքն է։
Հապա ի՞նչ կարելի է խորհիլ եւ ըսել այն պտղաստանի ծառերուն։ Լսուա՞ծ է երբեք որ անոնք պոռան, կանչեն, աղմուկ բարձրացնեն երբ կու տան քաղցրահամ պտուղներ։ Լսուա՞ծ է որ պտղաբեր ծառեր բարձրաձայն յայտարարեն իրեն արտադրութիւնը՝ պտղաբերութիւնը։ Անոնք ալ կը մնան միշտ անձայն, անաղմուկ, մինչդեռ մեծ ուժ մըն է որ կը կատարէ այդ պտղաբերութիւնը։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, իսկական ուժը ծածուկ ուժն է, այն որ անձայն, միայն կը գործէ, իր պարտականութիւնը կը կատարէ եւ բարձրաձայն չի յայտարարեր իր գործին արդիւնքը։
Մարդիկ ալ նոյնն են՝ կան մարդիկ որոնք քիչ գործ կը կատարեն բայց շատ ձայն, շատ աղմուկ կը հանեն եւ իրենց աննշան գործը՝ մեծ եւ կարեւոր գործ ցոյց տալ կ՚ուզեն։ Կան նաեւ մարդիկ, որոնք մեծ գործեր կ՚ընեն, մեծ օգտակարութիւններ եւ բարեգործութիւններ կը կատարեն բայց որեւէ ձայն, որեւէ աղմուկ չեն հաներ։
Արդարեւ գործին մեծութիւնը, կարեւորութիւնը եւ օգտակարութիւնը ո՛չ թէ ձայնով եւ աղմուկով, այլ՝ կատարած բարիքով կը չափուի։
Մեծ ձայն հանողը «մեծ գործ» ըրած չ՚ըլլար, փոխադարձաբար՝ անձայն գործողը, ծառայութիւն մատուցանողն ալ աննշան, անօգուտ գործ մը կատարած չ՚ըլլար։ Հոգեւոր կեանքի մէջ ուժը, ձայնով, աղմուկով չի չափուիր, այլ՝ իր տեսած գործով, օգտակարութեամբ եւ բարիքո՛վ։
Բնութիւնը լեցուն է գեղեկութիւններով, բարիքներով, անոնցմէ ո՞ր մէկը բարձրաձայն կը յայտարարեն իրենց գեղեցկութիւնը կամ բարիքը։
Եւ երբ մարդ անդրադառնայ բնութեան մեծ բարիքներուն՝ ո՛ւժին, զմայլումը, հիացումը կ՚աւելնայ ուժի այդ խորհրդաւոր լռութեան նկատմամբ։
Արդարեւ, մարդկային հոգեւոր կեանքի մէջ ալ լռութիւնը վեհութիւն է, ազնուութիւն եւ իսկական զօրութեան, իրական ուժի նշա՛ն։ Ուստի, ինչպէս որ վերէն նայելով մարդ բարձր չ՚ըլլար, նոյնպէս ալ բարձրաձայն պոռալով կանչելով, աղմուկ հանելով զօրաւոր չ՚ըլլար։ Արդէն ուժը ձայնի պէտք չունի, քանի որ ուժը ինքնաբաւ է, եւ ամէն զօրութիւն, կարողութիւն իրմէ յառաջ կու գայ, իսկութեան մէջ ձայնին աղբիւրն ալ ո՛ւժն է եւ այս իսկ պատճառով՝ ուժը ձայնի պէտք չունի, այլ՝ ձայնը ուժի միջոցով է որ ինքզինք կը յայտնէ։
Հոգեկան եւ մտաւոր աշխարհի մէջ որեւէ ուժ աւելի՛ մեծ է, երբ զսպուած է։ Այն ուժը որ սանձարկուած է, իբր թէ ձայնով եւ աղմուկով զօրացած՝ այլեւս ուժ չէ, այլ պարզապէս շարժառի՛թ։ Զոր օրինակ, լեզուն՝ մարդ կրնայ պատասխանել չարախօս լեզուին, բայց լուռ կը մնայ եւ լռութեամբ կ՚ապացուցանէ ուժին անհամեմատ գերազանցութիւնը։
Հանրային կեանքի մէջ ալ, մարդ երբ կը հանդիպի մէկու մը՝ որ իր շուրջը աղմուկ կը բարձրացնէ՝ որ հանրային ուշադրութիւնը իր վրայ դարձնէ, վստա՛հ պէտք է ըլլալ թէ զո՛ւրկ է «ներքին ուժ»է, որ է միակ ապացոյցը եւ հիմը անձնական արժանիքներու։ Եւ ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ.
«Պարապ սափորը ձայն կը հանէ, աղմուկ կը հանէ, իսկ լեցուն սափորը համր եւ լուռ կը մնայ»։
Օրինակ մըն ալ բնութենէն՝ ելեկտրականութիւնը, որով մարդիկ իրենց տուները, բնակարանները կը լուսաւորեն, կամ մեքենաները կը շարժեն՝ բացարձակապէս լուռ կը գործեն, բայց երբ մտածէ մարդ, ի՜նչ մեծ ուժ է սա ելեկտրականութիւնը։
Հոգեւոր կեանքի մէջ ալ, կան մարդիկ որոնց հաւատքը միա՛յն «աղմուկ» է՝ բարձրաձայն արտայայտութիւններ՝ երբեմն վէճ, փաստարկութիւն, երբեմն երկա՜ր աղօթքներ, երբեմն հառաչ, շեշտ, եւ յաճախ ցուցամոլութիւն, բայց ո՛չ հոգեւոր պտուղներ որոնք միայն կը տեսնուին հետզհետէ՝ օրէ օր, ապրուած կեանքի մը մէջ։
Այս իմաստով Սուրբ Հոգին անձայն ուժի մը ներկայութիւնն է մարդուս երկրաւոր կեանքին մէջ։
Եւ Աստուած մարդուս կը յայտնուի միշտ լռութեան մէջ։ Արեւուն նման «լուռ ուժ» մըն ալ Աստուա՛ծ է՝ հոգեւոր աշխարհին Արեւը, Լոյսը, որ մարդուս հոգիին մէջ կը ծագի, կը փայլի անձայն, անաղմուկ եւ կը լուսաւորէ, կ՚ազնուացնէ եւ Իրեն կը նմանցնէ զայն՝ ամէն ինչով ե՛ւ ուժով…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 8, 2016, Իսթանպուլ