Հայաստանի մէջ եռօրեայ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ գիտաժողով
Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ արտադրութեան, գիտահետազօտական եւ կրթութեան ոլորտի 175 բարձր որակաւորում ունեցող արուեստագէտ աշխարհի 31 երկրէ:
Քսանհինգ հանգուցային ելոյթ եւ հրաւիրուած զեկոյց պիտի ներկայացուի համաժողովի լիագումար նիստերուն ընթացքին:
14-րդ «IEEE EWDTS 2016՝ Արեւելք-Արեւմուտք նախագծում եւ թեստ» միջազգային գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերի 14-17 թուականներուն, Երեւանի մէջ:
Բանախօսներն են արդիւնաբերութեան եւ գիտահետազօտական մտքի յառաջատար դէմքեր. ինչպէս՝ Intel ընկերութեան IoT (իրերու ինթերնէթ) խումբի առաջնակարգ մասնագէտը, Qualcomm ընկերութեան առաջին փոխ-նախագահը, Synopsys ընկերութեան առաջնակարգ մասնագէտն ու գիտնականը, IBM Research-ի տնօրէնը, հռչակաւոր համալսարանները ներկայացնող ականաւոր փրոֆեսէօրներն ու հետազօտութեան առաջնորդները:
Այս հանգուցային զեկոյցները կը ներկայացուին համակարգերու նախագծման ինքնաշխատացման, ամբողջական քարտէսներու փորձարկման, ախտորոշման եւ վերանորոգման ոլորտի արդիւնաբերութեան ապագայի վրայ ազդեցութիւն ունեցող յառաջատարներու կողմէ: Այս գիտաժողովը բացառիկ հնարաւորութիւն է լսելու անոնց զեկոյցները:
East West Design & Test համաժողովը Հայաստանի մէջ առաջին անգամ իրականացած է 2007 թուականին: Գիտաժողովին հիմնական նպատակն է ելեկտրոնային ծրագիրներու եւ համակարգերու նախագծման, անոնց ինքնաշխատացման եւ փորձարկման ոլորտին մէջ Արեւելքի (յատկապէս Սեւ ծովու աւազանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու) եւ Արեւմուտքի մասնագէտներու եւ հետազօտողներու միջեւ փորձի փոխանակումը, նոր նախագիծերու եւ գաղափարներու քննարկումը:
Այս տարի գիտաժողովի աշխատանքներուն պիտի մասնակցին նաեւ՝ առաջնակարգ ընկերութիւններէ եւ համալսարաններէ հրաւիրուած 25 բանախօս. ԱՄՆ-էն, Մեքսիկայէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Գանատայէն, Ռուսաստանէն, Հայաստանէն, Ուքրայնայէն, Ռումանիայէն, Իտալիայէն, Հնդկաստանէն, Չինաստանէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն եւ Լեհաստանէն, որոնք պիտի ներկայացնեն իրենց նորագոյն նուաճումներն ու ձեռքբերումները եւ պիտի քննարկեն հետագայ զարգացման ուղղութիւնները: Երեւանի մէջ նման կարեւորութեամբ գիտաժողովի իրականացումը հետեւանք է ելեկտրոնային նախագծման եւ փորձարկման ոլորտին մէջ հայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու նուաճումներուն, որուն իբրեւ արդիւնք՝ տարուէ տարի՝ կ՚աւելնան արտասահմանեան ներդրումները Հայաստանի մէջ: